Զօր. Քահուաժի Աւարտեց Հռոմ Կատարած Իր Այցելութիւնը

Լիբանանեան-իտալական զինուորական բարձրաստիճան հանդիպումէն պահ մը
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ աւարտեց Հռոմ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցած էր իտալական բանակի սպայակոյտի պետ ծովակալ Լուիճի Պինելլի Մանթելլիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած էին լիբանանեան բանակը հինգ հանգրուաններով զինելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ գարնան Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին լիբանանեան բանակին զինման համար օժանդակութիւն պիտի ապահովուի յատկապէս իտալական բանակին կողմէ:
Մանթելլի հաստատեց իտալական իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը` նեցուկ կանգնելու լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան կարենայ ամրապնդել պաշտպանական իր կարողութիւնները:
Իր կարգին, զօր. Քահուաժի շնորհակալութիւն յայտնեց Մանթելլիի` Հռոմի խորհրդաժողովին յաջողութեան նպատակով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Զօր. Քահուաժի այցելեց նաեւ իտալական օդուժի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իտալական օդուժի հրամանատար զօր. Մարքօ Լինի Փերթոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ռազմափորձերու պարագային երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները:
Հռոմ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ զօր. Քահուաժի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին զոհողութիւնները` դէմ դնելու համար ահաբեկչական ցանցերուն գործած արարքներուն եւ պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Նշենք, որ Հռոմի մէջ զօր. Քահուաժի հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Հռոմի մէջ Լիբանանի դեսպան Շարպել Էսթեֆանի հետ:

