Տէրսիմի Հայերը Կը Շարունակեն Պայքարիլ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար

0221MihranՏէրսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին «Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միութիւնը կը հետաքրքրուի այն հայերով, որոնք Տէրսիմի մէջ կը վախնան իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտելէ, եւ կը փորձէ օգնել անոնց, որպէսզի ձերբազատին այդ վախէն: Միութիւնը Երեւանի եւ Տէրսիմի միջեւ մշակութային կապեր հաստատելով` կը նպաստէ, որ կողմերը զիրար աւելի լաւ ճանչնան: Օրինակ, միութիւնը 2013-ի ամրան Երեւանէն Տէրսիմ հրաւիրած էր «Կարին» ազգագրական երգի եւ պարի համոյթը, ինչպէս նաեւ Տէրսիմի հայերու մասին ամսագիր եւ գիրք կը հրատարակէ: Կիւլթեքին կը նշէ, որ թէեւ յստակ տուեալներ չկան, սակայն իրենց կարծիքով, Տէրսիմի մէջ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին, գոյութիւն ունի 162 եկեղեցի, մատուռ եւ վանք` բոլորն ալ աւերուած վիճակի մէջ: Ան կը յայտնէ, որ Թուրքիան դիւրութեամբ վերափոխման գործընթաց պիտի չապրի, սակայն ներկայիս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը, յանուն Եւրոպայի առջեւ աւելի ժողովրդավար երեւելուն եւ Թուրքիոյ մէջ զինուորականութեան խաւը աւելի տկարացնելուն, ոչ իսլամ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ աւելի ջերմ վերաբերում ցոյց կու տայ: Այդ մէկը մտածելակերպի փոփոխութիւն չէ, այլ պարզապէս քաղաքականութիւն` յանուն սեփական շահերու: Մեկնելով Թուրքիոյ ազգային միասնութեան գաղափարէն` ոչ իսլամներու հանդէպ ժողովրդավար կերպով չեն վերաբերիր եւ զանոնք կը դիտեն իբրեւ վտանգ: «Սակայն մենք չենք կրնար այս իրավիճակին մէջ լուռ մնալ: Շարունակ անոնց կը յիշեցնենք մեր դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը: Իբրեւ արդիւնք` 2015-ին շատ բան փոխուած պիտի չըլլայ, սակայն մենք, աւելի շատ աչքի զարնելով, պիտի աշխատինք տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն: Պիտի շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուի ժողովրդավար մշակոյթ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ գոյութիւն ունեցող սառոյցին` Կիւլթեքին կը յայտնէ, թէ` «մենք պիտի չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պետութեան պիտի ստիպենք, որ ընդունի Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն հաւասար աչքով նայի: Ոչ թէ պիտի փորձենք Թուրքիա բնակող տարբեր հատուածները դիտել իբրեւ թշնամի, այլ հակառակը` ընդունիլ տալ մեր ճշմարտութիւնը, միաւորել մեր մշակութային ընդհանրութիւնները, բանալ սահմանի դռները ու զարգացնել առեւտրական եւ մշակութային յարաբերութիւնները: Սակայն չի թուիր, որ այս բոլորը մօտիկ ապագային իրագործելի պիտի ըլլան»:

Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ Տէրսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տէրսիմի մէջ նախքան թրքացումը` հայկական եղած են նաեւ տեղանունները: Պատմութեան ընթացքին Տէրսիմի շատ գիւղերու մէջ հայեր եւ գըզըլպաշներ համերաշխօրէն կ՛ապրէին, մինչեւ իսկ գըզըլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: 17-րդ դարէն սկսեալ Պինկէօլի (Բիւրակն) Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններու հայեր, չդիմանալով օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, հաստատուած են Տէրսիմ եւ դարձած են ալեւի (իսլամական շիի յարանուանութեան մէկ ճիւղը): Ցեղասպանութեան տարիներուն տէրսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու, որոնցմէ շատերը եւս ալեւի դարձած են: 1938-ին թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տէրսիմի ցեղախումբեր ու անոնց կողքին զէնք վերցուցին դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդած քեմալական բանակի ջարդերուն, տէրսիմցիներու կողքին ջարդուած են նաեւ հայեր: Կարգ մը պատմաբաններու համաձայն, այդ ջարդերուն զոհ գացած է 70,000 հոգի:

Վերջին քանի մը տարիներուն շատ տէրսիմցիներ վերադարձած են իրենց հայկական արմատներուն, ու հաստատուած է նաեւ Տէրսիմցի հայերու հայրենակցական միութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES