Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՐԱՆԻ խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի շաբաթ օր մեկնեցաւ Պէյրութէն` հանդիպում մը ունենալէ ետք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը չէ, որ կրնայ լուծել երկրին դիմագրաւած հարցերը կամ երաշխաւորել անոնց լուծումները, այլ` երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը դժուար իրագործուելիք հարց մըն է:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու առումով խորհրդակցութիւնները տակաւին առկայ են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք նոր յարձակումի մը առնչութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի պարտադրուած իրանեան-սուրիական հրահանգներ պատճառ դարձած են կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման ընթացքը խոչընդոտելու:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի ընդգծեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւն եզրը նշելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքը կը զօրակցի նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու սկզբունքին:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանանի եւ Փարիզի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է լիբանանեան բանակը զինելու համաձայնագիրին շուրջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի իրաւունքն է, եւ այդ մասին խորհրդակցութիւնները կը կեդրոնանան այդ իրաւունքին հեղինակութիւնը ճշդելու հարցին շուրջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին բոլորին հետ նոյն սեղանը նստիլ եւ կարգաւորել քաղաքական իրենց տարակարծութիւնները:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նիստերուն ընթացքին առաջարկած է ընդհանուր կէտերու շուրջ համաձայնիլ` առանց աշխատանքային յստակ ծրագիրի մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի մեկնեցաւ Փարիզ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Մայրիներու յեղափոխութեան Թ. տարեդարձին նշումը արդէն իսկ որոշուած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի զինուորական թեւի ջոկատ մը Թուֆայլի մէջ ձերբակալած է ահաբեկչական վտանգաւոր խմբաւորում մը, որ մասնակցած էր Պրիթելի դէմ հրթիռարձակման հոլովոյթին: Ըստ նոյն օրաթերթին, խմբաւորումին ղեկավարն է Օմար Շամի, ծանօթ իբրեւ Ապու Քաթիպա:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ եթէ 30 օրուան ընթացքին կառավարութիւնը չկարենայ մշակել իր աշխատանքային ծրագիրը, ապա անոր գոյութիւնը հակասահմանադրական կ՛ըլլայ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը պէտք էր իսրայէլեան ռմբակոծումին դէմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակէր:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր եւ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի հանդիպումի մը ընթացքին ընդգծեցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ Հըզպալլա իսրայէլեան ռմբակոծումներն ու յարձակումները պիտի օգտագործէ` խոչընդոտելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:

ԱՐՍԱԼԻ փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի հերքեց Ժապհաթ Նուսրայի գոյութիւնը Արսալի մէջ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին անոր յայտնած է, թէ նախագահական ընտրութեան առումով ինք պէտք է խորհրդակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES