Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Վերադարձուց Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը
Նախորդ շաբաթավերջին, գերմանական Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «WBO»-ի մենամարտը` աշխարհի ախոյեանի գօտիին համար:
Արթուր Աբրահամ վերադարձուց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, երբ 12 ռաունտ տեւած ճակատումէ մը ետք քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց գերմանացի Ռոպերթ Շթիքլիցի` 112-113, 115-110 եւ 114-111 արդիւնքով:
Թէեւ սկզբնական ռաունտերուն 32 տարեկան Շթիքլից աւելի յարձակողական էր, սակայն 34 տարեկան Աբրահամ լաւ կը պաշտպանուէր` դիմելով հակայարձակումներու:
Նշենք, որ անոնք երրորդ անգամ ըլլալով կը ճակատէին իրարու դէմ:
Այսպիսով, այս ճակատումէն ետք Շթիքլից իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կրեց իր չորրորդ պարտութիւնը, մինչ Աբրահամ արձանագրեց իր 39-րդ յաղթանակը (28 նաք-աութ):
CATEGORIES Մարզական

