Նշմար. Քաղաքական Ընտրա՞նք, Թէ՞ Ատելութիւն…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

«Սահմանային միացում»-ի Փութինի հրապարակած անորոշ ծրագիրը  փաստօրէն նորագոյն մարտավարութիւն մըն է, որ կը միտի Արեւմուտքի թափանցումը միանգամընդմիշտ խափանել Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիէն ներս:

Մետասաներորդ պահու յղացուած  այդ ծրագրին միանալու հրաւէր-պարտադրանքը Հայաստանին, թէ՛ ընտրուած ժամկէտով (timing), թէ՛ ձեւով ու խորքով, նուաստացուցիչ էր եւ որեւէ կասկած չէր թողուր այն մասին, որ Ռուսիա, փոխադարձ շահերու եւ յարգանքի վրայ հաստատուած ռազմավարական գործընկեր երկիր  չի սեպեր Հայաստանը, այլ զայն կը նկատէ իրեն ենթակայ պետական միաւոր մը:

Առաջին անգամը չէ, որ Փութին տիրակալի իր դիրքը փաստելու համար երեւոյթներ փրկելու հոգն իսկ չ՛ունենար:

Տարիներ տեւող բանակցութիւննե՞ր ընթացած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն սահմանային միացումի համար, համաձայնագիր ստորագրելու թուակա՞ն ճշդուած է, Եւրոպային միանալու հեռանկարով հմայուած ու խանդավա՞ռ են քաղաքացիներն ու ղեկավար շրջանակները, ոչ մէկ նշանակութիւն ունի Ռուսիոյ «ամենազօր» նախագահին համար: Համաձայնագրի ստորագրութեան նախօրեակին յանկարծ Մոսկուա կը կանչուի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ կը պարտադրուի, որ ի լուր աշխարհին յայտարարէ իր միանձնեայ որոշումը` լքելու Եւրոպային հետ գոյացուցած համաձայնութիւնը եւ յարելու Փութինի ծրագրին:

Թէ այդ ծրագիրը ի՞նչ բովանդակութիւն ունի , որքա՞ն շահաւէտ կամ վնասակար է մասնակցող երկիրներուն համար, թէ ` գէթ ձեւականօրէն, յաչս հանրութեան պէտք է ուսումնասիրուի, խորհրդակցութեան նիւթ դառնայ, թէ…: Այդ բոլորը անկարեւոր մանրամասնութիւններ են : Կարեւորը տիրակալին խօսքն է եւ ենթակային համակերպութիւնը: Այսքա՛ն պարզ եւ այսքա՛ն յստակ:

Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, ըսենք նաեւ մեր ըսելիքը:

Քաղաքականութեան մէջ գերակշիռ է, առաջնային ու պարտադիր` անվտանգութեան հայեցակարգը որեւէ երկրի, մեծ թէ փոքր բոլոր պետութեանց համար:

Հայաստանի նախագահը խոհեմ գտնուեցաւ, նուաստացման գնով, գերադասելու իր երկրին անվտանգութիւնը: Նաեւ խոհեմ շարժուձեւով մը, տեղի վրայ, Մոսկուայի մէջ յայտարարեց իր յարումը Փութինի ծրագրին, Եւրոպայի ղեկավար եւ այլ շահագրգիռ շրջանակներու մօտ կասկած չձգելով, թէ իր որոշումը ազատ կամքով կատարուած ընտրանք չէ, այլ` պարտադրանքի մը ստիպողութիւն:

Կայ նաեւ չոր իրականութիւնը, որ Ռուսիոյ այդ պարտադրանքին դիմաց երկընտրանքի դեդեւում չ՛արտօներ. հակառակ Հայաստանի դէպի Եւրոպա արեւելումին եւ Արեւմուտքին կապած յոյսերուն, հակառակ նաեւ մեծապետական կնքահայրութեամբ անոր ընդունած ազգավնաս ու ամօթալի «բրոթոքոլներուն», փաստօրէն ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ ցարդ Ղարաբաղի խնդրին կարգաւորման  կամ երկրի շրջափակումը վերացնելու տեսակէտէն:

Ի վերջոյ ինչո՞ւ Փութինի զայրոյթը գրգռելու  գնով փարած մնալ Արեւմուտքին, երբ ան  չկարողացաւ կամ չուզեց սաստել Թուրքիան, որ յարգէ միջազգային իրաւունքը եւ վերացնէ շրջափակումը:

Ինչ որ սակայն հեզասահ եղաւ Փութինին համար Հայաստանի պարագային, արիւն հոսեցուց Ուքրանիոյ մէջ, որովհետեւ այդ երկիրը չունի անվտանգութեան հարց այն հրատապութեամբ,  զոր մենք ունինք:

Մինչեւ երէկ Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն համար քաղաքական ընտրանք էր Եւրոմիութիւնը: Թափուած արիւնէն եւ Քիեւի աւերածութենէն ետք Ռուսիոյ դէմ ուռճացող ատելութիւնն է, որ պիտի տեւէ երկար ժամանակ:

Ուքրանիոյ դասը պիտի սորվեցնէ՞ արդեօք , որ անկանխատեսելի վտանգներ կը պարունակէ  սեփական քմայքի անձնատուր` առ ոչինչ համարելը նոյնիսկ փոքր հաւաքականութեան մը զգացումներն ու արժանաւորութիւնը, ո՛ւր մնաց երբ կոպիտ արհամարհանքի ենթարկուողը  հայրենիք մըն է, իր ժողովուրդով:

 

Աթէնք, 20/02/14

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )