Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Երկար մտածելով հարց մը չի լուծուիր, կը կարօտի ժամանակի. հետեւաբար առժամաբար մէկ կողմ դրէք տուեալ խնդիրը: Օր մը ինքնաբերաբար կը կարգադրուի` զարմացնելով ձեզ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տրամադրուած էք օգտակար ըլլալու անձի մը, զոր չէք ճանչնար: Ձեր վեհանձնութիւնը պիտի գնահատուի ամէնուն կողմէ: Կարեւորը բարիքն է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ստանձնած պարտականութիւնները կամ յանձնառութիւնը պիտի կատարէք անտրտունջ, որքան ալ յոգնիք: Հոգեկան գոհունակութիւնը ուրախութիւն պիտի պարգեւէ` մոռնալով յոգնութիւնը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կատարեալին կը ձգտիք, կը մոռնաք ձեր կարելիութիւնները: Իմաստութիւնը անհրաժեշտութիւն է այս պարագային: Նախ ձեռնարկեցէք, ետքը կը մտածէք բարելաւման մասին: Կատարեալը կրնայ ուշանալ, համբերեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ հարցումներ կ՛ուղղէք դուք ձեզի, բայց պատասխաններ չէք գտներ: Տէրը եղէք ձեր ջիղերուն, թեթեւցուցէք «ինչու»-ները, որպէսզի խաղաղ մնաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ինքնուրոյն ըլլալ կ՛ուզէք, կը հետապնդէք պարզը, օգտակարը եւ ոչ` երեւութականը: Կը յաջողիք, երբ աշխատանքը կը սիրէք: Մնացէք նոյնը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Քննադատութիւնը մի՛ շփոթէք բամբասանքին հետ: Ձեր լսածը հաստատելու համար բարձրաձայն մի՛ արտայայտուիք, ձգեցէք, որ ինքնին յայտնուի հարցը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յիշատակներ պիտի արթննան ձեր մտքին մէջ: Լաւ յուշերը կ՛ուրախացնեն, բայց մնացէք միայն հաճելի անդրադարձներով, մոռցէք անհաճոն, դասեր քաղեցէք իրագործուած բարիքէն եւ կիրարկեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եսակեդրոն դարձած էք, թէեւ կը սիրէք բարեկամութիւնը եւ ծառայելը: Կարեւորութիւն մի՛ տաք եւ մի՛ ազդուիք այն անձերէն, որոնք չեն գիտեր իրենց ըրածը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ամէն ճշմարտութիւն արտայայտելը լաւ չէ, կրնաք չհասկցուիլ: Արդար ըլլալը գերագոյն բարիքն է, բայց նոյն ատեն կը վնասէ տուժողին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յառաջիկայ շաբաթավերջին համար կազմակերպեցէք բարեկամական պտոյտ մը` բնութեան ծոցին, շատ պիտի գնահատուի ձեր առաջարկը, հաւաքական զուարթ պահեր պիտի ապրիք` հեռու հոգերէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրուան ձեր պարտականութիւնը կատարեցէք, նոր եւ աւելորդ գործերով մի՛ զբաղիք, որպէսզի ժամավաճառ չըլլաք: Երազկոտ մի՛ ըլլաք, այլ` գործնական:

Share this Article
CATEGORIES