Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Այցելեց «Ազդակ»

DSC09136Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան շաբաթ օր այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Այդ առիթով դեսպանը «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանի հետ ունեցաւ զրոյց մը, որ կը վերաբերէր Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման վերաբերող աշխատանքներուն, Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին արծարծման ներկայ պայմաններուն եւ սուրիահայութեան կացութեան:

Զրոյցի մանրամասնութիւնները հետագային պիտի ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES