Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ ՊԱՊԵԱՆ

Մեսրոպեան Տառերն Ու Հայոց Դպրոցները
Հայաստանի Յունական Բաժնին Մէջ

S.Sahag--S.-Mesrob--VramshabouhՀայաստանի պարսկական բաժնին մէջ տեղի ունեցած մշակութային յեղափոխութենէն` մեսրոպեան տառերու գիւտի, Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ հայոց դպրոցներու, նոր վանքերու, անոնց կից ուսումնարաններու հաստատումի բարիքներէն տակաւին զրկուած էր Հայաստանի յունական բաժնի հայութիւնը: Ուստի, ժամանակն էր ամէն ջանք թափելու, որպէսզի Հայաստանի յունական բաժնի հայութիւնը եւս օգտուի այդ բոլորէն:

Այս նիւթին առնչուող կան զանազան կրօնական եւ քաղաքական բնոյթի հարցեր, որոնց ակամայ պիտի չանդրադառնանք չշեղելու համար մեր գլխաւոր նպատակէն: Ուստի պիտի բաւարարուինք ստորեւ ներկայացնելով քանի մը հիմնական կէտեր, որոնք կապ ունին Սահակ կաթողիոսին հետ:

Վռամշապուհ արքան, ըստ Խորենացիի, թագաւորեց 21 տարի: Օրմանեան աւելի ճիշդ կը գտնէ անոր թագաւորութեան շրջանը նկատի ունենալ 26 տարի (1): Յամենայն դէպս, ան ունեցած է բնական մահ, ծերութեան պատճառով, 414ևին: Անոր կը յաջորդէ` երկար տարիներ Անյուշ բերդին մէջ արգելափակուած ծերունի Խոսրովը, որ հայ նախարարներու խնդրանքով կրկին կը բարձրանայ Հայաստանի գահին, սակայն յառաջացած տարիքի եւ քայքայուած առողջութեան պատճառով կը թագաւորէ հազիւ ութ ամիս: Այնուհետեւ Յազկերտ Ա. կը նշանակէ իր զաւակը` Շապուհը հայոց արքայ, նպատակ ունենալով չէզոքացնել Հայաստանի մէջ ստեղծուած կրօնական, ազգային եւ յատկապէս մշակութային զարթօնքը եւ անոր փոխարէն` պարսկասէր նախարարներու միջոցով զօրացնել Պարսկաստանի մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ:

Շապուհ իր վարք ու բարքով չկրցաւ սիրաշահիլ հայ նախարարները, որոնք յաճախ իրենց Արշակունի թագաւորներուն նկատմամբ կեդրոնախոյս քաղաքականութիւն կը վարէին, ալ ուր մնաց, որ պարսիկ թուլամորթ, կնամարդի օտար թագաւորի մը հանդէպ յարգանք ու հաւատարմութիւն ցուցաբերէին:

Խորենացի բազմաթիւ օրինակներով կը նկարագրէ, թէ ինչպէս հայ նախարարներ կը ծաղրէին զայն, մինչեւ իսկ անոր դէմ ըմբոստացող եւ սուր բարձրացնող նախարարներ ալ գտնուեցան: Չորս տարի ետք, երբ Շապուհ հօր գահին տիրանալու համար փութով վերադարձաւ Պարսկաստան, Տիզբոնի մէջ դաւադրաբար սպաննուեցաւ իր հարազատներուն ձեռքով: Այնուհետեւ երեք տարի (420և423) Հայաստան մնաց առանց թագաւորի, անտէր ու խառնաշփոթ վիճակի մէջ:

Յ. Մանանդեան կ՛ենթադրէ, որ Մաշտոցի Բիւզանդիոն այցելութիւնը պէտք է եղած ըլլայ 420և422ևին (2): Օրմանեան կ՛առաջարկէ «Սահակի յունական բաժին անցնիլը» դնել 417ևին: Այնուհետեւ հիմնուելով Խորենացիի հայթայթած տեղեկութեանց վրայ` կը գրէ.

«[Սահակի] կ՛ընկերանային իր ամոլակիցը` Մեսրոպ, աշակերներէն բազմութիւն մը եւ իր թոռները Վարդան ու Հմայեակ ու Համազասպեան, վախճանեալ Համազասպ սպարապետին զաւակները: Հեթանոս թագաւորին ընթացքէն ցաւած եւ քրիստոնեայ տէրութեան վրայ մեծամեծ յոյսեր դրած` Սահակ կ՛անցնէր սահմանագլուխը, բայց մեծ յուսախաբութեան դիմաց գտնուեցաւ, որովհետեւ Անատոլիոս, որ պոնտական եւ հայկական գաւառներու մեծ բդեշխն էր, յայտնի կերպով արգիլեց Սահակի հայերէն գիր ու դպրութիւն ուսուցանել, մինչեւ որ յատկապէս կայսերական կառավարութենէն արտօնութիւն չհասնէր: Սահակ պարտաւորուեցաւ արտօնութիւն ձեռք ձգելու աշխատիլ:

Գիր մըն ալ գրեց Կոստանդնուպոլսոյ Ատտիկոս պատրիարքին, որպէսզի թագաւորին մօտ բարեխօսէ  եւ իր առաջարկութեանց կատարման օգնէ: Մեսրոպն ու Վարդանը եւ Դերջանու Գնիթ եպիսկոպոսը, իբրեւ պատգամաւորներ որոշեց եւ Անատոլիոսէն ալ խնդրեց, որ պատգամաւորութեան ուղեւորութիւնը դիւրացնէ: Իսկ մինչեւ որ պատգամաւորութիւնը Բիւզանդիոնէն դառնայ, ինքն ալ քաշուեցաւ Մելիտինէ  քաղաքը, մէկտեղ բերած աշակերտներովը, որոնց գլխաւորն էր Ղեւոնդ Վանանդեցին, եւ հիւր մնաց Ակակիոսի, որ Երկրորդ Հայոց մետրոպոլիտն էր (Խոր. 252)» (3):

Անհրաժեշտ է այստեղ նշել, որ Սահակ կաթողիկոսի եւ Մաշտոցի յունական բաժնին մէջ ունեցած գործունէութիւնը տարբեր ձեւով ներկայացուած է Խորենացիի եւ Կորիւնի կողմէ. իսկ Ղ. Փարպեցի բնաւ չէ անդրադարձած այս մասին: Մինչ Խորենացի կը խօսի Սահակ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ մեծ պատուիրակութեան մը յունական սահմանէն ներս մտնելէ ետք Անատոլիոսի կողմէ դրուած արգելքի մասին, այլ խօսքով, նման գործի մը ձեռնարկելու համար անոնք կարիքն ունէին կայսերական արտօնութեան, Կորիւն վարդապետ նախ չի յիշեր իսկ Սահակ կաթողիկոսի` իր թոռներով, պատուիրակութեան գլուխը եղած ըլլալու պարագան. նոյնպէս չ՛անդրադառնար անոնց առջեւ դրուած որեւէ արգելքի: Այստեղ Կորիւն այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ յունական բաժին մուտք գործելն ու անոր յաջորդող աշխատանքներն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները Մաշտոցի անձնական նախաձեռնութիւններն էին: Ոչ թէ անոր առջեւ որեւէ արգելք չէր դրուած, այլ ընդհակառակը, հազիւ որ ան մուտք կը գործէ յունական բաժնէն ներս, կարծէք բոլոր դռները իրարու ետեւէ կը բացուին անոր առջեւ:

Ըստ Կորիւնի, ամէնուրեք, սահմանի սկիզբէն իսկ` ամբողջ ճանապարհի ընթացքին ան արժանացաւ սիրալիր ընդունելութեան եւ մեծ պատիւներու Յունահայաստանի «եպիսկոպոսներէն եւ իշխաններէն, գաւառացիներէն ու մանաւանդ [այդ] երկրամասի սպարապետէն, որ կը կոչուէր Անատոլիս: Սա [Մաշտոցի] մտադրած բանը նամակով յայտնեց կայսրին, որուն անունն էր Թէոդոս, Արկադ կայսրի որդին: [ԹԷոդոսի կողմէ] հրաման դուրս եկաւ, որ վայել մեծարանքով Ակումիտ (տքնող, անքուն հսկող) անունով կոչեն սուրբին [Մաշտոցին]» (4):

Կորիւնի այս նկարագրական տողերուն հակապատկերը կը գտնենք Խորենացիի էջերուն մէջ: Ըստ Խորենացիի Սահակ կաթողիկոսն էր որ պատուիրակութիւն մը նշանակեց, յանձինս Մեսրոպի, «Դերջանի պատուական եպիսկոպոս»` Գնիդի եւ իր թոռան Վարդան Մամիկոնեանի, որպէսզի երթան Բիւզանդիոն, ներկայանան կայսեր եւ ստանան պաշտօնական արտօնութիւնը հայերէն տառերն ու հայկական դպրութիւնը բիւզանդական Հայաստանի մէջ եւս ուսուցանելու:

Այս առիթով Սահակ յանձնեց պատուիրակութեան Բիւզանդիոնի Թէոդոս կայսեր, Կ. Պոլսոյ պատրիարք` Ատտիկոսին եւ Յունահայաստանի սպարապետ Անատոլիոսին ուղղուած յանձնարարական նամակներ: Հաւանական է, որ այս նամակները Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն» գրքին մէջ հետագային խմբագրուած ըլլան, այսուհանդերձ, տրամաբանական է, որ հայոց կաթողիկոսը` որպէս հոգեւոր պետ Հայ եկեղեցւոյ, գրաւոր դիմէր պատկան իշխանութեանց եւ խնդրէր, ընթացք տալ Մաշտոցի նպատակի իրագործման (5):

 

(Շար. 7)

 

(1) Օրմանեան,«Ազգապատում», անդ, No 200:
(2) Տեսնել Յ. Մանանդեան, «Քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան», Բ. Հատոր, Ա. Մաս (Երեւան, 1978), էջ 280և281:
(3) Օրմանեան, «Ազգապատում», անդ, No 202:
(4) Կորիւն, անդ, Գլ. ԺԶ:
(5) Խորենացի, հատուած Գ., Գլ. ԾԷ:

 

Share this Article
CATEGORIES