Քունմինկի Մէջ Դաշոյններով Զինուոած Ույղուրներու Արիւնալի Յարձակում
Չինացի պաշտօնատարներ Չինաստանի հիւսիսարեւմտեան Քսինեանկ շրջանէն ույղուրներ ամբաստանեցին երկաթուղիի կայարանի մը դէմ դաշոյններով զինուած յարձակում մը կատարելու յանցանքով:
Սեւազգեստ խումբ մը ույղուրներ Չինաստանի հարաւարեւմտեան Քունմինկ քաղաքի երկաթուղիի կայարան ներխուժելով սկսան անխտիր դաշունահարել բոլոր անոնց, որոնց հանդիպեցան: Դէպքը պատճառեց 29 զոհ եւ 130 վիրաւոր:
Պետական «Քսինհուա» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը առնուազն չորս կասկածեալներ սպաննած է: Կին կասկածեալ մը ձերբակալուած է, իսկ ուրիշներ հետապնդումի կ՛ենթարկուին:
Իշխանութիւնները դէպքը նկատեցին «կազմակերպուած, կանխամտածուած ահաբեկչական բիրտ յարձակում մը»: Քունմինկ քաղաքի կառավարութիւնը հետագային յայտնեց, որ դէպքի վայրին մէջ գտնուող փաստերը ցոյց կու տան, թէ յարձակումին հեղինակները Քսինեանկ նահանգէն անջատողականներ են:
Չինաստանի նախագահը խոստացաւ խիստ կերպով պատժել ահաբեկիչները եւ «ճնշել ամբարտաւանութենէ տարուածները»:

