Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շեքքա` 4-0
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 1 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեքքան, 4-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց (կիսախաղ` 3-0):
Քրիսթիան Թիմունեան հեթրիք մը իրագործեց (10-րդ, 15-րդ եւ 25-րդ), մինչ չորրորդ եւ վերջին կոլը նշանակեց Գօգօ Աւետիսեան (90-րդ):
Դասաւորման պատկերը, որեւէ փոփոխութիւն չկրեց` նկատի ունենալով, որ ՀՄՄ նոյն արդիւնքով յաղթեց Ամալ Թրիփոլիին, մինչ Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի` Շապապ Արապիին (2-0):
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Անսարէն:
CATEGORIES Մարզական

