Հայութիւնը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Հարիւրամեակին (Բ. Մաս)
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ինչ որ տասնիններորդ դարու հայ քաղաքական մտածողութեան իւրայատուկ էր ազգային պետականութեան բացակայութիւնն էր: Հնչակեանները տակաւին իրենց «մօտաւոր» եւ «հեռաւոր» ծրագրային նպատակներով այդ ուղղութեամբ ծրագրային բանաձեւում ունէին, թէեւ վերջնական նպատակով շատ աւելի մօտ էին մարքսեան տեսլականին: Դաշնակցութիւնը շատ աւելի վերացական էր իր ծրագրային բանաձեւումին մէջ եւ գործնականօրէն հետամուտ` զինեալ պայքարի ճամբով արեւմտահայութեան իրաւունքներու առօրեայ պաշտպանութեան: Ամէն պարագայի, սխալ չէ ըսել, որ հայ քաղաքական մտածողութիւնը այն ժամանակ գործնական իմաստով խարսխուած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ բարեկարգումներու առաջադրութեան վրայ, որով եւ կը մտածուէր վերջ տալ հայութեան կեղեքման ու շահագործման: Նման առիթ ստեղծուեցաւ 1908-ին օսմանեան սահմանադրութեամբ, որուն մեծ խոստումն էր կայսրութեան բոլոր ազգութիւններուն տալ օրէնքի առջեւ հաւասար քաղաքացիի իրաւունք: Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին, հետեւաբար Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայութիւնը իր պատմական հայրենիքի վրայ թէ Պոլսոյ կամ այլ քաղաքներուն մէջ, առնուազն օրէնքի սահմանումով այդ պետութեան քաղաքացին էր:
Ճիշդ է, քաղաքացիական հաւասարութեան թերահաւատութիւնը կը տիրապետէր ի հետեւանք ջարդերու եւ հալածանքներու շարունակումին, որով եւ պատերազմի ճիշդ նախօրեակին դարձեալ բարեկարգումներու հարցը եւրոպական օրակարգին գալու երեւոյթը: Բայց իրողութիւնն այն էր, որ Ա. Համաշխարհային պատերազմին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութիւնը քաղաքացիական կարգավիճակ ունէր եւ ուրեմն պարտաւոր էր սահմանադրական իր պարտաւորութիւնը յարգելու, երբ պետութիւնը պատերազմ յայտարարեց: Մնացեալը արդէն յայտնի է…Քաղաքացիութեան նման կարգավիճակ չկար 1905-էն ի վեր թափով իր անկումը ապրող ցարական կայսրութեան մէջ: Քաղաքական խմորումները հոն շատ աւելի ընկերային յեղափոխութեան հեռանկարով տեղի կ՛ունենային, քան` այսպէս կոչուած ազգային ազատագրական պայքարի: Ի դէպ, երկու կայսրութիւններուն մէջ ալ «ազգային»-ը աշխարհագրական սահմաններով հայրենիքի եւ գերիշխան պետութեան տրամաբանութեամբ չէր սահմանուեր, որքան ալ որ հայութեան նման հաւաքականութիւններ քաջ գիտակից էին իրենց պատմական արմատներու հողերու պատկանելիութեան: Այսինքն, որքան ալ որ ցարական կայսրութեան մէջ պատմականօրէն հայկական հողատարածքը վարչական տարբեր նահանգներու բաժնուած ըլլար, տեղւոյն հայ բնակչութիւնը անոնց պատմական ինքնութեան մասին կասկած չունէր: Բայց հայութիւնը, ի մասնաւորի` կայսրութեան մեծ քաղաքներուն մէջ, անտարբեր չէր ընկերային ու աշխատաւորական շարժումներու խմորումներուն, որոնք, ի դէպ, ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութեան ոլորտին մէջ մտան 1907-ի Ընդհանուր ժողովի Կովկասեան նախագիծով: Հետեւաբար, եթէ 1916-էն սկսեալ կամաւորական շարժումն էր, որ յատկանշեց արեւելահայոց մասնակցութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ռուսական բանակին, այսինքն` Դաշնակիցներուն կողքին, այդ մէկը շատ աւելի արդիւնք էր արեւմտահայոց ճակատագրին գիտակցութեան եւ ինքնապաշտպանութեան առողջ բնազդին, որ արթուն մնացած էր ֆետայական շարժման մասնակից եւ հիմա կամաւորական գունդերը առաջնորդող մարտական ղեկավարներուն:
Անկիւնադարձային իրողութիւնը, բնականաբար, հայ անկախ պետականութեան ակամայ ստեղծումն էր 1918-ի մայիսին: «Ակամայ», որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, անիկա արդիւնք էր պատմական իրադարձութիւններու եւ ոչ թէ` ծրագրուած նախաձեռնութիւն: Պատմական հայրենիքն ու ազգային ինքնութիւնը իրարու առնչող գերիշխան պետականութեան հասկացողութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը ամրագրուեցաւ հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ միայն 20-րդ դարուն ե՛ւ այն հատուածներուն համար, որ Հայաստանի խորհրդայնացումը կամ ողջունեցին կամ ալ ընդունեցին որպէս իրականութիւն, ե՛ւ միւսներուն համար, որ զայն տեղադրեցին Սեւրի դաշնագրով գծուած հայկական պատմական հողատարածքներու վերադարձին ու միջազգային իրաւունքի հասկացողութեամբ գերիշխան պետութեան ստեղծման նպատակին մէջ: Սխալ չէ 20-րդ դարու հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ նորութիւն հանդիսացած երկրորդ երեւոյթը` արտասահմանեան հայութիւնը սփիւռք հասկացողութեամբ սահմանումը կապել հայրենիքին ու պետականութեան: Այլ խօսքով, հայութեան փրկութիւնը որպէս ազգային հաւաքականութիւն տեսնել հողահաւաքի եւ հայահաւաքի, հայրենադարձութեա՛ն տրամաբանութեան մէջ, անկախ թէ գաղափարախօսական ո՛ր ակնոցով կը դիտուէր կամ գործնականին մէջ ինչպէ՛ս կ՛արտայայտուէր այն:
Զանց առնելով սփիւռքեան քաղաքական հոլովոյթին, արցախեան շարժումին ծնունդ տուած խանդավառութեան եւ հայ անկախ պետականութեան անցնող քսաներկու տարիներու մասին այլապէս անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնը, հայութեան գոյավիճակը այսօր, բաղդատած հարիւր տարի առաջուան կացութեան հետ, կը յատկանշուի անկախ պետականութեան եւ սփիւռքի երեւոյթներով, անոնց անմիջական ապագայի հարցադրումներով եւ երկու երեւոյթները իրարու առնչող հայրենադարձութեան մարտահրաւէրով: Այսինքն ե՛ւ անկախ պետականութիւնը, ե՛ւ սփիւռքը իրենց գոյութեան շարունակման յատուկ հարցեր ունին:
…Եթէ 2014-ը միջազգային համակարգի ձեւաւորման իմաստով դարափոխութիւն կը նշանակէ, ապա եւ հայ անկախ պետականութեան համար գլխաւոր հարցը կը մնայ Ռուսիոյ նախաձեռնած Եւրասիական համարկումի ծրագրին բնոյթը երկու իմաստով: Առաջին` Եւրասիական համարկումի ծրագիրը Ռուսիոյ համար տարածաշրջանային իր ազդեցութեան գօտին կառուցային իմաստով ամրապնդելու փորձ է, որ կրնայ դիտուիլ որպէս Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) աւելի զարգացած կամ բնորդ, միեւնոյն ժամանակ` հասկցուիլ որպէս ռուսական ծաւալապաշտութեան նոր հանգրուան: Պէտք է ընդգծել, որ Փութինի այս նախաձեռնութիւնը ո՛չ ցարական կայսրութեան նոր տարբերակ մը պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ Խորհրդային Միութեան վերակազմաւորումը, այն իմաստով, որ համարկումի գործընթացը տեղի կ՛ունենայ միջազգային իրաւունքով գերիշխան ճանչցուած պետութիւններու մասնակցութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ո՞վ կրնայ կասկածի տակ առնել, որ միջազգային իրաւունքի կողքին եւ թերեւս անկէ աւելի կը կշռէ պետութիւններու ուժային յարաբերութիւններու համակարգը: Այս իմաստով, Եւրասիական համարկումի ծրագիրը դրամատիրական Ռուսիոյ, կամ ռուսական դրամագլուխի, ծաւալապաշտական ծրագիրն է նաեւ: Մէկ կողմ ձգելով այն հիմնական հարցումը, թէ մինչեւ ե՞րբ ռուսական դրամատիրութիւնը կրնայ պահել տնտեսութեան զարգացման ներկայ մակարդակը, կամ` ե՞րբ հարստութեան այս անհաւասար բաշխումին պատճառով յառաջացած եւ հետզհետէ սրող ընկերային բեւեռացումը ռուսական հասարակութենէն ներս պայթունավտանգ աստիճանի պիտի հասնի, յստակ է, որ Հայաստանի համար ռուսական պարտադրանքով դէպի Եւրոպական Միութիւն կատարուած քայլերուն յանկարծական լքումը եւ Մաքսային միութեան համաձայնագրի ստորագրումը սեպտեմբեր 3, 2013-ին արդիւնք է երկու կախուածութիւններու` զինուորական եւ դրամատիրական: Առաջինին մասին արդէն շատ խօսուած է եւ աւելորդ է այդ էջը կրկին բանալ: Կը մնայ միայն նշել, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը այնպէս ալ չյաջողեցաւ Մոսկուային արժեւորել տալ Կովկասի մէջ իր միակ ռազմական դաշնակիցին կարեւորութիւնը…
Երկրորդ կախուածութիւնը, որ, ի դէպ, ընդհանրապէս կ՛անտեսուի որպէս թապու, աւելի վտանգաւոր է եւ, թերեւս, շատ աւելի լաւ կը բացատրէ հայրենի իշխանութիւններու անկարողութիւնը իրենց ռուս գործընկերներուն դէմ: Քանի որ Հայաստան, որպէս սուրբգրային ճշմարտութիւն ընդունած է ազատ շուկայականութիւնը որպէս տնտեսական քաղաքականութեան վարդապետութիւն, ռուսական դրամագլուխէն հայաստանեան կախուածութեան ախտաճանաչումը որպէս սկզբունք ընդհանրապէս կ՛անտեսուի: Բայց իրողութիւնը այն է, որ Հայաստանի տնտեսական անցումը դէպի շուկայական համակարգ եղաւ ազատականացման եւ սեփականաշնորհման պիտակներով կատարուած ալան-թալանի ճամբով եւ ծնունդ տուաւ երկիրը «քաունթրի քլապ»-ի վերածած բուռ մը սակաւապետներու, որոնք գրեթէ նոյնացած են պետութեան հետ` ի դէմս պետական ամենաբարձր պաշտօններ վարած անձնաւորութիւններու, որոնք պիզնըսմենի վերածուած են, կամ` պիզնըսմեններու, որոնք երեսփոխան եւ նախարար եղած են: Գաղտնիք չէ, որ հիմնականօրէն ֆինանսներու հոսքով յատկանշուած հայրենի տնտեսութեան մէջ ռուսական դրամագլուխին ներթափանցումը գրեթէ բացարձակ է եւ այդ մէկը` հայ սակաւապետներուն մասնակցութեամբ: Այլ խօսքով, Մաքսային միութեան Հայաստանի մասնակցութիւնը ներկայ իրավիճակով պիտի ծառայէ հայաստանեան մեծ դրամագլուխի շահերուն, միշտ աւելի հարստանալու հետամուտ շահագործողներու այդ դասակարգը աւելի պիտի յղփանայ, եւ, շնականօրէն, նոյնիսկ դրական պիտի համարէ, որ Հայաստանի մէջ աշխատանք չգտնող զանգուածային հատուածը փոխանակ բողոքելու` պիտի նախընտրէ փրթիները հաւաքել եւ խոպան երթալ…
Մաքսային միութեան համաձայնագրի ստորագրութեան յաջորդած դժգոհութեանց ալիքը եւ անոր բանական բացատրութեան փորձերը ընդհանրապէս իրարու հակադրեցին դէպի Եւրոպա կամ դէպի Ռուսիա գործընթացներու այլընտրանքը: Հայաստան որպէս գերիշխան պետութիւն կրնար ընտրել մէկը կամ միւսը, եւ այնքան ալ կարեւոր չէ Եւրոպա թէ Ռուսիա պրենտներէն մէկուն ընտրութիւնը որքան այլընտրանքը կատարելու կոչուած երկրի ազգային շահերը: Հիմնականը այդ ազգային շահերու սահմանումն է: Հայաստանի պարագային, երկիրը գնած սակաւապետներուն ամբողջ ճիգը ազգային շահերը իրենց շահերուն հետ նոյնացնելու կը ձգտի, եւ քանի որ անցնող տասը տարիներուն այդ դասակարգը կրցաւ ժողովրդավարութեան խաղին ընդմէջէն ստեղծել համակարգ մը, որ ընտրութենէ ընտրութիւն ինքզինք կը վերարտադրէ, կրնայ նաեւ պետութիւնը օգտագործել իր շահերու պաշտպանութեան համար: Հետեւաբար, թէկուզ եւ Հայաստանի ընդգրկումը Եւրասիական համարկման ծրագրի մէջ հաստատ կը թուի, իր ազգային շահերու պաշտպանութիւնը հիմնականին մէջ կախում պիտի ունենայ ներքաղաքական մարտահրաւէրէն. որքանո՞վ կարելի պիտի ըլլայ պետական համակարգը դուրս բերել սակաւապետներու ճիրաններէն եւ ապահովել հասարակութեան լայն մասնակցութիւնը ոչ միայն քաղաքական այլ նաեւ ու մանաւանդ տնտեսական, այսինքն` հարստութեան վերաբաշխումի, որոշումներու կայացման գործընթացներուն: Միայն այդ ձեւով կարելի է որոշել Եւրասիական համարկումի Հայաստանի մասնակցութեան չափանիշին եւ գործընթացը դնել Հայաստանի ու հայութեան զարգացման ծառայութեան եւ ոչ թէ վերածուիլ ռուսական մեծ դրամագլուխի եւ անոր ճամբով իրականացող նոր կայսերական ծաւալումի մէկ խաղաքարտին:
Նախքան այս նոր դարափոխութեան շեմին սփիւռքի գոյապայքարի հիմնահարցերուն անդրադառնալը լուսարձակի տակ առնենք հայրենադարձութեան յղացքը այնպէս ինչպէս տրամաբանեցինք աւելի վեր: Հայաստանի մեծ դրամագլուխը, այսինքն` սակաւապետները, որուն կազմաւորման քաղաքական եւ գաղափարախօսական հիմերը դրաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած ՀՀՇ-ն, իր լրումին հասցուց Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանակարգը եւ ամրագրեց Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական միակուսակցականապետութիւնը, երբեք այնքան ալ չէ մտահոգուած հայրենադարձութեամբ: Այնպէս, ինչպէս երբեք ռիսքը չէ առած ներդրումներ կատարելու Արցախի թէ ազատագրուած հողատարածքներու վերաբնակեցման համար: Աւելի՛ն. այդ դրամագլուխին շատ աւելի ծանօթ են հեռաւոր Քայման կղզիները, քան ըսենք` Լաչինը: Լեւոն Տէր Պետրոսեան «նարինջ ուտող» սփիւռքցիներուն առջեւ հայրենի անցումի գործընթացին մասնակցելու ամէն դուռ փակեց, ոչ միայն որովհետեւ անկախ պետականութեան զարգացման տարբեր աշխարհահայեացք ունէր, այլ նաեւ, եթէ ոչ մանաւանդ, ուզեց սեփականաշնորհուող Հայաստանը ապահովել իր անմիջական շրջապատին: Ռոպերթ Քոչարեան յանձնառութիւն առաւ քաղաքացիութեան օրէնքը փոխելու եւ սփիւռքը ներգրաւելու Հայաստանի տնտեսական գործընթացին մէջ, երբ արդէն դրամագլուխին առաջին կուտակումը ստեղծած էր դրամատիրական համակարգը: Ատով հանդերձ, օրէնքը ուշացաւ, որովհետեւ Ազգային ժողովին մէջ մեծ դրամագլուխին դրածոյ երեսփոխանները ամէն ձեւի արգելքներ կը ստեղծէին: Սերժ Սարգսեան իրականութիւն դարձուց հայրենադարձութեան ծրագիրը գործնականացնելու կոչուած կառոյցը` սփիւռքի նախարարութիւնը, որ սակայն, երբ լուրջ ճիգեր կ՛ընէ սուրիահայութիւնը Հայաստան տեղափոխելու եւ հաստատելու համար, կը բախի օդանաւային ընկերութեան գիները անխղճօրէն բարձրացնելու չվարանող հրէշներու: Մաքուր խղճով գործող ազնիւ դիւանագէտներ եւ ազգայիններ տարիներու աշխատանք կը տանին, որպէսզի համաշխարհային վարկ ունեցող ձեռնարկութիւններ հարիւրաւոր միլիոններու ներդրում ընեն Հայաստան եւ մեծ դրամագլուխը կ՛աշխուժանայ պետական միջոցներու չարաշահումով` հայրենի շուկային մէջ անոնց մրցունակ զարգացման տարածութիւնները փակելու համար: Մէկ խօսքով, հայրենադարձութեան ծրագիրը կայ, անոր գիտակից են քիչ թէ շատ պետական մտածողութիւն ունեցողները, սակայն մեծ դրամագլուխը թոյլ չի տար, որ այդ ծրագիրը լիովին իրագործուի: Այս վերջինը կը նշանակէ նախ եւ առաջ ունենալ երկիր մը, որ քաշողական ըլլայ ընկերային եւ տնտեսական զարգացման, ապագայ սերունդներուն կենսամակարդակի բարելաւման յոյս ներշնչելու իմաստով: Եւ ատոր համար հարստութեան վերաբաշխումի նուազագոյն հաւասարութիւն մը անհրաժեշտ է, ընկերային արդարութեան զգայնութիւն եւ հանրային առողջապահութեան, կրթութեան եւ թոշակներու գործող համակարգ: Հայաստանի քաղաքական համակարգը այսօր աւելի մօտ է աւատապետութեան, ուր ընկերային քաղաքականութիւնը նոյնացած է սակաւապետներու բարեգործական ցանկութիւններուն հետ եւ լաւագոյն ապագային` երաշխիքը կը բանաձեւուի հայրենասիրական ճառերով:
Այս իմաստով, թերեւս հետաքրքրական է դիտել տալ, որ սփիւռքէն կամաւոր հայրենադարձութիւնը չէ եղած այն համայնքներէն, ուր ըլլալու կամ չըլլալու վտանգ կայ, ոչ ալ` կենսամակարդակի բարելաւման հեռանկարով: Ընդհակառակը, կամաւոր հայրենադարձութեան յաջողակ երեւոյթները կու գան ընդհանրապէս քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս իրենց գտնուած երկիրներու մէջ լաւապէս համարկուած համայնքներէ եւ հիմնականօրէն` գաղափարական համոզումներով:
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք Հայաստան ապաստանողներու երեւոյթը 2013-ին անկիւնադարձայի՞ն է այս իմաստով: Այսինքն Հայաստան պատրա՞ստ է գոյութենական հարց դիմագրաւող համայնքի մը տեղափոխման եւ տեղաւորման մարտահրաւէրին: Հարցումը հիմնական է, որովհետեւ 2014-ը կրնայ որոշիչ ըլլալ նաեւ սուրիական տագնապի հանգուցալուծման համար: Հետեւաբար, ենթադրելով լաւագոյն ելքը` խաղաղութեան բանակցութիւններու յաջող ընթացք եւ պատերազմի աւարտ, պէ՞տք է սուրիահայ համայնքի զանգուածային հայրենադարձի ծրագիր պատրաստել եւ իրականացնել, թէ՞ այն փորձառութիւնը, որուն մէջ ինքզինք պատուով փաստեց սփիւռքի նախարարութիւնը, իր աւարտին կը հասնի եւ համայնքը կը վերադառնայ իր նոր առօրեային: Անշուշտ չենք գիտեր, թէ համայնքին տրամադրուածութիւնը ընդհանրապէս ինչ կրնայ ըլլալ նման առաջարկի մը դէմ յանդիման, բայց երեւի իրապաշտ է ենթադրել, որ շատերը պիտի չուզեն լքել իրենց տուները, ինչ որ առաւել հասկնալի է հալէպահայութեան պարագային: Սակայն սխալ պիտի ըլլայ ձեռք բերուած այս մեծ փորձառութեան հիման վրայ առաջ չերթալ եւ հայրենադարձութեան ծրագիրը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու ձեւերու մասին չմտածել…մէկ խօսքով, սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ սուրիահայերու հայրենադարձութեան փորձառութենէն մեկնած` կառուցել հայրենադարձութեան տրամադիր ամէն սփիւռքահայու հայրենիք տեղափոխման ու հաստատման գործընթացը դիւրացնող մեքանիզմ:
Ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլայ սուրիական տագնապին զարգացումը 2014-ին, սփիւռքի գոյատեւման օրակարգին վրայ ամենահիմնական հարցը սուրիահայութեան, եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան, տարածաշրջանային քաղաքական համարկումի մարտահրաւէրն է հետեւեալ տրամաբանութեամբ. 2011-էն ի վեր արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընկերային ըմբոստութիւններն ու անոնց տարբեր զարգացումները ամբողջ տարածաշրջանը աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու շեմին դրած են: Ա. Համաշխարհային պատերազմին Սայքս-Փիքօ համաձայնութեամբ ստեղծուած սահմանները թուլացած են. քրտական տարբեր շրջաններու իրողական անկախութիւնը, ազգ-պետութիւն հասկացողութեան անվաւերականութիւնը, արաբական ազգայնութեան վերջնական ձախողութիւնը եւ, մասնաւորաբար, ներիսլամական պառակտումը` սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ, կրնայ մինչեւ իսկ կառավարման նոր կառուցաձեւերու փնտռտուքը հրամայական դարձնել: Սուրիական տագնապը երեւան հանեց քանի մը ճշմարտութիւն: Առաջին` արաբական ազգային ոչ մէկ ծրագիր կրցած է յաջողիլ կրօնա-յարանուանական ինքնութիւնները գերազանցող պետական համակարգ ստեղծել: Ի՛նչ ալ ըլլայ իշխող ուժին գաղափարախօսութիւնը, պետական համակարգը չէ, որ հասարակութիւնը ներթափանցած է, այլ կրօնա-յարանուանական ինքնութիւններն են, որ թափանցած են պետական համակարգերը եւ զանոնք` իրենց շահերուն ծառայութեան դրած: Այս ձախողութեան հիմնական պատճառը ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ տարրական ազատութիւններու բացակայութիւնն է: Պետական ամբողջատիրական համակարգերու բարեկարգչական խոստումները երբեք չեն իրագործուիր, եւ երբ տնտեսական ազատականացումները հասարակութեան տարբեր խաւերուն զարգացման առիթ կը ստեղծեն ամէնէն աւելի հարստացողները միշտ կ՛ըլլան պետական համակարգին տիրապետող հատուածները: Երկրորդ` մինչ արաբական երկիրներու մէջ ըմբոստութիւններուն հիմնական պատճառը ընկերային անարդարութիւններն ու ժողովրդավարութեան բացակայութիւնն էր, ամբողջատիրական վարչակարգերու այլընտրանքը սիւննի արմատականութիւնն է, որուն ամենավայրագ երեսը երեւան ելաւ, Աֆղանիստանէն ու Չեչենիայէն ետք, Մալիի, Լիպիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի որոշ շրջաններուն մէջ: Երեւոյթը իւրայատուկ է, ինքնիրմով կը զարգանայ, բայց նաեւ կը վայելէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ նման երկիրներու ուղղակի թէ անուղղակի աջակցութիւնը: Սիւննի արմատականութեան այլընտրանքէ այսպէս կոչուած «Իսլամական ժողովրդավարութիւնը» չէ, ինչպէս «թրքական բնորդ»-ը կը քարոզէ: Իսլամական օրէնքը, ամբողջութեամբ թէ մասամբ, սահմանադրութեամբ ամրագրելու ծրագրային դրոյթները պատճառ հանդիսացան, որ Թունուզի եւ Եգիպտոսի նման երկիրներու մէջ, ուր «իսլամական ժողովրդավարութիւնը» փորձարկուեցաւ հասարակութեան ե՛ւ աշխարհական խաւերը, ե՛ւ մանաւանդ ոչ իսլամ հատուածները ընդդիմանան` ընդհուպ մինչեւ զինուորականներու վերադարձին զօրակցելով: Երրորդ` սիւննի արմատականութեան այս երեւոյթին յարձակողապաշտ արտայայտումը գոյութենական վտանգ կը ստեղծէ տարածաշրջանի ամենահին եւ ամենաանպաշտպան բնակիչներուն` քրիստոնեայ համայնքներուն: Իր բոլոր թերութիւններով, լիբանանեան յարանուանական ժողովրդավարութեան համակարգը գէթ տեսականօրէն կրօնա-յարանուանական գոյակցութեան միակ երաշխիքը կը թուի ըլլալ ցարդ: Հետեւաբար, որքան ալ որ վերացական թուի, լիբանանեան համակարգը միակն է, որ կրնայ բնորդ ըլլալ տարածաշրջանային կառավարման նոր բնորդներու: Բայց այդ մէկը կախում ունի հիմնականօրէն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ինքնակազմակերպման կարողութենէն եւ տարածաշրջանային ցանցի յառաջացման կարողութենէն: Այս ուղղութեամբ է, որ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, որուն կարգին անշուշտ` սուրիահայութիւնը, սփիւռքեան իր գոյատեւման անմիջական ապագան պէտք է որոշէ:
Սփիւռքի գոյատեւման օրակարգին է անշուշտ այն, ինչ որ ընթացիկ դարձած է կոչել «նոր սփիւռք»-ի տարբերութիւն «դասական սփիւռք»-ին, եւ անով կը հասկցուի Հայաստան կամաւոր կերպով եւ տնտեսական պատճառներով հիմնականօրէն Ռուսիա գաղթած հայութիւնը, թիւով գրեթէ այնքան, որքան Հայաստանի բնակչութիւնը…Անոնց կազմակերպման եւ քաղաքական աշխուժացման հիմնախնդիրը հրամայական է անշուշտ բազմաթիւ պատճառներով, որոնց շարքին պէտք է դասել նաեւ Եւրասիական համարկումի ծրագրի իրականացման պարագային Մոսկուայի մէջ ազդեցութիւն ձեռք բերելու իմաստով (եթէ նման բան թոյլ կու տայ ռուսական քաղաքական համակարգը…) Մոսկուայի մէջ քաղաքական ազդեցութեան ձեռքբերման, քաղաքական գործունէութեան, կամ այսպէս կոչուած «լոպիստական» գործ տանելու ի՞նչ դասեր կարելի է քաղել խորհրդային տարիներու փորձառութենէն: Թերեւս արժէ նման ուսումնասիրութիւն մը կատարել եւ բաղդատել խորհրդային այլ ժողովուրդներու փորձառութեան, ըսենք` Միկոյեան եւ Ալիեւ, ապա խորհրդածել այսօրուան իրավիճակին մասին: Կը մնայ, որ հացի խնդրով Հայաստանէն Ռուսիա գաղթողներուն մեծամասնութիւնը այսօր կը մտածէ ամէնէն աւելի ռուսական քաղաքացիութեան ձեռքբերման եւ յետոյ Փութինի յաւերժական ընտրութեան, քան ինքնակազմակերպումի մասին: Այպանելի չեն բնաւ: Այս «նոր սփիւռք»-ի կազմակերպման խնդիրը օրակարգի վրայ դնելով հանդերձ, արդար չէ՞ հարց տալ, թէ ի՞նչ կարելի է ընել, որ նման հարց օրակարգի վրայ ընդհանրապէս չըլլայ, կամ` ինչո՞ւ հայրենադարձութիւնը հոնկէ չսկսիլ…
(Վերջ)

