Արթուր Միրանեան Պիտի Ներկայացնէ Հայաստանը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը նշեց, որ Շախտիոր Տոնեցքի երիտասարդներու խումբին մաս կազմող Արթուր Միրանեան, որ նախապէս մաս կազմած է Ուքրանիոյ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին, որոշած է ներկայացնել Հայաստանը:
«Շնորհակալութիւն Ուքրանիոյ` անոր հետ իմ անցուցած ժամանակիս համար: Սակայն, այժմ որոշած եմ ներկայացնել իմ հայրենիքս` Հայաստանը», ըսած է ան:
18 տարեկան Միրանեան, որ Շախտիորի մարզադպրոցի սան է, վերջին շրջանին կանոնաւոր կերպով կը հրաւիրուէր Ուքրանիոյ պատանիներու հաւաքականներ եւ արդիւնաւէտ ներկայացումներ կ՛ունենար:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէր համոզել Միրանեանը, որ միանայ Հայաստանի տարիքային տարբեր հաւաքականներուն:
CATEGORIES Մարզական

