Զմմառու Ժառանգաւորները Նշեցին «Հայոց Լեզուի Օր»-ը

zmmar_02032014Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ նախաձեռնութեամբ Զմմառեան միութեան ժառանգաւորաց տեսչութեան, երէկ` կիրակի, 2 մարտ 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Զմմառեան միաբանութեան Վերափոխման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ժառանգաւորաց սաներուն կազմակերպութեամբ նշուեցաւ «Հայոց լեզուի օր»-ը:

Ձեռնարկը սկսաւ ժառանգաւորներուն հնչեցուցած Տէրունական աղօթքով: Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար կիսասարկաւագ Պարգեւ Պաշխընճի: Ան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ 2005-ին տրուած որոշումը, որուն հիմամբ 21 փետրուարը պետական տօնացոյցին մէջ հաստատուեցաւ իբրեւ «Մայրենի լեզուի օր»:

Ան աւելցուց, որ հայապահպանութեան հնմնախնդիրին լուծման եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման ի խնդիր, Զմմառեան միաբանութեան ժառանգաւորները եւս` իբրեւ մաս սփիւռքի մէջ գործող կարեւոր կրթօճախներէն մէկուն, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կոչին, կազմակերպեցին այս ձեռնարկը:

Այնուհետեւ ժառանգաւորաց փոխտեսուչ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը, ուղղուած` ընդհանրապէս սոյն ձեռնարկը կազմակերպրողներուն եւ մասնաւորապէս լիբանանահայութեան:

Ժառանգաւորներն ու նորընծաները հերթաբար ներկայացուցին մայրենի լեզուին նուիրուած քերթուածներու փունջ մը: Նայիրի Զարեանի «Հայոց լեզու»-ն ասմունքեցին Վարդան Ճալլաֆն ու Լեւոն Ստեփանը, Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»-ը` Յովիկ Գոյունեանն ու Հրակ Վահրատեանը, սրինգի վրայ «Յորժամ»-ը նուագեց Յովհաննէս Չագըրեան, Խաչիկ Դաշտենցի «Մեսրոպ Մաշտոցին»-ը` Քրիստ Միքայէլ, իսկ նորընծաներուն անունով հայոց լեզուի շուրջ մտորումներ ներկայացուց Սարգիս Մարաշլեան:

Օրուան բանախօս Տիգրան կիս. սրկ. Փիլիպպոս անդրադարձաւ գաղթօճախներու մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիներ փնտռելու կարեւորութեան մասին: «Եկէք մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամէնօրեայ մնայուն տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ», ըսաւ Տիգրան կիս. սրկ. Փիլիպպոս:

Ժառանգաւորները հայոց լեզուին նուիրուած երգերու փունջ մը հնչեցուցին` ղեկավարութեամբ Ժառանգաւորաց փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Սիամանթոյի «Գիւտին փառքը» ասմունքեց Ժաք Քէշիշեան` ֆլիւթի ընկերակցութեամբ Յովհաննէս Չագըրեանի: Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Զմմառու վանքին կարգ մը հայատառ մատեանները ներկայացնող:

zmmar1_02032014Օրուան պատգամը փոխանցեց երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Ժառանգաւորաց եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան: «Ազգային նկարագիրի կարեւորագոյն բաղադրիչը հանդիսացող հայոց լեզուն, սփիւռքի պահպանութեան ամէնէն էական կռուանն է: Մօր կաթին հետ մատուցուող եւ մօր կաթին չափ կենսական այս գործօնը, անհատնում աղբիւր է հայ ժողովուրդի պահպանութեան ու անոր բարգաւաճմանը», ըսաւ տեսուչ հայր սուրբը եւ վեր առաւ այն գաղափարը, որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ արժանի է խրախուսանքի` աւելցնելով. «Մայրենիին տէր կանգնիլ չի նշանակեր զայն խնամքով մեր տան կամ աշխատանքային վայրերու գրադարաններու մէջ պահել եւ օտարներուն առջեւ հպարտանալ Մեսրոպեան տառերու հանճարեղ գեղագիտական  ու ոճային ինքնատիպ լուծումներով: Մայրենիին տէր կանգնիլ կը նշանակէ` իւրացնել զայն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով տէր կանգնիլ կը նշանակէ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգութիւն դարձնել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը»:

Այնուհետեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ներկայացուց հայոց լեզուի օրուան ստեղծման հանգամանքները: Իր խօսքի աւարտին դեսպան Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն` ըսելով. «Իրարու շնորհաւորենք այսօր մայրենի լեզուի նուիրուած պետական տօնին առիթով եւ մեծարենք ու փառաբանենք մեր մեծասքանչ մայրենին` ամէնուրեք խօսելով հայերէն:

Աւարտին Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան եւ Ժառանգաւորաց տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ընծայարանի 50-ամեակի յուշանուէրով պարգեւատրեցին դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Գերապայծառ Մուրատեան վեր առաւ մայրենիին զարկ տալու գաղափարը եւ հայրենիքի մէջ Զմմառեան միաբանութեան գրանցման հարցը, ապա պահպանիչով եզրափակեց մայրենիին նուիրուած տօնակատարութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES