ԸՍՏ ՀԱՅՐԵՆԻ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՓՈԽՈՒԱԾ Է, ԻՍԿ ԱԽՈՐԺԱԿԸ` ՄԵԾՑԱԾ

Մեսրոպեան եւ Զոլեան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Կառավարման հարցերու մասնագէտ Յարութիւն Մեսրոպեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, թէ Օպամա, Մետվետեւ եւ միւսները ի՞նչ յայտարարութիւններ կ՛ընեն արցախեան հիմնախնդիրին եւ եռանախագահներու քազանեան հանդիպման մասին եւ թէ արդեօք այդ յայտարարութիւնները յուսադրո՞ղ են կամ ոչ, կարեւորը այն է, որ մէկ բան տեսանելի է` պատերազմին յաղթած կողմէն կը պահանջեն հողեր յանձնել պատերազմին սկսած եւ պարտուած կողմին:

Ըստ մասնագէտին, միջազգային իրաւունքին համաձայն, պատերազմի սկսիլը յանցագործութիւն է, իսկ ո՞ւր է Ազրպէյճանին պատիժը:

Ան նշեց, որ հակառակ այն փաստին, որ հայկական կողմը կը յայտարարէ խնդիրը միայն խաղաղ ճամբով լուծելու մասին, Ազրպէյճան չի հրաժարիր իր նուաճողական քաղաքականութենէն: Թերեւս անոր վառ ապացոյցը նախանցեալ օր ազրպէյճանական բանակի զօրահանդէսին ժամանակ Ալիեւի ելոյթն էր:

Քաղաքագէտ Սուրէն Զոլեան նշեց, որ Ալիեւի ելոյթը վկայութիւնն էր Ազրպէյճանի դիրքորոշման փոփոխութեան: Անցեալին Ազրպէյճան յոյս ունէր, թէ իր աշխարհագրական դիրքը եւ բնական պաշարները (քարիւղ, կազ) բաւարար գործօններ են, որպէսզի միջնորդները ճնշում գործադրեն հայկական կողմին վրայ` հարցը հանգրուանային կերպով ի նպաստ իրեն լուծելու համար. այսինքն` նախ ազատագրուած տարածքները վերցնել, իսկ ետքը արդէն նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքները:

Ըստ Ս. Զոլեանի, հիմա Ազրպէյճան տեսնելով, որ իր յոյսերը չեն արդարանար, հարցին լուծումը կը տեսնէ աւելի կարծր եւ արագացուած քայլերու միջոցով: «Եթէ առաջ Ազրպէյճան հանգրուանային լուծում կ՛ուզէր, այսօր եթէ նոյնիսկ անոր ազատագրուած տարածքները տան, ապա ամբողջը պիտի ուզէ, անոր այդ հանգրուանային լուծումը չի բաւարարեր, քանի որ կը մտածէ, թէ ունի բաւարար աղբիւրներ բոլոր տարածքները պատերազմով առնելու համար», ըսաւ Ս. Զոլեան:

Share this Article
CATEGORIES