«Իրան Դիմադրութեան Նկատմամբ Իր Զօրակցութիւնը Սակարկութեան Չ՛ենթարկեր Թէ՛ Լիբանանի Եւ Թէ՛ Սուրիոյ Պարագային» Շեշտեց Պորուժերտի

Յուշանկարի փոխանակում` Պըրրիի եւ Պորուժերտիի միջեւ

Յուշանկարի փոխանակում` Պըրրիի եւ Պորուժերտիի միջեւ

Իրանի խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լիբանան, նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Պորուժերտի երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը` ընկերակից ունենալով Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:

Իրանցի պաշտօնատարը այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պորուժերտի շեշտեց, որ Իրան որեւէ պարագայի պիտի չզլանայ Լիբանանի նեցուկ կանգնելէ, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:

Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ թշնամի Իսրայէլի միջեւ դաշինք մը գոյութիւն ունի, «եւ այդ իրականութիւնը փաստուեցաւ, երբ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այցելեց իսրայէլեան հիւանդանոցներ փոխադրուած սուրիական ընդդիմութեան վիրաւոր անդամները, ինչպէս նաեւ անոր փաստերէն մէկն է Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան վերջին ռմբակոծումը: Այս բոլորը կ՛ապացուցեն, թէ սիոնական գոյացութիւնն ու ահաբեկիչները միացեալ նպատակներ կը հետապնդեն», ըսաւ ան:

Պորուժերտի բարձր գնահատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարը:

Ան նշեց, որ Պըրրիի ներկայացուցած է Սուրիա կատարած իր այցելութեան եւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները` յայտնելով իր ուրախութիւնը սուրիական պետութեան իրականացուցած ապահովական նուաճումներուն առումով:

Պորուժերտի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շօշափած է, թէ լիբանանցիները կը հաւատան, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միակ միջոցը քաղաքական լուծումն է:

Վարչապետարանին մէջ Պորուժերտի վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք ան շեշտեց, որ Իրան անշեղ կը մնայ իր այն կեցուածքէն, թէ ինք կը զօրակցի Լիբանանի միասնականութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան:

Ան հաստատեց, որ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ Թեհրան Դիմադրութեան նկատմամբ իր զօրակցութիւնը սակարկութեան չ՛ենթարկեր:

Պորուժերտի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պորուժերտի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ռմբակոծումը` մաղթելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կարենայ յառաջիկայ սահմանադրական ժամկէտները յարգել եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:

Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը զինուորապէս կարելի չէ լուծել` աւելցնելով, որ Սուրիայէն Իրաք եւ Լիբանան տարածուող շրջուն ահաբեկչութեան ետին կը կանգնին սիոնական գոյացութիւնն ու Միացեալ Նահանգները:

Նշենք, որ Պորուժերտի եւ Ապատի այցելեցին Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին ղեկավար, նահատակ Իմատ Մուղնիէի շիրիմը:

Share this Article
CATEGORIES