Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

S.Sahag_S-Mesrob_0403Յամենայն դէպս մեզի համար կարեւորը այն է, որ Բիւզանդիոն գացած պատուիրակութիւնը քանի  մը ամիս տեւած բանակցութիւններէ ետք, վերջապէս յաջողեցաւ ստանալ կայսեր արտօնութիւնը: Խորենացին կ՛ըսէ, որ անոնք ստացան շատ աւելին, քան կը յուսային, եւ ապա կը մէջբերէ կայսեր` Սահակ կաթողիկոսին յղած նամակը, որով ընթացք կը տրուէր անոր խնդրանքին: Նոյնպէս Կ. Պոլսոյ պատրիարք Ատտիկոս, որ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Բիւզանդիոնի արքունիքին մէջ, Սահակ կաթողիկոսին ուղղուած պատասխան նամակով մը կը հաղորդէ իր «սիրելի եղբօր եւ աթոռակցին» կայսեր հրամանը, որով իրաւունք կը տրուէր անոր ուսուցանել նորագիւտ հայերէն տառերն ու հայկական դպրութիւնը կայսեր իշխանութեան տակ գտնուող բիւզանդական Հայաստանի մէջ*:

Այնուհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց, Վարդան Մամիկոնեան եւ Գնիդ եպիսկոպոս Բիւզանդիոնի մէջ մեծ պատիւներու արժանանալէ ետք փութացին ներկայանալ սպարապետ Անատոլիոսին, որ անցեալին վերապահութիւն ցուցաբերած էր Սահակի եւ Մեսրոպի ունենալիք առաքելութեան նկատմամբ. այժմ ստանալով կայսերական սրբազան հրամանագիրը` ուրախութեամբ ընդառաջեց պատուիրակութեան խնդրանքին: Բնականօրէն յունական բաժնի հայ նախարարներն ու իշխանները, եպիսկոպոսներն ու ողջ հոգեւորականութիւնը սիրայօժար կերպով ընդունեցին` Մեսրոպ Մաշտոցի միջոցով հայ ժողովուրդին շնորհուած երկնային պարգեւները:

Կորիւնի վկայութեամբ, Անատոլիս «այնուհետեւ պատգամաւորներ ուղարկեց կայսեր իշխանութեան մէջ եղած հայոց կէս ազգի գաւառները` բազմաթիւ մանուկներ ժողվելու եւ անոնց թոշակ նշանակելու համար յարմար վայրերու մէջ, ուր երանելին [Մաշտոցը] իր ուսուցչութիւնը կը կատարէր»**: Այլ խօսքով, այստեղ եւս կը հաստատուին առաջին հայկական դպրոցները: Եկեղեցական արարողութիւնները, որ կը կատարուէին միայն յունարէնով, այժմ կը կատարուին հայոց լեզուով: Մեծ թիւով կրօնական եւ պատմական գրքեր յունարէնէ կը թարգմանուին հայերէնի: Այս կերպով, շնորհիւ Ս. Սահակի եւ Մեսրոպ վարդապետի եւ անոնց ժրաջան աշակերտներու հետեւողական ջանքերուն, այն հրաշքը, որ իրագործուէր էր Հայաստանի պարսկական բաժնին մէջ, իրականութիւն կը դառնայ յունական բաժնին մէջ:

Ըստ Խորենացիի, այս շրջանին Սահակ հայրապետ կը գտնուէր յունական բաժնին մէջ` որպէս հովուապետ հովանաւորելու եւ կազմակերպելու յառաջ տարուող հայերէնի ուսուցման աշխատանքները: Օրմանեանի կարծիքով, ան մնաց յունական բաժնին մէջ բաւական երկար` շուրջ չորս տարի, մինչեւ պարսկական բաժնի նախարարներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը գալով իր մօտ` խնդրեց, որ վերադառնայ Վաղարշապատ, որպէսզի հայ նախարարները իրար մօտ բերելով` ստեղծէ միաբանութիւն անոնց միջեւ եւ ապա օգտուելով արքայից արքայ Վռամի Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքէն` երկիրը դուրս բերէ իր անիշխանական վիճակէն:

Բնականաբար Սահակ կաթողիկոս չէր կրնար անտարբեր մնալ Պարսկահայաստանի ճակատագրի նկատմամբ, ուստի յունական բաժնին մէջ սկիզբ առած գործը կը յանձնէ իր տեղակալին` Մաշտոցի, իսկ իր երկու թոռները` Հմայեակն ու Համազասպեանը կը նշանակէ անոր օգնականները, պետական ու զինուորական գործերու համար. այնուհետեւ կը վերադառնայ Վաղարշապատ` իրեն հետ տանելով երրորդ թոռը` մեզի ծանօթ Վարդան Մամիկոնեանը:

Ինչ կը վերաբերի Մեսրոպ Մաշտոցին, մի առ ժամանակ ան կը շարունակէ ամբողջութեամբ նուիրուիլ բիւզանդական Հայաստանի մէջ իրեն վստահուած առաքելութեան: Կրթական գործը ամուր հիմքերու վրայ դնելու նպատակով, իւրաքանչիւր գաւառի եպիսկոպոսին կը վստահի (այս օրերու մեր հասկացողութեամբ) դպրոցական տեսուչի պաշտօնը: Մաշտոցի գլխաւոր յաջողութիւններէն մէկն ալ եղաւ Շատգոմի հովիտին մէջ հաստատած վարդապետանոցը, որ Օրմանեանի կարծիքով, կարելի է համարել Հայաստանի մէջ ապագային հիմնուելիք բազմաթիւ դպրեվանքերու անդրանիկ օրինակը***:

Այս վանական հաստատութիւնը շրջան մը անձամբ կառավարելէ եւ աշակերտներու առաջին խումբերու ուսուցումը աւարտելէ ետք, անոր տեսչութիւնը կը յանձնէ իր աշակերտներէն Ղեւոնդ Վանանդեցիին եւ ինք կը մեկնի Գողթն գաւառ` ջնջելու համար տակաւին այնտեղ յամեցող հեթանոսական աղանդներու հետքերը:

Իր գործունէութեան սահմանները ընդարձակելով` իր մեղուաջան աշխատանքները կը տարածէ Պարսկահայաստանի այլ գաւառներու վրայ. տեղական իշխաններու աջակցութեամբ կը յաջողի ամէնուրեք ամրապնդել քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքերը եւ զարկ տալ հայկական դպրութեան ուսուցման: Երկար բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ Վաղարշապատ` Սահակ հայրապետի մօտ, զեկուցելու անոր` Աստուծոյ օգնութեամբ իր ունեցած յաջողութիւններու մասին: Վաղարշապատի մէջ ան կը գտնէ նաեւ Հայաստանի գահին բարձրացած, երիտասարդ հայոց արքան` Արտաշէսը:

Փակելէ առաջ այս համառօտ ակնարկը բիւզանդական Հայաստանի մէջ իրագործուած միտքերու լուսաւորութեան յաջորդական հանգրուաններուն վրայ, անհրաժեշտ կը նկատենք կատարել հետեւեալ կարեւոր հաստատումները:

Առաջին հերթին Սահակ կաթողիկոս յաջողեր էր իր հայրապետական իշխանութիւնը վերահաստատել ազգի միւս կէսի Հայոց եկեղեցւոյ վրայ: Այս կերպով ան Հայոց եկեղեցին ազատած կ՛ըլլար վարչականօրէն եւ նուիրապետական կարգով բիւզանդական եկեղեցւոյ ենթարկուելու վտանգէն:

Երկրորդ` եկեղեցական արարողութիւնները հայերէն լեզուով կատարելով Հայոց եկեղեցին կը փրկուէր բիւզանդական եկեղեցւոյ մէջ ձուլուելու անխուսափելի ճակատագրէն:

Երրորդ` Սահակ կաթողիկոսի, Մեսրոպ վարդապետի եւ անոնց աշակերտներու բոլորանուէր ջանքերով, Հայաստանի երկու բաժիններուն մէջ Մեսրոպեան տառերու եւ հայկական դպրութեան հաստատումը, եկեղեցական արարողութեանց` ասորերէնի եւ յունարէնի փոխարէն, հայերէնով կատարուիլը անջնջելիօրէն դրոշմեցին Հայ եկեղեցւոյ զաւակներու հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ նոյն եկեղեցւոյ եւ նոյն ժողովուրդին պատկանած ըլլալու խորունկ գիտակցութիւնը:

Այլ խօսքով, հայերէնախօս Աստուածաշունչը, հայաբարբառ մեր ժամերգութիւնները, կրօնական-հայեցի դաստիարակութիւնը, Հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ ստեղծեցին կրօնական ու ազգային ապրումներով սնուած, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներով ամրապնդուած անքակտելի կապ մը, փոխանցեցին հայօրէն գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու` սրբազան պայքարի անխորտակելի ոգին: Զինուած այդ հոգեւոր զէնքերով` հայը կրցաւ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին պահպանել իր ազգային իւրայատուկ դիմագիծը, անկախ այն իրողութենէն, որ պատմական Հայաստանի այս կամ այն բռնագրաւեալ երկրամասին վրայ ո՛ր պետութիւնը կամ կայսրութիւնը կը տիրէր, բիւզանդացի՞ն, թէ՞ պարսիկը, արա՞բը, թէ՞ մեմլուքը, սելճո՞ւքը, թէ՞ մոնկոլը, օսմանցի՞ն, թէ՞ ռուսը:

 

(Շար. 8)

—————

* Խորենացի, հատուած Գ., Գլ. ԾԷ:
** Կորիւն, անդ, Գլ. ԺԶ:
*** Օրմանեան, «Ազգապատում», անդ թիւ 206:

Share this Article
CATEGORIES