2012 Տարուան Ընտանեկան Հաշուեկշիռին Մասին Կատարուած Վիճակագրութեան Պաշտօնական Արդիւնքները Հրապարակուած Են

dr_maral_tutelian0203Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան յայտնեց, որ վարչութիւնը ուրախութիւնը ունի երկրին որոշումները տուող պատասխանատուներուն, քաղաքականութիւնը մշակողներուն, քաղաքացիներուն եւ հետազօտողներուն տրամադրութեան տակ դնելու 2012 տարուան ընտանեկան հաշուեկշիռին մասին կատարուած վիճակագրութեան պաշտօնական արդիւնքները:

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը այս աշխատանքը կատարած է Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորումով:

Այս աշխատանքը կը բովանդակէ կարեւոր տուեալներ Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ ապրող ընտանիքներուն հաշուեկշիռին մասին:

Այս մասին պատրաստուած են համեմատութիւններու յատուկ ցուցակներ`  անհատներու եւ ընտանիքներու սննդամթերքի, ըմպելիներու, հագուստեղէնի, բնակարանի, տնային կահաւորումի, առողջապահական կարիքներու, հաղորդակցութեան, փոխադրութեան, զբօսնելու, կրթութեան, ճաշարաններու, պանդոկներու եւ այլ ծախսերուն վերաբերող:

Վիճակագրութեան պաշտօնական արդիւնքներուն կարելի է ծանօթանալ այցելելով Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնական կայքը` www.cas.gov.lb:

 

Share this Article
CATEGORIES