Ցեղասպանութիւնը Ուրացողը Թրքաբարոյ Քայլեր Կ՛առնէ Հայ Դատի Ներկայացուցիչին Դէմ

0207kateՉորեքշաբթի, փետրուար 5-ին, Անգարայի աջակցութիւնը վայելող Թրքական ուսմանց հիմնարկի գանձապետ Էտուըրտ Էրիքսըն զայրոյթով հակադարձած է հիմնարկին եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց միջեւ կապերուն մասին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչի հարցումին` նոյնիսկ պահանջելով, որ սրահէն դուրս դրուի ներկայացուցիչը` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեանը:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի «Ճորճթաուն» համալսարանին մէջ, ուր Թրքական ուսմանց հիմնարկը Էրիքսընի մէկ հատորին նուիրուած դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր:

Երբ Նահապետեան Էրիքսընին հարցուցած է, թէ արդեօք ինք ցեղասպանութիւն կը նկատէ՞ 1.5 միլիոն հայերու սպանդը, Էրիքսըն պատասխանած է. «Կրնա՞նք ասոր դուրս հանել», որուն Նահապետեան հակադարձած է` ըսելով. «Հոս Թուրքիա չէ», ուր այլախոհները սովորաբար կը մեկուսացուին:

Աւելի կանուխ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան խնդրած էր Էրիքսընէն, որ բացատրէ, թէ հիմնարկը ինչպիսի՞ կապեր ունի Թուրքիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու անոր վարած քաղաքականութեան հետ:

Բանախօսը ընդունած է, թէ հիմնարկը Անգարայէն տրամադրուած գումարներով հաստատուած է, սակայն անոր կամակատարը չէ: Այս պնդումին դէմ արտայայտուած է Նահապետեանը` փաստացի տուեալներ տալով հիմնարկին եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց քաղաքականութեան միջեւ յստակ կապերուն մասին, ապա յիշեցուցած է, թէ 2008-ին հիմնարկին ատենապետը` Տանըլտ Քուաթերթը, հրաժարած էր Թուրքիոյ ճնշումներուն պատճառով, որովհետեւ ան հաստատած էր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Այս բանավէճէն ետք Էրիքսըն փորձած է կացութիւնը մեղմացնել` ըսելով. «Երբեմն կ՛արթննամ եւ կը մտածեմ, որ հաւանաբար տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր, բայց այլ օրեր կը մտածեմ` «հաւանաբար ո՛չ»:

«Հոս տեղի ունեցածը պարզապէս նոր փորձ մըն էր` Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող կազմակերպութեան մը կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը` Միացեալ Նահանգներուն պարտադրելու», յայտնած է Համբարեան:

Վերոյիշեալ բանավէճը կարելի է դիտել` այցելելով www.youtube.com/watch?feature=player_embedded&v=8n8WPCBXXZ8  կայքէջը:

Share this Article
CATEGORIES