ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՀՄԸՄ ՆԵՐԿԱՅ` «ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՎԱԶՔԻՆ»

Լեւոն Թաշճեան

Կիրակի, 26 յունիս 2011-ին, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած «Ծաղիկներու վազք»ը: 7 քմ վազքի այս մրցումը կազմակերպուած էր Ամալ մարզական ակումբին կողմէ: Մրցումին կը մասնակցէին 200-է աւելի երկսեռ մարզիկներ: ՀՄԸՄ դարձեալ ներկայ էր այս մրցումին: «Ծաղիկներու վազք» մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի հրապարակէն: Մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ սկսան վազքին, որ վերջ գտաւ նոյն հրապարակին վրայ: ՀՄԸՄ դարձեալ ծաղկեցաւ իր փայլուն արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան (Այնճար) հանդիսացաւ երկրորդ` իր տարիքային խմբաւորման մէջ արձանագրելով 32 վայրկեան եւ 48 երկվայրկեան արդիւնք մը:

Նոյն դասակարգին մէջ (60-64 տարեկան) առաջին դիրքը գրաւեց Մանուէլ Իզմիրլեան (31′ 51″):

Աղջկանց 18-19 տարեկան դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Արին Գասապեան (Շանվիլ), որ արձանագրեց 33′ 27″ արդիւնք մը:

Մետալներու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Ամալ մարզական ակումբին մէջ` ուրախ ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ:

Share this Article
CATEGORIES