Աթլեթիզմ. Վազքի Անհատական Ախոյեանութիւն. Լեւոն Թաշճեան` Առաջին. Յովսէփ Եաաքուպ ՀՄԸՄ Պէյրութի Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 2 մարտին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի անհատական ախոյեանութեան մրցումները` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի, փոխնախագահ Էլի Սաատէի, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանիի, ֆետերասիոնի անդամներ Էլի Տաքեսեանի, Սալահ Ֆարրանի, Ժան Ղաուիի եւ այս մարզով հետաքրքրուած բազմաթիւ ներկաներու:
Լեւոն Թաշճեան 8 քմ վազքի մրցումներուն իր տարիքային խմբաւորումին մէջ հանդիսացաւ առաջին (39 վայրկեան):
Տղոց 1997 եւ վեր դասակարգին մէջ (3,2 քմ) Յովսէփ Եաաքուպ ՀՄԸՄ Պէյրութի ապահովեց արծաթ մետալ մը` արձանագրելով 12′ 24″ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
CATEGORIES Մարզական

