Նախագահ Սլէյմանի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Սուր Բանավէճ

Փարիզի խորհրդաժողովի լիբանանեան պատուիրակութեան նախապատրաստական նիստը

Փարիզի խորհրդաժողովի լիբանանեան պատուիրակութեան նախապատրաստական նիստը

Անցեալ շաբաթ երեկոյեան Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ուրբաթ առաւօտեան Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կատարած յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը կոչած էր փայտեայ տարազ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Հակառակ հանրապետութեան նախագահին անձին նկատմամբ մեր տածած յարգանքին, նման յայտարարութիւններէ ետք կը նկատենք, որ մինչեւ նախագահական պաշտօնավարման ներկայ նստաշրջանին աւարտը, Պաապտայի պալատը յատուկ խնամքի կարիք ունի, որովհետեւ անոր բնակիչը ոսկին փայտէն զանազանելու կարողութիւնը կորսնցուցած է»:

Պատասխանելով Հըզպալլայի հաղորդագրութեան` նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Պաապտայի պալատը կարիքը ունի, որ իր յարկին տակ տրուած որոշումները, այլ խօսքով` «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, ճանչցուին:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման նախապէս պետական  նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հետ քննարկած էր Պեքաայի Ժանթա շրջանը թիրախ դարձուցած իսրայէլեան ռմբակոծումը եւ «Պաապտայի յայտարարութեանր, նկատմամբ Հըզպալլայի կեցուածքը:

Նախագահ Սլէյման Ֆնէյշի միջոցով նամակ մը յղած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` նշելով, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն շատ աւելի վեհ է եւ անոր գործադրութիւնը Լիբանանի համար պարտաւորիչ է` նկատի ունենալով, որ անիկա մաս կազմած է ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի փաստաթուղթերուն եւ անոր հիման վրայ միջազգային ընտանիքը Լիբանանի համար որոշումներ տուած է:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ սահմանամերձ լիբանանեան գիւղաքաղաքներուն ռմբակոծումը եւ կոչ ուղղեց սուրիական բոլոր կողմերուն վերջ տալու Լիբանանը թիրախ դարձնելու արարքներուն:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ լիբանանեան բոլոր կողմերուն միջամուխ չդառնալու այլոց տագնապներուն եւ յանձնառու մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան» սկզբունքներուն:

Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կ՛աւարտէ իր աշխատանքային ծրագիրին մշակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան բանակին զինումը ապահովել եւ երկրին քաղաքական հեղինակութիւնը ստանձնել:

Ան նախագահեց Փարիզի խորհրդաժողովին մասնակցող պատուիրակութեան նախապատրաստական նիստին, որուն մասնակցեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, ինչպէս նաեւ պետական եւ վարչական այլ պատասխանատուներ:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան զբօսաշրջութեան նախարար Միշել ֆարաոն եւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:

Share this Article
CATEGORIES