Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Համահայկական Խաղերուն Մասնակցողները

gatoghigos2802Երէկ` ուրբաթ, 28 փետրուարին, Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերուն մասնակցողները, ընկերակցութեամբ` Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի:

Հանդիպումին սկիզբը Զաքարեան Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ներկայացուց համահայկական խաղերուն անցած ճամբան եւ ձմեռնային խաղերուն պատմականը` ընդգծելով, որ տարուէ-տարի մարզիկներուն քանակը կը բազմանայ:

Ապա, ներկաներուն իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` շեշտելով այս խաղերուն կարեւորութիւնը, նախ եւ առաջ մայր հայրենիքին մէջ հայութեան համախմբման տեսանկիւնէն: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց այն կարեւոր կէտը, թէ այս խաղերը որքա՛ն կը նպաստեն մարմինի զօրացման, նոյնքան ալ հայրենիք այցելութեամբ կը խթանեն մարզիկներուն հոգեւոր զօրացումը:

Աւարտին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր գնահատականը յայտնեց խաղերուն կազմակերպիչներուն, իսկ երիտասարդներուն մաղթեց յաջողութիւն, որպէսզի բոլորը միշտ ճաշակեն յաղթանակին քաղցրութիւնը, ապրին սիրով եւ միշտ շաղկապուած մնան Հայաստանի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES