Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ Դժուար Յաղթանակ Մը Արձանագրեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

HMEM_Mouttahed

ՀՄԸՄ – Մութթահետ երէկուան մրցումէն

Երէկ` կիրակի, 2 մարտին, աւարտեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները, երբ տեղի ունեցան 9-րդ հանգրուանի մրցումները:

ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը դժուարութեամբ տեղի տուաւ իր հիւրին` Մութթահետի դիմաց, երբ 76-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (11-25, 30-45, 46-57 եւ 65-76):

Մրցումին վերջին քորթըրին արդիւնքը երբեք չի ցոլացներ հիւսիսեան կազմին արձանագրած այս յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել մինչեւ 6 կէտի, սակայն մրցակիցը ինք եղաւ վերջնական յաղթականը:

Երէկուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով եւ իրենց նշանակած կէտերով.

Տիոն Տիքսըն (38′ 42″, 21 կէտ), Սեւակ Քեթենճեան (16′ 42″, 1 կէտ), Թերենս Լիթըր (36′ 35″, 25 կէտ), Ճօ Ղաթթաս (29′ 41″, 4 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (27′ 12″, 9 կէտ), Ռուտի Ֆարրաժ, (21′ 12″, 2 կէտ) եւ Ճօ Վոկըլ (29′ 49″, 3 կէտ):

Նշենք, որ մրցումին իրաւարարներն էին` Ֆաուզի Աշքութի, Թոնի Խուրի եւ Փոլ Սքայեմ:

basket0203Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք դարձեալ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին: Անոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերելով իրենց կազմը եկան փաստելու, որ տէրն ու տիրականն են իրենց խումբին եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի մարզադաշտին:

Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մրցումներուն, Ռիատի 88-72 արդիւնքով յաղթեց Շանվիլին, Պըժժէ` Հուփսին (89-87), Ամշիթ` Պիպլոսին (87-80) եւ վերջապէս, Սաժես` Թատամոնին (94-79):

Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ նախորդ շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ դարձի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները կը սկսին չորեքշաբթի, 5 մարտին, Պիպլոս – Հուփս մրցումով:

ՀՄԸՄ դարձի իր առաջին մրցումը կը կատարէ շաբաթ, 8 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ հիւրընկալելով Ռիատին (երեկոյեան ժամը 17:00-ին):

Վաղուան մեր թիւով կ՛անդրադառնանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրին:

Share this Article
CATEGORIES