Էտկար Պապայեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ռանտերսի Հետ
Դանիական Ռանտերս ակումբին մաս կազմող 19 տարեկան միջնապահ Էտկար Պապայեան, որ վերջերս սկսած էր գլխաւոր խումբին հետ դաշտ ներկայանալ, ամրան ընթացքին պիտի տեղափոխուի առաջին խումբ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` աւելցնելով, որ ան մինչեւ 2016 թուականը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է կազմին հետ:
CATEGORIES Մարզական

