«Նաիրիտ»-ի Հարցով Յանձնախումբ Պիտի Չստեղծուի
Անցեալ հինգշաբթի օր Ազգային ժողովը 44 թեր, 55 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ մերժեց «Նայիրիտ» գործարանի խնդիրները ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու ՀՅԴ խմբակցութեան նախաձեռնութիւնը: Քուէարկութենէն առաջ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 20 վայրկեան ընդմիջում խնդրեց, սակայն ատիկա ալ չփրկեց իրավիճակը: Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան յայտարարեց, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն նախաձեռնութեան:
CATEGORIES Հայկական

