Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Տեղի Ունեցան Ա. Հանգրուանի Մրցումները

PROFOTO
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին նախորդ շաբաթավերջին «Փիթ Սթափ» վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները:
14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (20 լեփ), առաջին դիրքը գրաւեց Քրիսթոֆըր Նըժէյմ (14′ 24″ 108), իսկ 15 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (22 լեփ) առաջին դիրքը գրաւեց Մաթիաս Նըժէյմ (15′ 46″ 774):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն, վազքուղիին սեփականատիրոջ` Ժան – Մարք Ռըզքի, մասնակցողներու ծնողներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ այս մարզով հետաքրքրուած բազմաթիւ ներկաներու:
CATEGORIES Մարզական

