Պան Քի Մուն Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին

Պան Քի Մուն
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու, ինչպէս նաեւ հեռանալու Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալէ:
Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին իր վերջին տեղեկագիրին մէջ Քի Մուն նշեց, որ անհրաժեշտ է ապահովել Լիբանանի չէզոքութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրել «Պաապտայի յայտարարութեան» սկզբունքները:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միասնականութեամբ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ` նկատի ունենալով անոր ստացած վտանգաւոր խորքը:
Քի Մուն նշեց, որ հակառակ սահմանային կարգ մը ընդվզումներուն եւ վտանգաւոր մագլցումներուն, հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը կարելի եղած է պահպանել: Այս շրջագիծին մէջ Քի Մուն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:
Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն մասին` ընդգծելով, որ երկրին մէջ լիբանանեան իշխանութենէն դուրս գտնուող զէնքերը կը սպառնան լիբանանեան գերիշխանութեան եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ գործակցելու գաղթակայանին պատասխանատու պաղեստինեան խմբաւորումներուն պատրաստակամութիւնը ողջունելի է:

