ՆՈՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ
Զմմառու Արծիւեան պատրիարքական միաբանութենէն գերապայծառ Ռաֆայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մինասեան 24 յունիս 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին յատուկ կոնդակով եպիսկոպոսական կարգին արժանացաւ` իբրեւ նոր նշանակուած տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ եւ առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց (Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսիա…):
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ, շաբաթ, 16 յուլիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին:
Հայր Ռաֆայէլ Թ. Ծ. վրդ Մինասեանի կենսագրական գիծերը:
Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան ծնած է Լիբանան` 24 հոկտեմբեր 1946-ին: Ծնողները` Պետրոս եւ Ռոզա Մինասեան: 1958-ին մուտք կը գործէ Զմմառու Արծիւեան պատրիարքական միաբանութեան ընծայարանը, ուր կը ստանայ իր դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւնը: 1966-ին կ՛ուղարկուի Հռոմ` քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան եւ կ՛աշակերտի քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին, ուրկէ կը ստանայ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները:
Շարունակած է իր ուսումը Հռոմի Սալեզեան համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան գիտութեան մէջ:
Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 24 յունիս 1973-ին, Պէյրութ, Լիբանան:
Մինչեւ 1980 ստանձնած է Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ հովուութիւնը: 1978-ին նշանակուեցաւ քարտուղար Լիբանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցական ատեանին, ապա դատաւոր` մինչեւ 1989:
1980-էն 1984 ծիսագիտութիւն դասաւանդած է Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ:
1983-էն 1986 եղաւ ժողովրդապետ Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ: 24 դեկտեմբեր 1984-ին իր ջանքերուն շնորհիւ կատարուեցաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բացումը:
1986-էն 1988 փոխադրուեցաւ պատրիարքարան, ուր վարեց քարտուղարի պաշտօնը երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարքին:
1988-էն 1990 վասն հատուցման, դարձեալ անուանուեցաւ ժողովրդապետ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ: Միաժամանակ եղաւ տնօրէն եկեղեցւոյ կողքին պատրիարքական նորակառոյց վարժարանին:
1984-ին հիմնեց Սուրբ Խաչ սկաուտախումբը, 1988-ին` Հայ կաթողիկէ միութեան Զալքայի պատանեկան միութիւնը:
21 դեկտեմբեր 1985-ին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բացման եւ օծման առաջին տարեդարձին երաժշտական աննախընթաց համերգ մը տուաւ եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ լիբանանահայ կարգ մը արուեստագէտներու հետ կազմած սենեկային նուագախումբին հետ: Այն օրերուն մեծապէս գնահատուեցաւ այս համերգը, որ իր յայտագիրին մէջ ունէր հայր Արսէն Այտընեանի պատարագի մեղեդիներ: Այս ձեռնարկը եւ ուրիշներ վերածուեցան կարծր սկաւառակներու, եւ անոնք այսօր կը պարունակեն մեր եկեղեցւոյ հին աւանդն ու նոր ստեղծագործութիւնները: