Գիտութիւն Եւ Մարդ. Ընտանեկան Պատմութիւն Մը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄՈՆԿՈԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻԿՆԵՐԷ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՄԲԷՆ ԱՆՑՆՈՂ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԾԻՆԱԿԱՆ ԿՆԻՔԸ ԴՐԱԾ ԵՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: ԾԻՆԱԿԱՆ-ՄԱՐԴԱԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ԳԱՂԹԵՐՈՎ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԾԻՆԱԿԱՆ ԽԱՌՆՈՒՐԴԻ ՄԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ, ՆՈՅՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ԱՆՁԵՐ ԿՐՆԱՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ԻՐԱՐՄԷ ՇԱՏ ՏԱՐԲԵՐ ԾԻՆԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՆՈՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՄԱՍՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:

985GENEՃենկիզ խան աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր իշխանաւորն էր, որ ստեղծած էր աշխարհի մէջ երբեւիցէ յայտնուած ամէնէն ընդարձակ կայսրութիւնը: Իսկ այժմ գիտնականններ ի յայտ կը բերեն, թէ հակառակ Ճենկիզ խանի մահէն ետք Մոնկոլական կայսրութեան քայքայումին` 13-րդ դարու պատերազմիկին արշաւանքներով սփռուած ծինական ժառանգութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Աշխարհի տարածքին 95 տարբեր հաւաքականութիւններու ծինական պատմութիւնը բացայայտուած է առաջին անգամ ըլլալով: Անիկա ցոյց կու տայ Ճենկիզ խանի անդրցամաքամասային կայսրութեան, ինչպէս նաեւ` եւրոպական գաղութատիրութիւններուն, արաբական գերեվաճառութեան, Մետաքսի ճամբով դէպի Չինաստան եւրոպացի առեւտրականներու ուղեւորութիւններուն հաւանական ներգործութիւնը աշխարհի տարբեր հաւաքականութիւններուն վրայ: Փոխգործօն (ինթըրաքթիւ) ձեւով որոնելի այս քարտէսը կը բնորոշէ, կը թուագրէ (տարին) եւ կը ցանկագրէ յատկանիշները տարբեր հաւաքականութիւններու մէջ ստեղծուած ծինական խառնուրդներուն:

Պատմական, լեզուագիտական եւ բանաւոր աւանդութիւններու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններ արդէն ցոյց տուած են, թէ Փաքիստանի հազարա հաւաքականութիւնը մասամբ սերած է մոնկոլ պատերազմիկներէ: Սակայն Օքսֆորտի համալսարանէն եւ Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընէն խումբ մը ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են, թէ մոնկոլներու ծինական ժառանգութեան բջիջները այս հաւաքականութեան մէջ մուտք գործած են 1306-ին, այսինքն` Ճենկիզ խանի իշխանութենէն ճիշդ 100 տարի ետք:

Նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ վեց այլ հաւաքականութիւններ մոնկոլներու հետ ծինական խառնուրդի նմանօրինակ նշաններ ցոյց տուած են գրեթէ այն ժամանակներուն, երբ մոնկոլ զինուորներ զաւակներ ունեցած են իրենց նուաճած շրջաններուն մէջ ապրող կիներու հետ: Այսպէս, Չինաստանի ույղուր հաւաքականութեան 50 առ հարիւրը կը կրէ «մոնկոլական» ծինական խառնուրդ մը: Համեմատութիւնը 39 առ հարիւր է ուզպեքներուն քով, իսկ ութ առ հարիւր` թուրքերուն, ինչ որ ցոյց կու տայ դէպի Արեւմուտք մոնկոլական ծագումի տարածումին աստիճանական նահանջը:

Ուսումնասիրողները իրենց թեքնիքը մկրտած են «Կլոպթրոթըր» (աշխարհը շրջող) անունով: Անոնց պատրաստած քարտէսը առիթ կու տայ ընտրելու հաւաքականութիւն մը եւ բացայայտելու անոր «անցեալի խառնուրդի դէպքերը»: Այս ձեւով կը կազմուի պատմութիւնը ծինական այն խառնուրդներուն, որոնք չորս հազարամեակի ընթացքին ծնունդ տուած են Եւրոպայի, Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի հաւաքականութիւններուն:

Ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակ Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընի Ծինական հիմնարկի դասախօս Կարեթ Հելենթալ կ՛ըսէ, թէ ուսումնասիրողները յաջողած են գիտնալ ծինական խառնուրդի մը ճշգրիտ թուականը` օգտագործելով ծինական վերակառուցումի մեթոտ մը. կենսաբանական գործընթաց մը, որուն ընթացքին ծինական ժառանգութեան բջիջներու երկու մոլեքիւլներ կը փոխանակեն ծինական տեղեկութիւններ:

«Թէեւ ծինական փոփոխութեան առանձին տուեալներ բաւարար նշաններ չեն պարունակեր անձի մը ծագումին վերաբերեալ, սակայն մարդկային ծինական ամբողջական քարտէսէն (ճինոմ) տեղեկութիւններ կցելով` կրնանք կազմել պատկերը ծինական խառնուրդի դէպքերուն: Երբեմն իրարու մօտիկ շրջաններու մէջ ապրող անձեր ունին ծինական այնպիսի տարբեր խառնուրդներ, որոնք զարմանք կը պատճառեն», կ՛ըսէ ան:

«Օրինակ, կը յայտնաբերենք երկու տարբեր իրադարձութիւններ, որոնք պատահած են տարբեր ժամանակներու, Փաքիստանի մէջ ապրող հաւաքականութիւններու մէջ եւ կը տեսնենք, թէ անոնցմէ ոմանց ծինական ժառանգութեան բջիջները կու գան ափրիկեան Ենթասահարայէն եւ հաւանաբար կ՛առնչուին արաբական գերեվաճառութեան հետ, իսկ ուրիշներ կու գան արեւելեան Ասիայէն կամ հնադարեան Եւրոպայէն: Մեր ուսումնասիրած գրեթէ բոլոր հաւաքականութիւններուն մէջ գոյութիւն ունին խառնուրդի երեւոյթներ: Անոնք շատ սովորական են նորագոյն պատմութեան մէջ եւ արդիւնք են ընդարձակ տարածութիւններ կտրող գաղթերու»:

Ուսումնասիրողները օգտագործած են 95 շրջաններէ 1490 անձերու մարդկային ծինական ամբողջական քարտէսէն տեղեկութիւններ` բնորոշելու համար տարբեր հաւաքականութիւններու պատկանող անհատներու ծինական ժառանգութեան հասարակաց բջիջները:

Ուսումնասիրութեան մէկ այլ հեղինակը` Լայփցիկի Եղափոխական մարդաբանութեան Մաքս Փլանք հիմնարկի դասախօս Տանիըլ Ֆալուշ կ՛ըսէ. «Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն ունի ծինական յատուկ «երանգապնակ» մը: Օրինակ, եթէ գծենք մարդկային ծինական ժառանգութեան ամբողջական քարտէսը արդի ժամանակներու մայաներուն, ապա պիտի ունենանք խառն երանգապնակ մը` սպանացիներու, արեւմտեան ափրիկեցիներու եւ ամերիկայի բնիկներու ծինական ժառանգութեան բջիջներուն երանգներով: Այս խառնուրդը տեղի ունեցած է 1670-ին, ինչ որ կը համապատասխանէ պատմական այն արձանագրութիւններուն, որոնք կը նշեն գրեթէ նոյն ժամանակներուն սպանացիներու եւ արեւմտեան ափրիկեցիներու մուտքը ամերիկեան ցամաքամաս»:

«Թէեւ չենք կրնար ծինական ժառանգութեան բջիջներու օրինակ մը ունենալ անցեալին իրարու հետ խառնուած հաւաքականութիւններէն, սակայն կրնանք անոնց ծինական ժառանգութեան բջիջները ջոկել, երբ անոնք տեւաբար կը յայտնուին արդի ժամանակներու հաւաքականութիւններու խառն երանգապնակին վրայ», կը բացատրէ ան:

Բրիտանիոյ մէջ նման խառնուրդներու զօրաւոր ապացոյցներ չեն յայտնուած: «Ասիկա չի նշանակեր, թէ խառնուրդ տեղի չէ ունեցած, այլ այն, թէ բրիտանացիներուն ծինական խառնուրդը առաւելաբար կազմուած է նոյն շրջանին մէջ ապրող հաւաքականութիւններու ծինական բջիջներով եւ ոչ թէ` իրարմէ տարբեր վայերու մէջ ապրած հաւաքականութիւններու բջիջներով, ինչպէս կը տեսնենք այլ վայրերու մէջ», կ՛ըսէ Հելենթալ:

Ուսումնասիրութեան հեղինակներէն` Օքսֆորտ համալսարանի Վիճակագրութիւններու եւ մարդկային ծինաբանութեան կեդրոնի դասախօս Սայմըն Մայըրս կ՛ըսէ. «Ծինական ժառանգութեան բջիջները կարողութիւնը ունին պատմութիւններ պատմելու եւ մանրամասնութիւններ ի յայտ բերելու մարդկութեան անցեալին վերաբերեալ:

«Օրինակ, արդի Չինաստանի թու հաւաքականութեան ծինական ժառանգութեան բջիջները կը պատմեն, թէ շուրջ 1200-ին այսօրուան յոյներուն նման եւրոպացիներ խառնուած են այլապէս չինացիներուն նման հաւաքականութեան մը հետ: Հաւանական է, թէ եւրոպական ծիներուն նմանող ծինական ժառանգութեան բջիջները Չինաստան հասած են Մետաքսի ճամբան կտրող առեւտրականներուն հետ»:

Ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է «Սայընս» թերթին մէջ, կրնայ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս ծինական ժառանգութեան բջիջները իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան տարբեր հաւաքականութիւններու առողջական վիճակին եւ անոնց մէջ սովորաբար յայտնուած հիւանդութիւններուն վրայ:

«Կարգ մը հաւաքականութիւններ շատ աւելի ենթակայ են որոշ հիւանդութիւններու, քան` ուրիշներ: Դեղերու ազդեցութիւնը եւս կը տարբերի յատկանշական ձեւով: Մասնաւորաբար ծինական հազուադէպ փոփոխութիւններ պատճառ կը դառնան հաւաքականութիւններու միջեւ մեծ տարբերութիւններու: Իսկ մեր առողջութեան վրայ անոնց ներգործութիւնը գլխաւոր կէտն է ներկայ ուսումնասիրութիւններուն մէջ», կ՛ըսէ Մայըրս:

«Կը յուսանք ապագային ներառել աւելի մանրամասն հետազօտութիւններ` ի յայտ բերելու համար ծինական հազուադէպ փոփոխութիւններու յաճախականութիւնը, որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք անոնց համաշխարհային տարածումը», կ՛ըսէ ան:

Հելենթալի համաձայն, ապագայ ուսումնասիրութիւններ պիտի ընդգրկեն մանրամասն վերլուծումը Բրիտանիոյ ծինական խառնուրդին: «Մեր թիրախը պիտի դառնան Եթովպիան եւ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ որոշ թիւով հաւաքականութիւններ: Պիտի ուսումնասիրենք նաեւ Բրիտանիան` աւելի լաւ գաղափար մը կազմելու համար տեղական շրջաններու ծինական պատկերին մասին»:

Ծինական քարտէսը կարելի է տեսնել` այցելելով հետեւեալ կայքը. http://admixturemap.paintmychromosomes.com

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )