Գիտութիւն Եւ Մարդ. Աշխարհի Վրայ Վերջին Վայրերը, Ուր Համացանց Գոյութիւն Չունի

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985INTERԱՐԴԵՕՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԿԱ՞Յ ՏԵՂ ՄԸ, ՈՒՐ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՀԱՍՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ: ՓԱՍՏՕՐԷՆ` ԱՅՈ՛, ՍԱԿԱՅՆ ՊԷՏՔ Է ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՁԵՒԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ` ԶԱՆՈՆՔ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԻՍԿ ԱՐԴԵՕՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԿԱ՞Յ ՏԵՂ ՄԸ, ՈՒՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՁԵՐԲԱԶԱՏԻԼ ՀԱՄԱՑԱՆՑԷՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԲԵՐԱԾ Ե-ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓԷՆ: ՓԱՍՏՕՐԷՆ` Ո՛Չ, ԱՅՍ ՄԷԿԸ ԳՐԵԹԷ ԳԵՐՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՃԻԳ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»:

Դիւրին է մոռնալ, թէ կեանքը ինչպէ՛ս էր համացանցի գոյութենէն առաջ: Շատեր չեն կրնար մէկ օր անցընել առանց ստուգելու իրենց ե-նամակները, նաւարկելու համացանցի վրայ, կամ` դիմելու Կուկըլի խորհուրդին: Աշխարհի վրայ շուրջ 1.3 միլիառ անձեր տարիքով այնքա՛ն փոքր են, որ այլ փորձառութիւն չեն ապրած: Սակայն, արդեօք այս ամբողջ զբաղումը ղեկավարող համացանցը հասա՞ծ է աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնը:

Բազմաթիւ պատճառներ կան, որոնք կը դժուարացնեն համացանցի հասողութիւնը որոշ վայրեր: Օրինակ` գրաքննութիւնը, հոն, ուր նոր կը թափանցէ համացանցը: «Աշխուժ գործունէութիւն չկայ Հարաւային Քորէայի մէջ,- կ՛ըսէ Քլաուտֆլեր համացանցի շրջանային սպասարկութեան պատասխանատուներէն` Ճոն Կրահամ-Քամինկ:- Նոյնպէս ալ` Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը երկրին մէջ արգելակեցին համացանցի հասողութիւնը եւ գործունէութիւնը տկարացաւ սուրիական ցանցերու վրայ»:

Նաեւ յստակ իրողութիւն է, թէ աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներուն մէջ մարդիկ հասողութիւն չունին արհեստագիտութեան: Բարգաւաճող երկիրներու բնակչութեան միայն 31 առ հարիւրը համացանց կը գործածէ: Համեմատութիւնը 77 առ հարիւր է բարգաւաճ երկիրներուն մէջ:

Հիւսիսային Քորէայի ժողովուրդը նուազ հասողութիւն ունի արդի արհեստագիտութեան, բաղդատած` դրացի երկիրներուն, ինչպէս ցոյց կու տայ ՆԱՍԱ-ի կողմէ գիշեր ժամանակ արբանեակով առնուած այս նկարը:

Հիւսիսային Քորէայի ժողովուրդը նուազ հասողութիւն ունի արդի արհեստագիտութեան, բաղդատած` դրացի երկիրներուն, ինչպէս ցոյց կու տայ ՆԱՍԱ-ի կողմէ գիշեր ժամանակ արբանեակով առնուած այս նկարը:

Այսուհանդերձ, համացանցի հասողութեան դէմ քաղաքական եւ ընկերային այս պատուարները շատ բան չեն ըսեր համացանցի գոյութեան ֆիզիքական տարողութեան վերաբերեալ: Պահ մը ենթադրենք, թէ ունինք արհեստագիտական անհրաժեշտ գործիքները եւ քաղաքական ազատութիւնը: Արդեօք աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի՞ վայր մը, ուր չեն հասնիր անթել հաղորդակցութեան միջոցները:

Այս հարցումին պատասխանելու համար անհրաժեշտ է բացատրել համացանցի հասողութեան տարբեր միջոցները: Անոնք գլխաւորաբար կը բաղկանան հեռաձայնի, բջիջային եւ արբանեակներու կապուած ցանցերէ: Ֆայպըր-օփթիք հաղորդիչները կը կազմեն համացանցի կորիզը. անոնք կը կտրեն ովկիանոսները եւ երկիրները: Նման հաղորդիչներ առաջին անգամ հասատուած են 1850-ական տարիներուն` հեռագիրի կապեր հաստատելու համար: Այսօր անոնք իրարու կը կապեն բոլոր ցամաքամասերը, բացի` հարաւային բեւեռէն եւ կ՛ընդգրկեն բազմաթիւ, բայց ոչ բոլոր փոքր կղզիները:

Բջիջային կապերը կը հաստատուին բջիջային հեռաձայնի աշտարակներու միջոցով եւ անոնց հասողութիւնը բաւական հեռու է: «Երկու տարի առաջ կը գտնուէի ափրիկեան անապատին մէջ եւ բաւական երկար ժամանակ հասողութիւն ունէի համացանցի,- կ՛ըսէ Կրահամ-Քամինկ:- Գիծը դանդաղ էր եւ կտրատուած, սակայն գոյութիւն ունէր»: Իրօք, բարգաւաճող բազմաթիւ երկիրներ, մասնաւորաբար` Ափրիկէ, գլխաւորաբար կ՛ապաւինին բջիջային կապերու` համացանցի հասողութիւն ունենալու համար:

Իսկ արբանեակները համացանցի հասողութեան ամէնէն դանդաղ միջոցն են, սակայն միակ ընտրանքը` բջիջային հեռաձայնի աշտարակէ կամ հեռաձայնային կապի կարելիութենէ հեռու ապրող անձերու համար: Իրիտիում արբանեակներու համաստեղութիւնը կը տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ: Անոր արբանեակային հեռաձայններով կարելի է կապ հաստատել այլապէս ոչ մէկ կապի հասողութիւն ունեցող վայրերու հետ, ինչպէս` բնութեան պահպանուած տարածքներ Միացեալ Նահանգներու մէջ, հարաւային բեւեռ, կամ Քուք կղզիներուն նման մեկուսացած վայրեր:

«Եթէ կը բնակիս անտառին մէջ տեղ մը, տեղւոյն հեռաձայնի ընկերութեան համար անիմաստ է հեռաձայնի թել հասցնել բնակարանդ կամ ագարակդ,- կ՛ըսէ «Սթէյթ աֆ տի Ինթըրնեթ» պարբերաթերթի խմբագիր Տէյվիտ Պելսըն:- Հետեւաբար, բազմաթիւ պարագաներու արբանեակային կապը լաւագոյն լուծումն է, թէեւ անոր միջոցով համացանցի հասողութիւնը դանդաղ է»: Դանդաղութեան գլխաւոր պատճառը հեռաւորութիւնն է. օրինակ` միջօրէականէն ճամբայ ելած տեղեկութիւն մը պէտք է շուրջ 35 հազար քմ կտրէ արբանեակին եւ զայն գործածող անձին բնակած վայրին միջեւ:

Քուք կղզիներուն վրայ հեռաձայնի կապ գոյութիւն չունի, հոն արբանեակի միջոցով կը կապուին համացանցի:

Քուք կղզիներուն վրայ հեռաձայնի կապ գոյութիւն չունի, հոն արբանեակի միջոցով կը կապուին համացանցի:

Սակայն արբանեակի միջոցով համացանցի հասողութիւնը աստիճանաբար կը բարելաւուի: O3b Նեթուըրքս անունով արբանեակային կապի սպասարկութիւն մը, որ այլ արբանեակներէ 4 անգամ աւելի մօտ կը դառնայ Երկրի շուրջ, եւ որուն իւրաքանչիւր արբանեակը 643 քմ-ի վրայ կապ կը հաստատէ, կը քառապատկէ տեղեկութիւններու առաքումի ժամանակը` բաղդատած այլ արբանեակներու: Խաղաղականի Քուք կղզիները անմիջապէս բաժանորդագրուած են անոր փորձ-սպասարկութեան: Սոմալիա եւ Փերուի խորերը գտնուող շրջաններ այս արբանեակին պիտի միանան յառաջիկայ 6 ամիսներուն: Ընկերութիւնը կը ծրագրէ համացանցի հասողութիւն ընձեռել զբօսաշրջութեան ծառայող նաւերու եւ ծովուն բացերը գործող քարիւղի հանքերու, որոնք համացանցի կապուած են աւանդական արբանեակներով: «Սակայն միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենան վայրեր, ուր ոչ մէկ կապի հասողութիւն կարելի է ունենալ, թէեւ նման վայրեր հետզհետէ աւելի փոքրաթիւ պիտի դառնան», ինչպէս կ՛ըսէ O3b-ի բարձրաստիճան մէկ պատասխանատուն:

Նոյնպէս ալ, վերջերս Կուկըլ յայտարարեց, թէ կը միտի համացանցի հասողութենէ զուրկ վայրեր թափանցել իր Լուն ծրագիրով, որ կը բաղկանայ հսկայական օդապարիկներէ, որոնք կրնան մինչեւ 21 հազար մ բարձրանալ օդին մէջ եւ համացանցի կապ սպասարկել գիւղական կամ աղէտի մատնուած շրջաններու: Ինչպէս արբանեակներու պարագային, նոյնպէս ալ օդապարիկով համացանցի հետ կապ հաստատելու համար մարդիկ կարիքը ունին անթել հաղորդակցութեան յատուկ սիւնի մը: Կուկըլի առաջին փորձը կատարուեցաւ յունիսին, երբ 30 օդապարիկներ բարձրացան Նոր Զելանտայի Սաութ կղզիին վրայ:

Կուկըլի Լուն ծրագիրը օդապարիկով համացանցի հասողութիւն պիտի ընձեռէ մեկուսացած վայրերու:

Կուկըլի Լուն ծրագիրը օդապարիկով համացանցի հասողութիւն պիտի ընձեռէ մեկուսացած վայրերու:

Արհեստագիտական այլ միջոցներ եւս կը խոստանան համացանցի հասողութիւնը տարածել դէպի բարգաւաճ երկիրներու մութ անկիւնները: Այսպէս` համացանցի կապը ստորերկրեայ փապուղիներ կը թափանցէ բջիջային-ելեկտրոնային սփռումի կեդրոններով, ինչպէս` Ամթրաք եւ Եուրոսթար գնացքներուն վրայ եւ քաղաքներու կարգ մը գետնուղիներուն մէջ:

Հետեւաբար կարելի՞ է ըսել, թէ համացանցի հասողութիւնը գրեթէ ամէն տեղ է: Տակաւին գոյութիւն ունին վայրեր, ուր հեռաձայնի, բջիջայինի եւ արբանեակի կապերը անհասանելի են: Օրինակ` Վրաստանի Քրուպերա քարայրը, որ աշխարհի ամէնէն խորունկ քարայրն է եւ կը տարածուի գետնէն 1710 մ վար: Հաւանական է, որ հոն համացանցի հասողութիւն երբեք գոյութիւն չունենայ: Այսուհանդերձ, եթէ բջիջային հեռաձայնի աշտարակ մը գոյութիւն ունի անոր մօտ տեղ մը, կարելի չէ բացառել բացուածքի մը մէջէն թափանցող կապ մը օգտագործելու կարելիութիւնը, եթէ կը գտնուիք ճիշդ անոր տակ:

Համացանցի հասողութենէ զուրկ մնալու դատապարտուած հաւանական այլ վայրեր են ստորջրեայ տարածքները: Թէեւ բազմաթիւ ընդծովեաներ համացանցի հասողութիւն ունին նոյն այն միջոցներով, որոնք իրենց կ՛ընձեռեն ելեկտրոնային հաղորդակցութեան կապ, սակայն կապը կը մնայ տկար եւ յաճախ կը կորսուի, որովհետեւ կ՛որակազրկուի ջուրին մէջ: «Վստահ եմ, թէ հիւլէական ընդծովեայի մը համացանցի հասողութիւնը չնչին է», կ՛ըսէ Կրահամ-Քամինկ:

Իրօք, համացանցի կապէ հեռու մնալու միակ միջոցը կը մնայ մեր անձին վրայ պարտադուած արգելքը: Հաւանական է, որ համացանցէ զերծ վայրեր յայտնուին ապագային: Թերեւս կարգ մը հաւաքականութիւններ պիտի չուզեն կապ ունենալ համացանցի հետ, ինչպէս` Հարաւային Ամերիկայի, Նիւ Կուինէայի եւ Հնդկաստանի այժմ համացանցի կապէ զուրկ ցեղախումբերը, որոնք հաւանաբար պիտի նախընտրեն մեկուսացած ապրիլ: «Չեմ զարմանար, եթէ օր մը հաւաքականութիւն մը ըսէ, «Ո՛չ, չենք ուզեր համացանց ունենալ»», կ՛ըսէ Կրահամ-Քամինկ:

Այլ խօսքով, հարկ է մեծ ճիգ թափել` համացանցէն խուսափելու համար: Նոյնիսկ ամէնէն հեռաւոր անապատը այժմ ունի որոշ կապ մը համացանցի հետ: Հետեւաբար, եթէ օր մը փափաքիք ապրիլ ե-նամակներէ եւ Ֆէյսպուքէ զերծ կեանք մը, պէտք է նկատի ունենաք, թէ համացանցի «խոպոպները» այնքա՛ն հեռահաս են, որ զարմանալիօրէն, շատ դժուար է անոնցմէ խոյս տալը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )