ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Եռօրեայ Սեմինար
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի խմբապետական կազմին, ուրբաթ 21 շաբաթ 22 եւ կիրակի 23 փետրուար 2014-ին տեղի ունեցաւ դաստիարակչական եռօրեայ սեմինար մը, ՀՄԸՄ Ժունիէի ակումբին մէջ` մասնակցութեամբ մասնաճիւղի 33 պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ երէց պարմանուհի փաղանգներուն:
Սեմինարը ընթացք առաւ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին` մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով յիշատակը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեանի: Ապա սեմինարը պաշտօնապէս բացուած նկատուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգի կատարումէն ետք:
Սեմինարի առաջին նիւթն էր «Ղեկավարը կը ծնի՞, թէ՞ կը պատրաստուի», դասախօսն էր Բիւզանդ Մկրտիչեան, նիւթը եղաւ բանավէճի միջոցով, որուն ընթացքին սկաուտները բաժնուեցան խումբերու եւ թեր ու դէմ կարծիքներով ունեցան հաճելի եւ արդիւնաւէտ զրոյց մը, որուն աւարտին հասան եզրակացութիւններու:
Սեմինարի երկրորդ օրը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց նախաճաշը: Շաբաթ օրուան առաջին նիւթն էր «Ո՞վ է խմբապետը, գերադաս եւ ստորադաս փոխյարաբերութիւն եւ սկաուտական ոգի», դասախօսն էր Յակոբ Չպլաքեան: Նիւթի ներկայացումէն ետք մասնակցողները խօսեցան իրենց փորձառութիւններուն մասին:
Յաջորդաբար մասնակցողները ունեցան զուտ սկաուտական հմտութիւններու նիւթեր, ինչպէս` թղթածրար, տեղեկագիր եւ հաշուական պատրաստելու ձեւեր, դասախօսներ ունենալով Բիւզանդ Մկրտիչեան, Անի Քէօմպէճեան եւ Թալին Պէրպէրեան:
Ճաշի դադարէն ետք առաջին նիւթը եղաւ «Դիւանական աշխատանքի կարեւորութիւնը». դասախօսն էր Յակոբ Քէշիշեան, որ ընդլայնուած ձեւով բացատրեց դիւանական աշխատանքի ձեւը եւ կարեւորութիւնը:
Կէսօրէ ետք մասնակիցները ունեցան ազատ ժամ, որուն ընթացքին կարողացան մասամբ մը հետեւիլ ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբի խաղին` Ժունիէի ակումբը վերածելով մարզադաշտի:
Սեմինարի 6-րդ նիւթը եղաւ «Ինչպէ՞ս յայտագիր պատրաստել», դասախօսն էր Իրմա Ճէրէճեան, նիւթը ընթացաւ խմբային աշխատանքներու եւ ներկայացումներու ձեւով: Դասախօսութեան յաջորդեց դրօշակի արարողութիւն, որ կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ: Սեմինարի երկրորդ օրուան 7-րդ նիւթի դասախօս Արտա Զէյթունցեան փոխանցեց սկաուտական հիմնական եւ կարեւոր նիւթերէն մէկը` «Խմբակային դրութիւն»:
Ընթրիքէն եւ քիչ մը հանգիստէ մը ետք երկրորդ օրուան 8-րդ եւ վերջին նիւթը եղաւ «Իմոշընըլ ինթելիճընս», զոր ներկայացուց Ֆուատ Մուրատեան: Նիւթի ընդհանուր բաժինը եղաւ աշխատանքային, որուն ընթացքին սկաուտները մասնակցեցան ներկայացումներով, դերասանութեամբ, ինչպէս նաեւ փորձարկումներով:
Շաբաթ օրուան երկար օրէն ետք կիրակին սկսաւ կանուխ եւ առողջ վիճակի մէջ:
Կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որուն յաջորդեց նախաճաշ: Ժամը 9:00-ին ներկայացուեցաւ առաջին դասախօսութիւնը` «Մայնտ մեփ», զոր ներկայացուց Ժանօ Քէչէճեան` գործնական եւ տեսական բաժիններով: Սեմինարի վերջին նիւթն էր «Փրոթոգոլ», զոր ներկայացուց Վաչէ Նաճարեանը:
Սեմինարի աւարտին մասնակիցները իրենց կարծիքը եւ արժեւորումը ներկայացուցին` ամբողջացնելով արժեւորման յատուկ թղթիկներ, իսկ անկէ ետք ստացան իրենց հաստատագիրները եւ դրօշակի վար առնուելէն ետք անոնք մեկնեցան տուն` ամբարուած նոր գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ` յուսալով, որ իրենց այս գիտելիքները իրենք ալ իրենց կարգին փոխանցեն իրենց անդամներուն:

