Հանդիսաւոր Նշում` Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» Երգչախումբի 40-ամեակին. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Տէր Եւ Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանը
Շաբաթ, 1 մարտ 2014-ի երեկոյեան «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս պարգեւատրեց բարերար տէր եւ տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանը:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ազգային կեանքին մէջ Յակոբ Չիլինկիրեանի ունեցած մասնակցութիւնը, թէ՛ իբրեւ բարերար եւ թէ՛ իբրեւ ժողովական ազգային զանազան մարմիններու մէջ:
Յայտնենք, որ Չիլինկիրեան ամոլը վերջերս երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին եւ տեղեկատուական գրասենեակի բարեզարդման համար:
«Շնորհալի» Երգչախումբին 40-Ամեակը
Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեանի, շաբաթ, 1 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ պաշտօնական կալա-ընթրիքով նշուեցաւ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին հիմնադրութեան 40-ամեակը: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ բարերարներ:
Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց երգչախումբի նախկին խմբավար Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ խօսեցաւ «Շնորհալի»-ի 40-ամեայ հոգեւոր ու մշակութային ծառայութեան մասին: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Երգչախումբին 40 տարիներէն իւրաքանչիւրը հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ ոչ միայն ծաղկուն, այլեւ հայ հոգիին սնունդ մատակարարող պտղաբեր ծառ մը դարձաւ:
Սարգիս Կիրակոսեան խօսեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբին 40-ամեայ գործունէութեան մասին: Ան ըսաւ. «Շնորհալի» երգչախումբը հանդիսացաւ այն հոգեւոր ու մշակութային միութիւնը, որ իր 40 տարիներուն ընթացքին բազմահարիւր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կապեց հայ երաժշտութեան»: Կիրակոսեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Անցնող 40 տարիներուն ընթացքին «Շնորհալի»-ի խմբավարները հայ մշակոյթի առաքեալներ դարձան ու տարածիչը` հայ հոգեւոր, դասական ու ժողովրդական երաժշտութեան»:
Տաթեւիկ Արթինեան դաշնակի վրայ նուագեց հայ եւ օտար երաժիշտներու յօրինումներէն: Լիբանանահայ հանրածանօթ երաժիշտ Կի Մանուկեան իր ստեղծագործութիւններուն ներկայացումով տարբեր փայլք տուաւ երեկոյին:
Փակման խօսքը արտասանեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան բարձր գնահատեց «Շնորհալի» երգչախումին 40-ամեայ առաքելութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու մշակութային անդաստաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ս. Ներսէս Շնորհալիի անունով կնքուած «Շնորհալի» երգչախումբը իր լուման ձգած է ու պիտի շարունակէ ձգել հայ մշակոյթի գանձանակին մէջ: Երգչախումբի անդամները կամաւոր զինուորներ են, որոնք կը պաշտպանեն ու կը տարածեն հայ երաժշտութիւնը կաթողիկոսարանին ճամբով»: Ապա վեհափառ հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց «Շնորհալի» երգչախումբին, որպէսզի ան նոր բարձունքներ նուաճէ ի պանծացումն հայ մշակոյթին:

