Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շեքքա. Վաղը` Անսար – ՀՄԸՄ Պէյրութ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, այսօր` շաբաթ, 1 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շեքքան: Մրցումը կը սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանոթեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վաղը` կիրակի, 2 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Անսարի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 11:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
CATEGORIES Մարզական

