ԵՒՐՈՊԱՅԻ 21 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍՊԱՆԻԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` Սպանիոյ եւ Զուիցերիոյ միջեւ:
Անտեր Հերերայի եւ Թիակօ Ալքանթարայի նշանակած կոլերուն շնորհիւ, Սպանիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին եւ տիրացաւ տիտղոսին: Առաջին կոլը նշանակուեցաւ Ա. կիսախաղին (գլխու հարուածով), իսկ երկրորդը Բ. կիսախաղին` ազատ հարուածով մը (81-րդ):
Նշենք, որ 3-րդ դիրքի մրցումին, Պիելոռուսիա 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չեխիոյ, Սպանիոյ եւ Զուիցերիոյ նման ապահովեց յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական


