Խրիմի Մէջ Լարուածութեան Կողքին. Ուքրանիոյ Տագնապին Շուրջ Միջազգային Լարուածութիւն

CrimeaՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի զգուշացուց, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ տագնապին պատճառով կրնայ Ութերու խմբակէն վտարուիլ: Անդրադառնալով յունիսին Սոչիի մէջ նախատեսուած Ութերու խմբակի վեհաժողովին` ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Սոչիի մէջ Ութերու խմբակի ժողով մը պիտի չունենայ, ան նոյնիսկ Ութերու խմբակի անդամ կրնայ չմնալ, եթէ այս ընթացքը շարունակուի»:

«Ան կրնայ ինքզինք գտնել ռուսական առեւտուրին վերաբերող պահ դրուած գումարներու սառեցման դէմ յանդիման: Ամերիկեան առեւտուրները կրնան կրճատուիլ, ռուբլիի յաւելեալ անկում կրնայ տեղի ունենալ: 21-րդ դարուն չես կրնար 19-րդ դարու ձեւով վարուելով` կատարելապէս շինծու պատճառաբանութեան հիմամբ այլ երկիր ներխուժել», ըսաւ Քերրի:

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Քանատա առկախեցին Սոչիի վեհաժողովի պատրաստութիւնները:

ՕԹԱՆ արտակարգ նիստեր կը գումարէ: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն յայտնեց, որ Ռուսիոյ արարքները «Եւրոպայի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը» կը վտանգեն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ռուսական զօրքերուն շարժումները «Ուքրանիոյ գերիշխանութեան բռնաբարում» կոչեց: Ան 90 վայրկեան տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Փութինի կոչ ուղղեց ռուսական զօրքերը Խրիմի մէջ գտնուող իրենց զօրակայանները վերադարձնելու:

Փութին պատասխանեց, որ Մոսկուա իրեն կը վերապահէ Ուքրանիոյ մէջ իր եւ ռուսախօսներու շահերը պաշտպանելու իրաւունքը:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Օպամա Փութինին յայտնած է, որ վերջինս իր մտահոգութիւնները պէտք է լուծէ «խաղաղ միջոցներով»` ուքրանական կառավարութեան հետ «ուղղակի կապ հաստատելով» եւ միջազգային միջնորդական մարմիններու միջոցով: Ան ըսած է, որ Փութինի արարքները «խախտումներ են միջազգային օրէնքի, ներառեալ` ՄԱԿ-ի ուխտի եւ Ուքրանիոյ հետ ռազմակայաններու շուրջ 1997-ին գոյացած համաձայնութեան հիմամբ իր յանձնառութիւններուն»:

Քրեմլին յայտնեց, որ Օպամայի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութին «ընդգծեց, որ ուքրանական հողամասերուն վրայ ռուս քաղաքացիներու եւ հայրենակիցներու կեանքի եւ առողջութեան իսկական սպառնալիքներ գոյութիւն ունին»:

Փութին շաբաթ օր Ուքրանիոյ մէջ արտակարգ կացութեան եւ ռուս քաղաքացիներու կեանքերուն վտանգուած ըլլալուն հարցով Տումային ներկայացուցած էր բանակը օգտագործելու դիմում մը:

Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսենով շաբաթ օր Ռուսիայէն խնդրեց ապահովութեան պահպանման օժանդակել: Քրեմլին պատասխանեց, որ Ռուսիա միջամտելու եւ օժանդակելու Աքսենովի դիմումը պիտի չանտեսէ:

Ռուս զինուորներ կը շարունակեն գրաւուած պահել Խրիմի մէջ գտնուող կարեւոր վայրեր, ներառեալ` օդակայաններ եւ հաղորդակցութեան կեդրոններ:

Ուքրանիոյ ազգային ապահովութեան պատասխանատուներ երէկ յայտարարեցին, որ ուքրանական զինեալ ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ պիտի դրուին, պահեստի զինուորները պիտի զինուորագրուին եւ մարզուին: Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու դիմում պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ, կարեւոր վայրերու, ներառեալ` հիւլէական կայաններու մէջ ապահովութիւնը պիտի ամրապնդուի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ օդային տարածքը բոլոր ոչ քաղաքային թռիչքներուն դիմաց պիտի փակուի:

Մինչ այդ, Ուքրանիա եզերապահ իր նաւերը հեռացուց Խրիմի մէջ գտնուող երկու նաւահանգիստներէ եւ զանոնք Սեւ Ծովուն ու Ազովի ծովուն մէջ այլ զօրակայաններ փոխադրեց: Խրիմի մայրաքաղաք Սիմֆերոփոլի հարաւը գտնուող Փերեվլանոյէի մէջ գտնուող ուքրանական բանակի մէկ զօրակայանը պաշարուեցաւ ռուսական զօրքերու կողմէ, իսկ Սեպասթոփոլի մէջ այլ զօրակայան մը` ռուսամէտ «ինքնապաշտպանութեան ջոկատներու» կողմէ: Արեւելեան Ֆէոտոսիա նաւահանգիստին մէջ խումբ մը ուքրանացի նաւազներ եւս իրենց զօրակայանին մէջ բանտարկուեցան: Զօրակայանը պաշարած զինեալները շրջանի նոր ռուսամէտ իշխանութեանց հաւատարիմ են:

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, Խրիմի հիւսիսը գտնուող Արմիանսքի մէջ Խրիմը Ուքրանիոյ միացնող կէտին վրայ ռուս զինուորներ կը թուին խրամատներ փորել:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Կազփրոմ» ընկերութիւնը յայտնած է, որ կրնայ նախկին պարտքերու կուտակման պատճառով Ուքրանիոյ կազի մատակարարումը ընդհատել:

Խրիմի Անկախութեան Շուրջ
Հանրաքուէն` 30 Մարտին

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան վարչապետ Սերկէյ Աքսենով յայտարարած է, որ Խրիմի ինքնավարութեան կարգավիճակին վերաբերեալ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 30 մարտին:

«Անհրաժեշտութենէն ելլելով` մենք որոշեցինք արագացնել Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակի հարցին նուիրուած հանրաքուէն: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 30 մարտին», ըսած է Աքսենով` կառավարութեան նոր կազմի առաջին նիստին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES