50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1964)

Հայ Կեանք

Արտաւազդ Եպիսկոպոս
Մարսէյի Մէջ

Մարսէյէն կը գրեն 29 փետրուար թուականով.-

Արտաւազդ եպիսկոպոսի օդանաւը որոշեալ ժամուն հասած է օդակայան, ուր հարիւրէն աւելի բազմութիւն մը 30-40 ինքնաշարժներով եկած էին դիմաւորելու զինք:

Այս բազմութեան մաս կը կազմէին բոլոր քահանաները (բացի Փրատոյի եկեղեցւոյ քահանայէն), բոլոր թաղական խորհուրդները (բացի Փրատոյի հոգաբարձութենէն), Կապոյտ խաչը իր բոլոր մասնաճիւղերով, «Նոր Սերունդ»-ի Շրջ. վարչութիւնը ամբողջական կազմով եւ արենուշները:

Օդակայանի տնօրէնութիւնը տեսնելով ընդունելութեան բացառիկ բնոյթը` մասնաւոր կարգադրութեամբ արտօնած է, որ սրահներու անցքերը բացուին եւ ժողովուրդը մուտք գործէ:

Երբ Արտաւազդ եպիսկոպոս օդանաւէն իջած է, երկու տասնեակ արենուշներ համազգեստով երկու ծաղկեփունջ նուիրած են իրեն ու` բարեւի կեցած:

Ազգային վարչութեան նախագահը սրբազանին ներկայացուցած է ներկաները, եւ սկսած է աջահամբոյրը:

Ամբողջ թափօրը նոյն շքերթով առաջնորդած է եպիսկոպոսը Պուլվ. Օտտոյի եկեղեցին, որ արդէն բերնէ բերան լեցուած էր հաւատացեալ ժողովուրդով:

Զանգակներու ղօղանջին տակ, «Հրաշափառ»-ով սրբազանը մուտք գործած է եկեղեցի եւ ըրած` իր գոհաբանական աղօթքը: Ապա, վերջին ծայր յուզուած իրեն եղած այս անսպասելի եւ փառաւոր ընդունելութենէն, իմաստալից քարոզ մը խօսած եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնած է:

Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Յ. Պապիկեան բարի գալուստի խօսքերով հաւաստիացուցած է սրբազանը, որ իր ծանր պարտականութեան մէջ վարչութիւնը իրեն զօրավիգ պիտի ըլլայ:

Սեն Ժերոմի քահանայ հայրը, յանուն Կրօնական ժողովի` բարի գալուստ մաղթած է, ինք եւս իր կարգին Արտաւազդ եպիսկոպոսին իր հաւատարմութիւնը յայտնած է` ըսելով, որ քահանայ հայրերը միշտ զօրավիգ պիտի կանգնին իրեն, որպէսզի իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուի:

Դժուար եղած է հեռացնել սրբազանը եկեղեցիէն` երկար աջահամբոյրներու պատճառով:

Եկեղեցիէն դուրս գալով` ժողովուրդը հետեւած է թափօրին մինչեւ առաջնորդարանի փառաւոր շէնքը, որ կահաւորուած եւ լուսաւորուած էր, ինչ որ բոլորի շնորհաւորութեան առարկան դարձաւ: Հոն տեղի ունեցած է պաշտօնական հացկերոյթ մը:

Շարլ Ազնաւուր Արտակարգ
Խանդավառութիւն Կը Ստեղծէ Մոսկուայի Մէջ

Երգիչը Հայաստան Պիտի Երթայ

 

Շարլ Ազնաւուր արտակարգ խանդավառութիւն ստեղծած է Մոսկուայի մէջ, ուր տուած է իր առաջին երգահանդէսը: Ծանրախոհ «Լը Մոնտ»-ի թղթակիցը չի վարանիր գրելէ, թէ Շ. Ազնաւուր Մոսկուայի մէջ ֆրանքեւխորհրդային դիւանագիտական յարաբերութեանց «ձիւնհալ»-ին մէկ գլուխն է:

Երգիչը մասնաւոր շնորհաւորութիւններ ստացած է բանաստեղծ Եւտուշենքոյէն` «Լա մամմա» երգին համար: Մշակոյթի առաջին փոխնախարար Քուզնեցով անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Շարլ Ազնաւուրին, որ «նոր արուեստ մը ցոյց տուած է Միւզիք Հոլի մասնագէտներուն»: Միշել Թաթիւ կ՛եզրակացնէ. «Ամէն մարդ համաձայն է ըսելու համար, որ Շարլ Ազնաւուր մասնաւորաբար մեծ յաջողութիւն մը պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, Երեւան: Մոսկուայի հայերը արդէն առաջին փաստ մը տուին»:

Ֆրանսական Մամուլն Ու Ձայնասփիւռը
Ազնաւուրի Մեկնումին Առիթով

Ֆրանսագիր մամուլն ու ձայնասփիւռը լայն տեղ կու տան Շ. Ազնաւուրի մեկնումին դէպի Հայաստան եւ «Օրոր» կը խորագրէ` «Ուխտագնացութիւն ի Հայաստան»: Շարլ Ազնաւուր մեկնումի պահուն յայտարարած է մամուլին.

«Ամէն բանէ առաջ ուխտագնացութիւն մը պիտի կատարեմ նախնեացս հողին վրայ: Երեւան, մեծ մայրս պիտի ճանչնամ, հօրեղբայրներս, հօրաքոյրներս, վերջապէս` մօտ հարիւր հոգի: Գալով Ա. Միկոյեանի հետ տեսակցութեանս, շատ խօսուեցաւ այդ մասին, ցարդ որոշ բան մը չկայ»:

Այս մեկնումին առիթով ֆրանսական պատկերասփիւռը առաջին անգամ ըլլալով գործածած է յատուկ քամերաներ, որոնք թոյլ կու տան պատկերներուն անմիջական սփռումը: Ելեկտրոնային այս գործիքները միակն են աշխարհի մէջ եւ թոյլ կու տան, որ պատկերասփիւռը ունենայ նոյն առաւելութիւնները, ինչ որ ձայնասփիւռը, անմիջական սփռումի, առանց նախապէս պատրաստութիւններ տեսնելու:

Շարլ Ազնաւուր 25 վայրկեան երգեց առջի իրիկուն պատկերասփիւռէն, զանազան լեզուներով, բայց մեկնումի պահուն յայտարարեց, թէ միայն ֆրանսերէն պիտի երգէ Խորհրդային Միութեան մէջ:

Այս մեկնումը սփռուեցաւ ուղղակի Օրլիի օդակայանէն, չորեքշաբթի, ցերեկուան լուրերու յայտագրին մէջ:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES