ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ մէջ աւարտեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստան տիրացաւ 2 մետալի (արծաթ եւ պրոնզ):
Թէեւ 96 քկ դասակարգին մէջ Արթուր Ալեքսանեան յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ աւարտական, սակայն պարտուելով հունգարացի իր մրցակիցէն` Կիորկի Ռիզմայերէն, հանդիսացաւ փոխախոյեան:
55 քկ դասակարգին մէջ Նարեկ Խաչատրեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Խմբային դասաւորման մէջ Հայաստան գրաւեց 6-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Թուրքիա, որուն յաջորդեցին Ռուսիա եւ Վրաստան:
CATEGORIES Մարզական