«ՖԻՖԱ»-ն Եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կրնան Որակազրկել Ուքրանիան

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ ներկայացուցիչը նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ «ՖԻՖԱ»-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կրնան իրենց դէմ պատժամիջոցներու դիմել` նկատի ունենալով, որ քաղաքական հարցերուն միջամտութիւն ունեցաւ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:

Նախորդ շաբաթավերջին փորձ մը կատարուեցաւ գրաւելու Քիեւի մէջ գտնուող Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին` միեւնոյն ժամանակ ալ փորձելով պահանջել անոր նախագահին` Նաթալի Քոնքովի հրաժարականը:

 

Share this Article
CATEGORIES