Ցեղասպանութեան Ականատեսին Գիրքը Թրքերէն Թարգմանուած Է
Երեքշաբթի, փետրուար 18-ին, թրքական «Փենճերէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի «Բռնաբարուած Հայաստան» («Ravished Armenia») գիրքին թրքերէն տարբերակը: Թարգմանութիւնը կատարած է Տիրան Լոքմակէօզեանը: Գիրքին մէջ Արշալոյս Մարտիկանեանը` իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող մը, կը պատմէ իր կեանքի պատմութիւնը:
Յատկանշական է, որ թրքական «Թարաֆ» թերթի փետրուար 18-ի թիւի «Մշակոյթ եւ արուեստ» բաժինին մէջ Էօզլեմ Արթան գրած է Արշալոյս Մարտիկանեանի դժնդակ կեանքին մասին: Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ Արշալոյս Մարտիկանեան իր ընտանիքին հետ կ՛ապրէր Չմշկածագ գիւղը: 1915-ին ան 17 տարեկան էր ու ականատես եղած է իր հօրը, մօրը եւ եղբայրներուն սպանութեան, սահմռկեցուցիչ պայմաններու տակ: Այնուհետեւ սկսած է անոր չարչարալից կեանքը: Ան հարուստ քիւրտերու եւ թուրք աղաներու ձեռքը սեռային չարչարանքներու ենթարկուած է ու իսլամանալու պարտադրուած: Ի վերջոյ, օր մը ան հայ հովիւի մը օգնութեամբ յաջողած է լեռներու մէջ ապաստանիլ: Ամիսներ շարունակ լեռներուն մէջ մնացած է: Այդ շրջանին, երբ Էրզրում (Կարին) քաղաքը ռուսական տիրապետութեան տակ էր, Արշալոյս Մարտիկանեան կրցած է հոն հասնիլ` օրեր շարունակ հետիոտն քալելով ու անցնելով Մալաթիայէն, Տիգրանակերտէն, Ուրֆայէն ու Տէրսիմէն: Հոն, ռուսերու եւ ամերիկացիներու պաշտպանութեան տակ, նախ Ռուսիա անցած է, իսկ անկէ ալ` Ամերիկա:
Ամերիկա հասնելէ ետք ան հայերու դէմ ի գործ դրուած չարչարանքներուն մասին խօսած է ամերիկացիներուն եւ լուսարձակի տակ առած է իսլամացած հայերուն հարցը: Այդ նպատակով, անգլերէն չգիտնալուն պատճառով թարգմանի մը միջոցով Հենրի Կէյցին պատմած է իր ականատեսի վկայութիւնները: Գրագէտը դժուարութիւն ունեցած է հաւատալու իր լսածներուն, բայց այդ թուականներուն Անատոլու գտնուող Ամերիկայի եւ Անգլիոյ դեսպանները հաստատած էին Արշալոյսին խօսքերը:
Կէյց Արշալոյսին պատմածներուն հիման վրայ 1918-ին հրատարակած է «Բռնաբարուած Հայաստան» խորագրեալ գիրքը: Գիրքը այդ թուականներուն մեծ աղմուկ ստեղծած է Ամերիկայի մէջ, իսկ 1919-ին` Օսքար Ափֆելի կողմէ ժապաւէնի նիւթ դարձած: Ժապաւէնը կը կրէր «Ոգիներու աճուրդը» անունը:
Յօդուածագիրը, որ այս նիւթին մասին գրած է որպէս պատասխան Այշէ Քուլինի կողմէ վերջերս հեռատեսիլէն ըսուած խօսքին, կ՛եզրափակէ իր նիւթը` ըսելով. «Հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն 99 տարի անցաւ: Այդ օրերէն վերապրող ո՛չ մէկը մնաց աշխարհի վրայ: Բայց գործադրուած ցեղասպանութեան ստեղծած հոգեկան վիրաւորանքը սերունդներու սիրտերուն եւ յիշողութեան մէջ կը շարունակէ գոյատեւել տակաւին, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ: Ուրեմն, այդ պատճառով է, որ պէտք է կարդալ Արշալոյսին գիրքը: Պէտք է կարդալ` ցաւալի անցեալի մը ուրուականները կեանքի կոչելու եւ խիղճի ձայներուն ականջ տալու համար»:

