«Արուեստի Եւ Մշակութային Գործի Կազմակերպչական Աշխատանքը Բարեգործութիւն Չէ, Իսկապէս Մասնագիտութիւն Պարտադրող Ռազմավարութիւն Է» «Ազդակ»-ին Կ’ըսէ Մինաս Լուռեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
1980 թուականին Լիբանանէն Իտալիա փոխադրուած, ներկայիս «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ի գործադիր տնօրէնութիւնը վարող Մինաս Լուռեան մեծապէս կը հաւատայ, որ հայ մշակոյթին ու հայկական արժէքներուն կարելի է գուրգուրալ, մշակութային բարձրորակ եւ հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալել մասնագիտական աշխատանքով եւ մօտեցումով: Ըստ անոր, մասնագիտական աշխատանք տանող հմուտ կառոյցի մը ընդմէջէն, հայ հովանաւորներու կամ ֆոնտերու չնչին մասնակցութեամբ կարելի է օտար կառոյցներէ եւ պետական մարմիններէ յատկացումներ ստանալ, յարաբերութիւն ու համագործակցութիւն հաստատել եւ արհեստավարժ գործունէութիւն կատարել` հայ մշակոյթի ստեղծման, պահպանութեան եւ տարածման նպատակով: Այս բնագաւառին մէջ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած Լուռեան դիտել կու տայ, որ արուեստի եւ մշակութային գործի համար ներդրուած գումարը իբրեւ բարեսիրութիւն պէտք չէ ընկալել, որովհետեւ ատիկա իսկական ռազմավարութիւն է, որուն ճամբով ինքնըստինքեան մեր դատի հետապնդումը կը կատարուի: Անոր համաձայն` լաւապէս կազմակերպուած եւ ծրագրուած մշակութային աշխատանքի մը հովանաւորը օտար շրջանակներու մէջ հայ մշակութային աշխատանքին ընդմէջէն ի՛նք եւս կրնայ օգուտներ քաղել` կապեր ստեղծելով եւ ծանօթութիւններ հաստատելով, մանաւանդ որ թէ՛ Հայաստանը, եւ թէ՛ հայութիւնը իրենց մշակոյթին ճամբով աւելի հեզասահ կերպով կրնան խօսակից ու գործակից գտնել միջազգային մակարդակի վրայ:
Մինաս Լուռեան շատ կարեւոր կը նկատէ նաեւ, որ մերօրեայ ընտրեալ արուեստի գործերու եւ հեղինակներու գործերու արտադրութիւն կատարել` այսօրուան մեր մտածող միտքերէն գործ, ժառանգ ձգելու ապագայ սերունդներուն: Մինաս Լուռեան իր համոզումն ու հաւատքը գործի վերածած է, իր ղեկավարած կեդրոնին ճամբով կը համագործակցի հիմնականօրէն օտար կազմակերպութիւններու հետ` միջազգային չափանիշներով բաւական մեծ ու կարեւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելով տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ մակարդակներու վրայ:
Իր այս համոզումներէն եւ փորձառութենէն մեկնած Մինաս Լուռեան ներկայիս հրամայական կը նկատէ գաղութներուն մէջ այս մօտեցումով աշխատող կորիզներու ստեղծումը. բան մը, որ կարելի չէ առանձինն ընել, այլ համագործակցութեամբ գաղութներուն մէջ գործող կառոյցներուն. ան դիտել կու տայ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հետ այս մասին արդէն խօսուած է: Լուռեան նաեւ անդրադարձաւ վերջինիս հետ Իրանի մէջ գտնուող վանական երեք համալիրներու վերականգնման աշխատանքին, որ կարեւոր է այս հայկական կառոյցներու փրկութեան համար:
Մինաս Լուռեանի Լիբանան գտնուած հանգրուանին «Ազդակ» անոր հետ ունեցաւ ընդարձակ զրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք երկու բաժինով:
«ԱԶԴԱԿ».- Լիբանանէն Իտալիա փոխադրուելով հայ մշակոյթի պահպանութեան եւ զարգացման ձեր աշխատանքները ինչպէ՞ս սկսան:
ՄԻՆԱՍ ԼՈՒՌԵԱՆ.- Ես Իտալիա փոխադրուեցայ 1980-1981 տարեշրջանին, որպէսզի հոն ուսումս կարենամ շարունակել եւ յատկապէս երաժշտական ուսում ստանալ: Երաժշտական ուսումս տակաւին չբոլորած` 1986-1987 թուականին մտայ իտալական երաժշտական կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը` «Վէնեթօ Մուզիքա», որ մեծ փառատօներու կազմակերպչական հաստատութիւն մըն է, հոն աշխատանքի սկսայ, նաեւ` իմ երաժշտական գործունէութեանս:
Մինչ այդ ուսումս բոլորեցի` ուսանելով երգագրութիւն եւ երգեհոն, բայց անմիջապէս արդէն լծուեցայ կազմակերպչական գործի` կազմակերպելով փառատօներ, երաժշտական գիտաժողովներ եւ այլն: Այդ իտալական կառոյցին միջոցով 1988-ին կազմակերպեցի առաջին հայ կատարողներու եւ երգահաններու մեծ փառատօն` ամբողջութեամբ իտալական ֆոնտերով. նշեմ, որ իմ կազմակերպած նախաձեռնութիւններս իրագործելու համար ընդհանրապէս հայկական աղբիւրներու չեմ դիմած: Այդ գործը շատ ճոխ ձեւով կը շարունակուէր մինչեւ 1994 թուական:
«Ա.».- Ովքե՞ր հրաւիրուած էին այս փառատօնին:
Մ. Լ.- Գործը սկսած էր համադրուիլ 1986-1987 թուականներուն, մինչեւ հասանք 1988 թուական, երբ բաւական ճոխ ծրագիր մը կազմած էինք արդէն: Պէտք է ըսել, որ այդքան ալ դիւրին չէր նոր փառատօն մը ոտքի հանել, մանաւանդ այդ շրջանին դժուարութիւն կար Հայաստանի հետ կապ ստեղծելու: Սփիւռքահայ ըլլալով եւ գիտակցելով, որ սփիւռքահայ երաժիշտները յաճախ բեմ ունենալէ զրկուած են, իմ ուշադրութիւնս դարձուցի սփիւռքի հայ արտադրողներու, երաժշտութեան եւ կատարողներուն: Կրցանք այդ ծրագիրը իրագործել, ատիկա նաեւ Իտալիոյ հայ գաղութին ուշադրութիւնը գրաւեց:
Ըսեմ, որ 1965-էն ի վեր Իտալիոյ մէջ հաստատուած էր «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ը, որ նախաձեռնութիւնն էր խումբ մը իտալացի եւ իտալահայ ճարտարապետներու եւ մտաւորականներու, որոնց հիմնական նպատակը եղած է հայ ճարտարապետութեան դերը եւ յատկանիշները ուսումնասիրել եւ օտար հանրութեան ներկայացնել հայ ճարտարապետութեան տեղը, որովհետեւ նախորդ տասնամեակներուն բաւական մեծ շփոթ կար Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ, բիւզանդական ճարտարապետութեան եւ հայ ճարտարապետութեան միջեւ: Ուրեմն, այդ գործը կատարելու համար այս կեդրոնը Իտալիոյ համալսարաններու հետ, յատկապէս «Միլանոյի Փոլիթեքնիքօ»-ի աջակցութեամբ եւ համաձայնութեամբ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի հետ գործակցութեամբ տարիներու ընթացքին մօտաւորապէս 40 գիտարշաւներ կազմակերպուած են օտար մասնագէտներու եւ այլ մասնագէտներու կողմէ, Թուրքիոյ պարագային ընդհանրապէս օտար մասնագէտներ ղրկուած են, եւ տարիներու ընթացքին մեր գիտարշաւներուն հաւաքուած են լման հայ կոթողներու եւ յուշարձաններու ամբողջական չափագրութիւնները, նաեւ պեղումներ կատարուած են: Այդ ամբողջ նիւթը ուսումնասիրուած է եւ հրամցուած է օտար հանրութեան զանազան լեզուներով` ցուցահանդէսներու, շրջուն ցուցահանդէսներու եւ հրատարակութիւններու միջոցով: Հայկական ճարտարապետութեան յատկացուած ամբողջ շարք մը կազմուած է, իւրաքանչիւր հատոր ճարտարապետական համալիրի մը յատկացուած էր, եւ ուսումնասիրական յօդուածներ գրուած են` իւրաքանչիւր հատորի վերաբերող, օտար եւ հայ մտաւորականներու կողմէ. ներկայացուած են ամբողջական չափագրութիւնները, կոթողներու ամբողջ պատմագիտական կենսագրականը, ժամանակագրութիւնը: Այս բոլորը միշտ կատարուած են նուազագոյնը երեք լեզուներով:

«Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ի շէնքը, որ տարիներ առաջ եղած է Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանի գրադարանը
Այդ ուսումնասիրութեան աշխատանքը ամբողջանալէ ետք, 15-20 տարի առաջ, անցանք նոր հանգրուանի` ծրագիրներ մշակելով վերանորոգման եւ պահպանումի (հայկական կոթողներու), այդ նպատակով մեր կառոյցը դիմած է օտար հաստատութիւններու, միջազգային կառոյցներու, ֆոնտեր կրցած է ձեռք ձգել եւ իրագործել վերանորոգումներ` Հայաստանի կարգ մը կոթողներու: Այդ աշխատանքը կը փորձենք տանիլ մեր ներկայութիւնը ապահովելով նաեւ Թուրքիոյ հողերուն վրայ կամ Իրանի մէջ. հոն, ուր որ կրնանք մեր ներդրումը ընել այդ կոթողները միջազգային չափանիշներով վերանորոգելու եւ պահպանելու, այդ մէկը միշտ ըրած ենք եւ պատրաստ ենք ընելու: Այս գործողութիւնները կ’ընենք շարունակաբար` գործակցութեամբ Իտալիոյ կոթողներու վերանորոգմամբ զբաղող լաւագոյն իտալացի մասնագէտներու եւ համալսարաններու հետ:
«Ա.».- Որո՞նք են այն կոթողները, զորս վերանորոգած էք այս ծրագիրի ծիրին մէջ:
Մ. Լ.- Մենք ուղղակի վերանորոգութեան աշխատանքներ կատարած ենք Մարմաշէնի եկեղեցւոյ եւ Քոպայրի եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ` Ս. Տաթեւ եկեղեցւոյ մէջ, բայց այդ աշխատանքները չեն ամբողջացած` կա՛մ ընթացքի մէջ են կա՛մ կանգ առած են. շատ անգամ նաեւ գործակցած ենք Հայաստանի վերանորոգողներու հետ, որպէսզի նաեւ մենք մեր աջակցութիւնը բերենք: Գործի ընթացքին անդրադարձած ենք, որ լաւագոյնը պիտի ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ նոր սերունդ պատրաստուի` միջազգային չափանիշներու ծանօթ եւ այդ չափանիշները յարգող:
Ես մասնագիտութեամբ ճարտարապետ չեմ, երաժշտութեամբ կը զբաղիմ, բայց մենք ունինք նաեւ ճարտարապետութեան բաժին մը, ուր կան մասնագէտներ, որոնք ունին իրենց գրասենեակը եւ այդ գործը կը համադրեն:
Պէտք է ըսել նաեւ, թէ ընդհանրապէս Իտալիան արժէքաւոր կառոյցներու վերանորոգութեան եւ պահպանման կարեւորագոյն կեդրոնն է աշխարհի մէջ` իր մասնագէտներով. անոնք կը հետեւին միջազգային ընդունուած այն օրէնքներուն, որոնք կը ձգտին պահպանել կառոյցները, ոչ թէ վերակառուցել: Այսինքն հոն, ուր որ գմբէթ չկայ, այլեւս գմբէթ չի վերակառուցուիր, կը պահպանուի այնպէս, ինչպէս որ է, եթէ վերակառուցուի եւ սխալ ձեւերով վերակառուցուի, ընդհանրապէս միջազգային գիտական կամ ճարտարապետական իրականութիւնը կը մերժէ այդպիսի միջամտութիւններ` կատարուածը բռնազբօսիկ նկատելով: Եթէ յուշարձանը կը պատկանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին, հոնկէ դուրս կը դրուի, եթէ նման միջամտութիւններ տեղի ունենան: Ուրեմն, մենք գիտական աշխարհին հետ մեր յարաբերութիւնները ունենալով` այդ չափանիշները կը յարգենք:
Երբ ես Վէնեթօ Մուզիքա հաստատութեան մէջ կ՛աշխատէի, Միլանոյի մէջ հաստատուած կեդրոնը 1980-ական թուականներուն, երբ նախագահը Յակոբիկ Մանուկեանն էր, հրաւէր կը ստանայ Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ, որպէսզի վերանորոգումի աշխատանքները կատարէ Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանի պարտէզի խորքին գտնուող առանձին տաղաւարաձեւ կառոյցին: 1980-ական թուականներուն կեդրոնը եւ Մանուկեան ընտանիքը յանձն կ’առնեն այդ կառոյցը վերանորոգել, եւ գործի ընթացքին կ’որոշուի «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ն ու գրասենեակը փոխադրել Միլանոյէն Վենետիկ: Այդ շրջանին կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Ատրիանօ Ալփակօ Նովելլոն էր, Իտալիոյ մէջ, նաեւ` հայութեան համար շատ հանրածանօթ ճարտարապետ մը, որ մասնագէտ է կովկասեան, միջինարեւելեան ճարտարապետութիւններու:
Կ’որոշուի նաեւ «Օէմմէ» հրատարակչատունը, որ անկախ կառոյց էր, միացնել այս կեդրոնին եւ միացեալ կառոյց մը ստեղծել Վենետիկի այդ շէնքին մէջ: 1991-ին, երբ շէնքը վերանորոգուած էր այլեւս եւ պատրաստ էր իր գործունէութիւնը Վենետիկի մէջ շարունակելու, ինձմէ կը խնդրեն, որ ես այդ կեդրոնի գործադիր տնօրէնը ըլլամ` նկատի ունենալով իմ փորձառութիւնս մշակութային արհեստավարժ կեանքին մէջ, համադրողի կարողութիւններս եւ արժանիքներս: Ես ընդունեցի այդ առաջարկը, սակայն պայման դրի, որ ես իմ ազատութիւնս ունենամ օտար հաստատութիւններու հետ աշխատելու` մանաւանդ երաժշտական եւ ընդհանրապէս արուեստի նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու ծիրին մէջ:
«Ա.».- Հետաքրքրական է, ինչո՞ւ նման պայման դրիք:
Մ. Լ.- Ատիկա ըրի, որովհետեւ տարիներու իմ փորձառութեամբ, մանաւանդ առաջին տարիներու, անդրադարձայ, թէ մեր մէջ (եւ այդ ալ պատճառ մըն է նաեւ, որ ես որոշած եմ կազմակերպող մարզին մէջ մնալ եւ ոչ թէ ստեղծագործ կամ երաժիշտ-կատարողի ասպարէզը շարունակել) նկատած էի, որ մեր հայ իրականութեան մէջ ընդհանուր առմամբ այդպիսի աշխատանք տանող կառոյց մը գոյութիւն չունի, այսինքն կար պակաս մը, զոր պէտք էր լրացուէր:
Իմ մօտեցումս այն էր, որ պէտք է հաստատել կառոյց մը, որ գործին արդէն հմտացած մարմին մըն է եւ մշակութային բարձրորակ ու հայանպաստ գործունէութիւն կը ծաւալէ` օտար ֆոնտերու դիմելով կամ օտար հաստատութիւններուն հետ գործակցութեամբ: Բան մը, որ առանձին կարելի չէր ընել, իսկ ընելու պարագային փորձառութիւնը այդ ցոյց տուած է, որ ընդհանրապէս հայ իրականութեան պատկանող ունեւոր դասակարգը նման նախաձեռնութիւններու երբեք ուշադրութիւն չէ դարձուցած, կարիքը չէ զգացած կամ տեղեակ չէ եղած, թէ նման գործունէութիւն իր ռազմավարական կարեւորութիւնը ունի օտար միջավայրի մէջ ապրող հայ իրականութեան համար. դժբախտաբար միշտ ալ հայերը նման գործունէութեան (մշակութային կազմակերպչական գործունէութեան) մօտեցած են բարերարի կամ բարեսիրական նպատակներով: Արուեստի եւ մշակութային գործի կազմակերպչական աշխատանքը բարեգործութիւն չէ, իսկապէս մասնագիտութիւն պարտադրող ռազմավարութիւն է, եւ ես օրինակներով ասիկա կրնամ փաստել:
Այս տրամաբանութեան պատճառով է, որ շատ դժուար եղած է տարիներու ընթացքին հայ ոեւէ մեկենաս կամ հովանաւոր գտնել: Միշտ կարիքը զգացած եմ կառոյցի գործունէութիւնը մասնագիտական մակարդակի հասցնելու, որպէսզի այդ կառոյցը ի վիճակի ըլլայ արուեստի գործերու եւ հեղինակներու ընտրութիւն կատարել եւ անոնց գործերը արտադրել` հիմնական նպատակ ունենալով ներկայի մշակոյթ արտադրելու սատարել, ինչպէս նաեւ` այսօրուան մեր մտածող միտքերէն գործ, ժառանգ ձգել ապագայ սերունդներուն: Միշտ ըսած եմ ու կը կրկնեմ, որ հայ իրականութիւնները իրենց ամբողջ ջանքերը կը թափեն եւ հսկայական գումարներ կը ծախսեն, օրինակ, 95 կամ 98 առ հարիւրը այդ ջանքերը յատկացնելով Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներուն` օտար կառոյցներու կամ պետութիւններու կողմէ այդ ճանաչումը ապահովելու համար: Շատ յաճախ այդ ջանքերը դժբախտաբար ապարդիւն կ’ըլլան. մինչդեռ մշակոյթի կազմակերպչական գործի միջոցով մենք ինքնաբերաբար եւ անուղղակիօրէն ըրած ենք հսկայական լոպիինկի աշխատանք, ինչ որ մեր նպատակը չէր: Օրինակներ տամ. 2001 թուականին (կը կրկնեմ, հայկական աղբիւրէ առանց որեւէ լումայի) նախաձեռնած ենք Միլանոյի «Սքալա» օփերային թատրոնի (որ աշխարհի թիւ 1 օփերային թատրոնը կը սեպուի) լման նուագախումբին եւ երգչախումբի մենակատարներուն եւ գեղարուեստական ղեկավարին այցելութիւնը Երեւան եւ Պոլիս` երեք օր շարունակ համերգներ կազմակերպելով: Այս ծրագիրը իտալացիներու կողմէ ամբողջութեամբ հովանաւորուեցաւ, եւ իրենք նախաձեռնութիւնը ներկայացուցին որպէս բարեկամութեան կամուրջ մը` Իտալիոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Այդ գործը ոտքի հանելու համար աշխատած ենք 5 տարի, Թուրքիոյ կողմէ դրուած հազար ու մէկ խոչընդոտներու առջեւ գտնուած ենք, բայց վերջ ի վերջոյ կրցանք յաջողցնել այս կարեւոր ծրագիրը` ոչ թէ հայերու կարողութիւններով, այլ` շնորհիւ իտալացիներու համոզուած աշխատանքին: Մենք խումբը տարինք` ընկերակցութեամբ իտալական 40 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու (հեռատեսիլներէն եւ թերթերէն), ուղղակի հեռարձակում կատարելով: Նաեւ կայ այն, որ 40 լրագրողները մեր եւ յատկապէս իտալացիներուն կողմէ պատրաստուեցան` գիտնալու, թէ ճամբորդութեան ընթացքին ինչի՛ մասին պէտք է խօսին: Թուրքիոյ մէջ կայացած համերգին, որ 3-րդ օրուան վերջին համերգն էր, ընդմիջումի պահուն, այդ բոլոր լրագրողները ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ուղղակի հեռարձակումով, նաեւ թրքական ձայնասփիւռի խօսափողերէն խօսած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին. ըսեմ, որ իմ կողմէս չէր թելադրուած ատիկա: Նայինք այս իրականութեան միւս երեսին, եթէ ուզէինք մենք կազմակերպել նախաձեռնութիւն մը եւ 40 լրագրող կանչել, անոնց դրամ տալ, որպէսզի հայութեան եւ Ցեղասպանութեան մասին խօսէին, հսկայական գումարներու կարիք պիտի ըլլար: Պատկերացում մը տալու համար ներկայացնեմ մեր իրականացուցած ծրագիրի հիմնական նիւթական պատկերը. ամբողջ ծրագիրը արժեց մօտաւորապէս 2.5 միլիոն եւրօ, հեռատեսիլի սարքերը Հայաստան հասցնելը միայն, որպէսզի ուղղակի հեռարձակում կատարուի, 600 հազար եւրօ արժած է, օդանաւը, զոր վարձած ենք` 300 հազար եւրօ, անշուշտ կայ երաժիշտներուն պատուեգիները` հսկայական գումարներ: Հայկական աղբիւրէ որեւէ լումայ չէր առնուած, իտալացիները ամբողջութեամբ հոգացին ծախսերը, համադրութեան աշխատանքը մեր կեդրոնը կատարեց` թէ՛ իբրեւ նախաձեռնող եւ թէ՛ համադրութեան աշխատանքը կատարող: Օրեր շարունակ հայութեան մասին խօսուեցաւ, Ցեղասպանութեան մասին խօսուեցաւ, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակին մասին խօսուեցաւ: Այս ամբողջը չէր ըլլար, եթէ այդպիսի գործունէութիւն չըլլար. ուրեմն կը տեսնէք, որ մշակոյթի գործունէութիւն կազմակերպելով` մենք թէ՛ մշակութային գործ կ’արտադրենք եւ թէ՛ զուգահեռաբար լոպիինկի գործ կը կատարենք:
«Ա.».- Արդեօք այս տիպի այլ ծրագիրներ ալ կատարա՞ծ էք եւ ընդհանրապէս ի՞նչ հիմնական նպատակ կը հետապնդէք անոնց ընդմէջէն:
Մ. Լ.- Բնականաբար կազմակերպած ենք այլ համերգներ (միշտ օտար ֆոնտերով), որոնք ձայնագրուած եւ սփռուած են Իտալիոյ պետական ձայնասփիւռի կայանին կողմէ, եւ հոն ես միշտ ետ կը քաշուիմ` որպէս հայ կազմակերպող, ես իմ իտալացի գործակից բարեկամներուս կը ձգեմ, որ իրենք ներկայացնեն համերգը կամ ելոյթը, եւ այդ ընթացքին իրենք արդէն ինքնաբերաբար Ցեղասպանութեան մասին կը խօսին, ես չէ, որ ուղղակի այդ աշխատանքը կ՛ընեմ, բայց պէտք է նաեւ տարբեր բեմեր ապահովել հայութեան վրայ բերելու լուսարձակները: Յամենայն դէպս իմ նպատակս Ցեղասպանութեան լուրը տարածել չէ, մեր կեդրոնը այն քիչ կառոյցներէն մէկն է, որ սփիւռքի մէջ մշակոյթով, անոր արտադրութեամբ, տարածումով եւ այսօրուան մշակոյթէն վաղուան աւանդ ձգելով կը զբաղի: Կը հաւատամ, որ մեր ինքնութիւնը միշտ պէտք չէ փաստենք միայն իբրեւ ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդ ներկայանալով, ունինք 3000 տարուան մշակոյթ, ունինք այսօրուան մշակոյթը, որ պէտք է զարգացնենք եւ գուրգուրանք անոր: Այսօրուան ստեղծագործող մարդիկ պէտք է գործ ունենան, գործ արտադրեն. մենք ատով է, որ մենք մեզ պէտք է ներկայացնենք որպէս հայ ժողովուրդ, այլապէս կորսուած իրականութիւն մըն ենք` շարք մը ուրիշ իրականութիւններու կարգին. այսինքն մենք մեզ կրնանք սեպել ֆրանսացի, լիբանանցի, բայց դեր մը ունինք ի վերջոյ, լեզու մը ունինք, որ կրնանք այսօր մշակել, զարգացնել եւ նորը ներկայացնել:
«Ա.».- Յիշենք այս առումով ձեր կատարած նախաձեռնութիւններէն մէկը:
Մ. Լ.- Անկարելի ըլլալով ամէն ինչ մանրամասնել, տամ մօտեցումի յատկանշական օրինակ մը. Տիգրան Մանսուրեանի նման երաժշտահանի մը ներկայութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի, իսկ անոր ստեղծագործութիւններուն առնչութեամբ աշխատանք տանիլը մեծ հրամայական է: Իմ իտալացի երաժշտագէտ գործակիցներուս կարծիքը այն է, որ Տիգրան Մանսուրեանը աշխարհի լաւագոյն քիչ երաժշտահաններէն մէկն է: Մեր կեդրոնը բազմիցս` օտար կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեամբ, Տիգրան Մանսուրեանի Եւրոպայի հողին վրայ առաջին կատարումներու նախաձեռնողները եղած ենք, Միացեալ Նահանգներու մէջ Տիգրան Մանսուրեանի գործերուն ներկայացման նախաձեռնողներէն է «Լարք» կազմակերպութիւնը` Վաչէ Պարսումեանին կողմէ հիմնուած, ինչ որ շատ գնահատելի նախաձեռնութիւն է: Կրկնեմ, նման նախաձեռնութիւններ հայ իրականութեան մէջ իսկապէս ձեռքի մատներու վրայ կրնանք հաշուել, բայց մենք այս արժէքները ունինք եւ պէտք է արժեւորենք, որովհետեւ իսկապէս այս մարդոց գործը արժէք ունի, եւ մեծապէս կը գնահատուի օտարներու կողմէ: Եւ երբ այդ առիթները կը ստեղծենք, կամ կը ներկայացնենք նման հեղինակներու գործերը, շատեր շունչ մը կը քաշեն եւ կ՛ըսեն. «Ուրեմն Ցեղասպանութենէն զատ, ուրիշ բան մը կայ հայ իրականութեան մէջ»:
(Շար. 1)

