Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Զեկուցումին. Հայաստանի Նախագահական Ընտրութիւնը Եղած Է Լաւ Կազմակերպուած, Բաց Եւ Թափանցիկ

StateDeptՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է տարբեր երկիրներու մէջ մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարութեան վիճակին մասին իր զեկուցումը, որուն մէջ նշուած է, որ Հայաստանի մէջ 18 փետրուար 2013-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը, որ ըստ ԵԱՀԿ-ի, լաւ ու արհեստավարժ մակարդակով կազմակերպուած էր, բաց եւ թափանցիկ էր, թէեւ եղած են նաեւ թերացումներ:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ անցեալ տարուան ընթացքին մարդկային իրաւանց մարզին մէջ ամէնէն լուրջ խնդիրները եղած են փտածութիւնը, կառավարման համակարգի ոչ թափանցիկ աշխատանքը, դատական համակարգի կախեալութիւնը իշխանութիւններէն:

Թէեւ 2013-ի ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ որոշ քայլեր ձեռնարկած է, սակայն իշխանութիւնները սահմանափակուած են միայն միջին եւ ցած մակարդակի պաշտօնեաներ պատժելով:

Զեկուցումի հեղինակներուն մօտ մտահոգութեան առիթ հանդիսացած են նաեւ բանակին մէջ ոչ պատերազմական պայմաններու մէջ զինուորներու մահուան դէպքերը: Հեղինակները կը նշեն, որ ոչ պատերազմական պայմաններու մէջ մահուան դէպքերու մեծ մասին մեղաւորները չեն ենթարկուիր պատասխանատուութեան:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2013-ին Հայաստանի մէջ շարունակած են լուրջ խնդիրներ մնալ կրօնական, միասեռականներու, ընտանեկան բռնութեան, մամուլի ազատութեան, մարդկային առեւտուրի, հաշմանդամներու ու բանտարկեալներու նկատմամբ խտրականութեան հարցերը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ բանտերուն մէջ ազատազրկուածները կ՛ապրին նողկալի պայմաններու մէջ` բնակելով գերծանրաբեռնուած բանտախուցերու մէջ, օգտուելով շատ վատ սնունդէ ու զուրկ ըլլալով բժշկական օգնութեան կարելիութենէն:

Խօսելով Հայաստանի դատական համակարգի թերացումներուն մասին` փաստաթուղթին հեղինակները անդրադարձած են Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի որդիին ազատ արձակման ու «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ դաժան ծեծի պատճառով սպաննուած Վահէ Աւետեանի գործերուն:

Ազրպէյճանցիները Կորսնցուցած Են Խաղաղ
Իշխանափոխութիւն Կատարելու Իրաւունքը

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ նոյն զեկուցումին մէջ Ազրպէյճան խիստ քննադատութեան ենթարկուած է:

Մասնաւորաբար, քննարկուած է Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը, որ ԵԱՀԿ-ի բնորոշումով` չէ համապատասխանած ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներուն: Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ հակառակ անոր որ երկրին մէջ կը գործէ աւելի քան 50 կուսակցութիւն, իշխող Ենի Ազրպէյճան կուսակցութիւնը կը շարունակէ գերիշխող դեր ունենալ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ:

Զեկուցումին մէջ առանձնացուած են Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց հարցերով հետեւեալ խնդրայարոյց մարզերը.

– Անցեալ տարուան ընթացքին սահմանափակուած են խօսքի եւ հաւաքներու ազատութիւնները, իշխանութիւնները շարունակած են վախցնել իրաւապաշտպանները եւ գործիչները` զանոնք ձերբակալելով եւ ֆիզիքական բռնութեան ենթարկելով:

– Մինչեւ նախագահական ընտրութեան պաշտօնական սկիզբը` իշխանութիւնները միայն քանի մը բողոքի ցոյցեր արտօնած են: Սակայն ցոյցի արտօնութիւնը տրուած է ընդդիմութեան համար անյարմար վայրի մէջ, իսկ անօրինական ցոյցերը ցրուուած են, իսկ ցուցարարները` ձերբակալուած:

– Հասարակական կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորման մասին օրէնքը անցեալ տարի զգալի չափով սահմանափակուած է:

– Քաղաքացիները կորսնցուցած են խաղաղ ճամբով կառավարութիւնը փոխելու իրենց իրաւունքը: Ընտրութիւնները անցած են ճնշումներու մթնոլորտի մէջ, թեկնածուները քարոզարշաւի համար հաւասար կարելիութիւններ չեն ունեցած, իսկ անոնց բողոքարկումները առարկայական կերպով չեն քննուած:

Զեկուցումին մէջ կը մատնանշուին նաեւ ազրպէյճանական բանակին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները, մանաւանդ անմարդկային վերաբերմունքը զինուորական ծառայութիւն կատարողներուն նկատմամբ, անոնց նկատմամբ խիստ պատժամիջոցները, կեանքին եւ անվտանգութեան սպառնացող վտանգը` բանակային անօրինականութիւններու ենթահողին վրայ: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ 69 ազրպէյճանցի զինուորներ մահացած են ոչ մարտական պայմաններու մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համոզումով` Ազրպէյճանի մէջ դատարանները անարդար են, անօրինական ձերբակալութիւններ կը կատարուին, նաեւ ձերբակալութիւններ` քաղաքական դրդապատճառներով, դատական համակարգը իշխանութենէն կախեալ է:

Զեկուցումին մէջ նաեւ կը նշուի, որ հակառակ փտածութեան դէմ պայքարի ծառայութեան գոյութեան, Ազրպէյճանի ամբողջ պետական մարմինը փտած է:

Share this Article
CATEGORIES