ՃԱՏՐԱԿ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախանցեալ օր աւարտեցաւ Լաս Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 86 ճատրակ խաղացողներ:
Տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան, որ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովեց 5 կէտ: Թէեւ Լոյեք Վան Վելի (Հոլանտա) ապահովեց նոյնքան կէտ, սակայն թայ-պրէյքով պարտուեցաւ Յակոբեանէն:
Հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Մելիքսեթ Խաչիեան լաւ արդիւնք արձանագրելով ապահովեց 4,5 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

