Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Մարկվելաշվիլիի Հետ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլին:
Վրաստանի նախագահը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցելով անմեղ զոհերու յիշատակին, ապա ծառ տնկեց յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ:
Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի նախագահին դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու դռնփակ հանդիպումը: Նախագահները այնուհետեւ բանակցութիւնները շարունակեցին ընդլայնուած կազմով` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Վրաստանի նախագահը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ Վրաստանի նախագահին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը նոր ազդակ հաղորդէ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան, հայ եւ վրացի ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ բարեկամութեան: Հանդիպման պատեհ առիթով Հայաստանի նախագահը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Կիորկի Մարկվելաշվիլին Վրաստանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ինք համոզուած է, որ այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան հայ-վրացական օրակարգին մէջ ներառուած բոլոր հարցերու ուղղութեամբ արդիւնաւէտ քննարկումներ, ինչ որ թոյլ կու տայ անընդհատ զարգացող երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակը:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ կարեւոր է լսել նաեւ նախագահ Մարկվելաշվիլիի տեսակէտը շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, քանի որ երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակը կարելիութիւն կու տայ կառուցողական մօտեցումով դիտարկել բոլոր այն հարցերը, որոնք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Վրաստանի համար:
Բանակցութիւններու ծիրին մէջ քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ենթակառուցային ծրագիրներ, որոնք, ըստ կողմերուն, երկու երկիրներու տնտեսական յառաջընթացի ապահովման տեսանկիւնէն կարեւոր են:
Վրաստանի նախագահ Մարկվելաշվիլի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ անոր մայրաքաղաքին հետ ունի շատ ջերմ յիշողութիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի երկու ժողովուրդներու միացեալ կեանքի բազմադարեան մշակոյթ: Վրաստանի նախագահը ընդգծեց, որ այսօր երկու երկիրները կը շարունակեն կառուցել այն, որուն հիմքը արդէն իրենց նախնիները դրած են: Ըստ անոր, ատիկա բարեկամական յարաբերութիւններու, մշակութային կապերու, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու հիմքն է: Ան յայտնեց, որ վիրահայերը շատ բան կ՛ընեն Վրաստանի համար. անոնք կ՛ամրապնդեն Վրաստանի տնտեսութիւնը, կը հարստացնեն մշակոյթը: Վրաստանի նախագահը համոզում յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ հայերը իրենց աւանդութիւնները չեն կորսնցներ եւ սրբօրէն կը պահպանեն զանոնք, ինչպէս նաեւ մշակոյթը, լեզուն, եւ այդպիսով կը հարստացնեն նաեւ վրացական մշակոյթը: Ան ընդգծեց, որ Վրաստանը ազատութեան եւ մշակոյթներու հանդիպման վայր է, ուր տարբեր մշակոյթներ կը զարգանան եւ նոր ծիլեր կու տան:
Ըստ Վրաստանի նախագահին, իր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Երեւան կարեւոր է նաեւ շրջանային հարցերու քննարկման տեսանկիւնէն, քանի որ հայ եւ վրացի ժողովուրդները կ՛ապրին նոյն շրջանին մէջ, ունին այդ շրջանին մէջ ընդհանուր ապագայ, իսկ Հայաստանի մասնակցութիւնը շրջանային հոլովոյթներուն մէջ նշանակալի է: Վրաստանի նախագահը նոյնպէս յոյս յատնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ հարցերը բարի դրացիական մթնոլորտի մէջ ընթացող բանակցութիւններով լուծում կը ստանան:
Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահները իրենց բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփեցին զանգուածային լրատուամիջոցներուն առջեւ յայտարարութեամբ մը:

