Եզակի Հրատարակութիւն Մը. Երաժշտական Դասագիրք-Տետրակ Սկսնակներու Համար
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ուրախութեամբ տեղեկացանք երաժշտական նոր հրատարակութեան մը մասին, տպուած` «Փոմիկրավիւր» տպարանին մէջ: Հեղինակն է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի դաշնակի ուսուցչուհի Նառա Էքիզեան-Մարկոսեան:
Սկսնակներու վերապահուած դասագիրք մըն է, օգտակար, դիւրին ըմբռնելի` երաժշտութիւնը սիրողին, 24 էջերով: Բացատրութիւնները տրուած են գծագրուած ձեւով, ձայնանիշներու գիծերուն յատուկ: Բացատրութիւնը այնքան յստակ բառերով ներկայացուցած է երաժիշտ մանկավարժը, որ դիւրացուցած է սորվիլը:
Մանուկներու յատուկ մանկական գրականութիւն ունինք, պատկերազարդ գրքոյկներ, դասագիրք ըլլան թէ հեքիաթ պատմող ընթերցանութիւն:
Այս պարագային, կրնանք ըսել, որ աննախընթաց է նման դասագիրք մը, որ երաժշտութիւն կ՛ուսուցանէ մեծահասակ սկսնակին, մանուկին կամ պատանիին:
Բացատրուած են եօթը հնչիւններ, այսինքն` նոթագրութիւն, նոթեր (ձայնանիշ) երաժշտական բանալիներ, ո՞ւր կ՛ապրին նոթերը, հնչիւնաշար, ծանօթանանք նոթերու տարբեր ձեւերուն, սորվինք նոթերու չափերը, սորվինք լռութեան նշանները, կ՛ուզե՞ս գիտնալ` ո՞վ յայտնագործած է նոթերը:
Այս տողերը կը պատկանին հեղինակին ներկայացուցած բացատրական ցանկին: Երաժշտագէտ չենք, բայց իբրեւ երաժշտասէր` կրնանք ըսել, թէ ոեւէ անձ, որ պիտի հետեւի երաժշտական ուսման, կրնայ օգտուիլ Նառա Էքիզեան-Մարկոսեանի ստեղծագործած այս ինքնուրոյն եւ իւրայատուկ երաժշտական գրքոյկէն:
Ըսինք, թէ գիծերու եւ բառերու միասնութեամբ պատրաստուած է դասագիրքը: Հաւանաբար ուսուցիչի մը փոխանցած ծանօթութիւններէն աւելի հասկնալի դասագիրք մը: Շնորհաւորելի եւ գնահատելի է նախաձեռնութիւնը, կը թելադրուի նկատի առնել, եթէ կ՛ուզենք, որ մեր նորածիլ զաւակները հետաքրքրուին երաժշտութեամբ, նուագելու կամ երգելու համար:
Պարման տարիքի երաժշտութիւն ուսանողին եւս շինիչ օգտակար եւ ուսուցիչին դերը դիւրացնող դասագիրք մըն է այս, որ կ՛արժէ քաջալերել մեր նորածաղկ զաւակները առաջնորդելու համար դէպի արուեստ:
Մանուկը կամ պարման-պատանին համակարգիչին շնորհած ժամանց-խաղերէն պահ մը հեռու մնալու լաւագոյն խայծն է այս գրքոյկը: Ծնողաց կը մնայ հետաքրքրուիլ եւ գնահատել երաժիշտ-դաշնակահար Նառա Էքիզեան-Մարկոսեանի այս աշխատասիրութիւնը: Ստանալու համար դիմել հեղինակին, հեռ. 01/255828 թիւին: Ձեւաւորումը եւ էջադրումը կատարած են Ռուբինա Մարկոսեան եւ Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան:

