50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1964)

Ընտրական Քրոնիկ

ՀՅԴաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչները երկրորդ հանդիպում մը ունեցան շաբաթ, 26 փետրուար, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան տան մէջ: Այս հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ նախկին նախարար եւ երեսփոխան Ֆուատ Պութրոս, որ այնքան արժանաւորապէս ներկայացուց յոյն-համայնքը լիբանանեան խորհրդարանին մէջ, վերջին 4 տարիներու ընթացքին:

Երկու կուսակցութեանց եւ Ֆուատ Պութրոսի միջեւ գոյացաւ վերջնական համաձայնութիւն մը, թէ միասին պիտի մասնակցին ընտրութեան, մէկ  ցանկի մէջ: Գալով ցանկի միւս անդամներուն, յոյն-կաթոլիկ եւ բողոքական թեկնածուներուն, պիտի նշանակուին հետագայ հանդիպումներու ընթացքին:

Նոյն հանդիպման աչքէ անցուեցաւ նաեւ հիւսիսային Մեթնի կացութիւնը, ուր եւս Դաշնակցութիւնն ու Փաղանգաւորները որոշած են մէկ ցանկով ներկայանալ: Այս անգամ, սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացաւ, թէ բացի Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան  թեկնածուներէն, ցանկին մէջ պիտի առնուին նաեւ զօրավար Ժեմիլ Լահուտը (մարոնի) եւ Միշէլ Մըրը (յոյն-օրթոտոքս): Որոշուեցաւ այլ ժողով մը գումարել Ժեմիլ Լահուտի եւ Միշէլ Մըրի հետ` ցանկին կազմութեան եւ ընտրապայքարի վերաբերեալ  այլ հարցերու քննութեան համար:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ իրենց ընտրապայքարին գործնապէս սկսան Պէյրութի մէջ: Երկու հարիւրի մօտ ինքնաշարժներով անոնք անցան մայրաքաղաքին գլխաւոր փողոցներէն լիբանանեան դրօշակներ պարզած եւ ինքնաշարժերու վրայ փակցուցած Փաղանգաւոր կուսակցութեան թեկնածուներու նկարները:

1.200.000 Քուէարկողներ Լիբանանի Մէջ

1.200.000 լիբանանցիներ քուէարկութեան իրաւունք պիտի ունենան յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Քուէարկողները հետեւեալ ձեւով կը բաժնուին զանազան նահանգներու մէջ, Լեռնալիբանան (30 երեսփոխան)` 350 հազար քուէարկող, հիւսիսային Լիբանան (20 երեսփոխան)` 270 հազար քուէարկող, հարաւային  Լիբանան (18 երեսփոխան)` 200 հազար քուէարկող, Պեքաա (15 երեսփոխան)` 180 հազար քուէարկող, Պէյրութ (16 երեսփոխան)` 200 հազար քուէարկող:

 

Այնճարի Բեմէն

Կեանքը Այնճարի Մէջ

Երեքշաբթի, փետրուար 18 կէսօրէ ետք ժամ 2:00-ին, արժանավայել հանդիսութեամբ տօնուեցաւ փետրուարեան ապստամբութեան տարեդարձը Այնճարի մէջ:

Աշխատանքը դադրած էր գիւղին մէջ եւ դպրոցները կը մնային փակ:

Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ Յովհաննէս Գարագաշեան հանդէսին նախագահելու հրաւիրեց Ն. Պիտանեանը: Լիբանանեան քայլերգէն եւ «Մշակ բանուոր»-էն ետք, որոնք երգուեցան երգչախումբին կողմէ, նախագահը իր բացման խօսքին մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ օրուան նշանակութեան` յատկապէս ծանրանալով այն իրողութեան վրայ, որ հայը, պատմութեան ամբողջ ընթացքին, միշտ գտնուած է առանձինն իր թշնամիներուն դէմ, հակառակ իր բերած մասնակցութեան` բարեկամ բանակներու յաջողութիւններուն:

Փետրուար 18-ի ապստամբութեան եւ անոր պատճառ հանդիսացող անցքերուն շուրջ պատմական ծանօթութիւններ տուաւ Յովհաննէս Գարագաշեան:

Խանդավառ ծափահարութիւններու մէջ բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս Սարգիս Թ. Զէյթլեան:

Գեղեցիկ բանախօսութեամբ մը, որ բազմիցս ընդմիջուեցաւ ծափահարութիւններով, բանախօսը ծանրացաւ հայուն հաւատքին, հայուն իտէալին, հայուն տեւելու կամքին վրայ, պատմութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր: Բոլոր ազգերուն մէջ, երբ ուրիշներ ի քուն էին հայը եղած է առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը: Եղած է առաջինը, որ պայքարած է թուրանականութեան դէմ, 1918-ին, ու նաեւ առաջինը, որ պայքարած է թուրանականութեան հոգեղբայր համայնավարութեան դէմ, 1921 փետրուարին:

Հպարտ կը զգանք մեր անցեալով, եզրակացուց բանախօսը, եւ մեր մէջ պիտի շարունակենք կրել մեր նախանիներուն իտէալը, պիտի շարունակենք անոնց պէս ըլլալ լոյս:

Արտասանեցին` Պ. Փալթաճեան (Վ. Տէրեանէն), Գ. Մանճեան (Յ. Շիրազէն) եւ Զ. Թաշճեան (Սիամանթոյէն):

Մեներգեցին` Պ. Շանագեան («Իմ հեռաւոր հայրենիք») եւ Ս. Թասլագեան («Սիւնեաց սարեր»):

Երգչախումբին կողմէ եղան երկու խմբերգներ` ղեկավարութեամբ Ս. Փանոսեանի:

Հանդէսը փակուեցաւ «Յառաջ, նահատակ»-ով:

Յայտագրին գրեթէ ամբողջութեանը մասին գնահատական արտայայտութիւններով ժողովուրդը կը մեկնէր սրահէն:

Նկարներու ցուցադրութիւն.- Գիւղիս հայ կաթողիկէներու նախկին հոգեւոր հովիւ Հ. Պետրոս վրդ. Ադամեան, որ երկու տարիէ ի վեր կը մնար Իրան, վերադարձին այցելեց Այնճար եւ 23 փետրուարին սահիկներով ցուցադրեց Իրանի պատմական եւ տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ` հայկական հաստատութիւններն ու հնութիւնները: Նկարներու ցուցադրութեան հետ տուաւ նաեւ լայն բացատրութիւններ իրանահայ գաղութին մասին:

Կոկիկ բազմութիւն մը հաւաքուած էր կաթողիկէ վարժարանին մէջ: Լարուած հետաքրքրութեամբ ներկաները հետեւեցան աւելի քան երկու ժամ տեւած այս ցուցադրութեան եւ մեկնեցան շնորհակալութիւն յայտնելով հայր սուրբին:

Շահեկան ձեռնարկ մը` արդարեւ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Հայաստան

Ամերիկեան Ցուցահանդէս

Առաջին անգամ ըլլալով, մէկ ամսուան համար, ամերիկեան գծագրութեան ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ: Արդարեւ, փետրուար 13-էն մինչեւ 14 Հայաստանի նկարիչներու տան մէջ ցուցադրութեան կը հանուին ամերիկեան փորագրութիւններ, գեղարուեստական թռուցիկներ, գիրքերու նկարազարդուած կողքեր, սալերու պատեաններ եւ այլն:

Մէկ Մեթր Թանձր Ձիւն

Փետրուար 8-ին եւ 9-ին առատ ձիւն տեղաց Հայաստանի մէջ: Տեղ-տեղ 15-էն մինչեւ 25 սանթիմեթր թանձրութեամբ ձիւն կազուած է: Ներկայիս Արագածի վրայ ձիւնին շերտը մէկ  մեթրի հասած է, կարգ մը տեղերու մէջ` 90, 80, իսկ Երեւանի մէջ` 25-49 սանթիմեթրի:

Աղուտները Մշակութեան Հող

Երեսուն հեկտար տարածութեամբ աղի հողեր (աղուտներ) կան Հայաստանի մէջ, որոնք, դժբախտաբար, ոռոգելի եւ մշակելի չեն: Գիտնականները տարիներու հետազօտութիւններէ եւ զանազան փորձերէ ետք գտած են, որ ծծմբային թթուին օգտագործումով կարելի է մշակելի դարձնել անմշակ նկատուող այս աղի տարածութիւնները:

Հետաքրքրական Աշխատանք

Հայ գիտնականները տարօրինակ, բայց շատ կարեւոր աշխատանքի մը լծուած են: Կ՛աշխատին պայքարիլ ջուրի շոգիացումին դէմ: «Սեւանայ լիճը ունի մեծ մակերես,- կը գրէ Գ. Սալոյեան,- եւ այնտեղ ամէն տարի կը գոլորշիանայ մեծ քանակութեամբ ջուր: Փորձեր կը կատարենք զանազան քիմիական թաղանթներուն օգնութեամբ պայքարելու շոգիացման դէմ»: Որոշ յաջողութիւններ արձանագրուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES