Խորհրդարանի Նախագահը Սպաննելու Ծրագիր

Ապահովական աղբիւրներ լիբանանեան մամուլին մէջ սպրդեցուցած են այնպիսի լուրեր, թէ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն հսկողութիւնը` երկրին ապահովութեան, կրցած է ձախողեցնել մեծ թիւով ապահովական ցնցումներ, ինչպէս նաեւ շարք մը քաղաքական սպանութիւններ, որոնք կը ներառէին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին սպաննելու ծրագիր մը:

Ծրագիրը պիտի գործադրուէր Քայիտայի պատկանող Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն կողմէ` հրահրելու համար միջյարանուանական լարուածութիւն, ինչպէս նաեւ սիւննի-շիի գրգռութիւններ:

Ապահովական կառոյցները այս տեղեկութիւնները կրցան բացայայտել ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ ձերբակալուած Ապտալլա Ազզամ փաղանգներու ղեկավարներէն Մահմուտ Ապու Ալֆայի խոստովանութիւններուն ընդմէջէն:

Մահմուտ Ապու Ալֆայի եւ անոր զարմիկին` Հասան Ապու Ալֆայի հարցաքննութիւններուն համաձայն, Այն Թինէի եւ Պըրրիի բոլոր շարժումները խիստ հսկողութեան տակ են Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն կողմէ:

Սպանութեան ծրագիրը կ՛ենթադրէր մեծ քանակով պայթուցիկ նիւթ կրող ականուած ինքնաշարժներով Այն Թինէի ապահովութեան հսկող անցարգելը պայթեցնել եւ ապա անձնասպանական գործողութեան հեղինակներու կողմէ մոթորսիքլեթներով հասնիլ Այն Թինէի մուտքին:

Ապահովական կառոյցները հաստատեցին նաեւ, որ դժոխային այս ծրագիրին բացայայտումը չի նշանակեր, թէ այդ ծրագիրին գործադրութիւնը տակաւին ի զօրու չէ:

Պըրրիի սպանութեան այս ծրագիրին մասին տեղեակ մնացին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, վարչապետ Թամմամ Սալամը, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներ, որոնք Պըրրիէն պահանջեցին ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմել եւ իր փոխադրութիւնները կարելի եղածին չափ նուազեցնել:

Այս առումով, խորհրդարանի նախագահը ստացաւ շարք մը դատապարտագիրներ` լիբանանցի եւ արաբ անձնաւորութիւններու եւ ղեկավարութիւններու կողմէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES