Հասան Ամմուն Սպաննուած Է Եապրուտի Մէջ, Իսկ Բանակը Մանքուպինի Մէջ Կը Ձերբակալէ Յանցագործ Մը

Լիբանանեան բանակի հրասայլեր` Պըտտաուիի մէջ

Լիբանանեան բանակի հրասայլեր` Պըտտաուիի մէջ

Ըստ ապահովական տեղեկութիւններուն, լիբանանցի քաղաքացի Հասան Ամմուն հինգ այլ սուրիացիներու հետ սպաննուած է Եապրուտի մէջ` սուրիական բանակին եւ ընդդիմութեան միջեւ ծաւալած բախումներուն ընթացքին:

Ապահովութեան ուժեր բացայայտեցին, որ Ամմուն ապահովական կառոյցներուն կողմէ պահանջուած ամէնէն վտանգաւոր յանցագործներէն է:

Ամմուն ինքն է, որ անցեալ ամիս Լապուէի անցարգելին մօտ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժը յանձնած է Ժ. Հմայէտի:

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան լիբանանեան բանակը Թրիփոլին Պըտտաուիի եւ Աքքարի միացնող մայրուղիի Մանքուպին շրջանին մէջ ձերբակալեց յանցագործ մը:

Նախքան յանցագործին ձերբակալումը, լիբանանեան բանակին եւ յանցագործը պահպանող զինեալներու միջեւ բախումներ արձանագրուեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES