ԹՈՒՐՔ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ
Թրքական «Ռատիքալ» եւ «Թարաֆ» օրաթերթերը, ինչպէս նաեւ «Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդեն, որ Թուրք վրիժառական ջոկատը, որ անցեալին սպառնական նամակ մը յղած էր Պասքըն Օրանի, «Էվրենսել» օրաթերթին յղած է նոր նամակ մը, որուն մէջ կը պահանջէ, որ հայերը, քիւրտերը, «Ակօս» եւ «Էվրենսել» թերթերուն խմբագիրներն ու աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ կարգ մը անձեր, ինչպէս` Պասքըն Օրան, Սապահաթ Թունճել, Ահմետ Թիւրք, Էթիեն Մահճուպեան եւ Օսման Պայտեմիր մինչեւ 15 օգոստոս հեռանան Թուրքիայէն, այլապէս կազմակերպութիւնը անոնց դէմ Պոլսոյ եւ Տիարպեքիրի մէջ արիւնալի յարձակումներ պիտի գործէ:
«Էվրենսել» օրաթերթին ուղարկուած նամակին մէջ ըսուած է, որ թերթն ու անոր գործակիցները նախատական գրութիւններ կը հրատարակեն թրքական պետութեան եւ թուրքերուն դէմ: Նամակին 6 կէտերէն 3-րդը կը նշէ` «Հայկական սփիւռքն ու անոր կողմնակիցները պէտք է լքեն թրքական հողերը», իսկ 4-րդ կէտը` «Ակօս» թերթն ու անոր կողմնակից զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է փակուին եւ անոնց աշխատակիցները պէտք է լքեն թրքական հողերը»: