Երաժշտական Համերգ` Նուիրուած Հայ Վարժարանի Վերելքին (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)

Հ. Պ.   

aved-(1)-16022014Որքա՜ն տպաւորիչ եւ հոգեպարար է այն պահը, երբ բարեմիտ եւ նախանձախնդիր մօտեցումով խումբ մը արուեստի նուիրեալներ յանձն կ՛առնեն մատուցել երաժշտական համերգ մը` յանուն հայ վարժարանի բարգաւաճման ու վերելքին:

Աւելի՛ն. կրկնակի իմաստ կը պարփակէ այն աշխատանքը, երբ նոյնինքն տուեալ վարժարանի աշակերտ, շրջանաւարտ, ուսուցիչ թէ բարեկամ համախմբուած նուիրական նպատակի մը շուրջ, գիտակից ու արհեստավարժի հասկացողութենէ թելադրուած, արուեստասէր հանրութեան կը ներկայացնեն հոգեւոր եւ դասական երգերու փունջ մը, այլապէս ստեղծելով հոգեթով գեղեցկութեամբ պարուրուած հայաշունչ մթնոլորտ:

Նման պահեր պարգեւող երաժշտական երեկոն տեղի ունեցաւ կիրակի, 16 փետրուար  2014-ին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Համերգին մենակատարն էր դասական երգերու մեկնաբան, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհի եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի երգի ուսուցչուհի Շողիկ Թորոսեան, որուն կ՛ընկերակցէին դաշնակի վրայ`  Յասմիկ Գասպարեան եւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նուագախումբը:

Յայտագիրի առաջին բաժինով Շողիկ Թորոսեան ջերմեռանդ հոգեկանութեամբ եւ երաժշտական երկիւղածութեամբ մեկնաբանեց հոգեւոր երգերու փունջ մը` «Փառք տանք», «Ծունկի կու գամ», «Սաղմոս 19», «Հաւատքի նետեր», «Ճնճղուկներն կը հսկեն», որով կրցաւ համակել ներկաներուն ներաշխարհը եւ արժանանալ բոլորին ջերմ գնահատանքին եւ ծափահարութեան:

Խնամքով պատրաստուած յայտագիրի երկրորդ բաժինը ունէր երաժշտական տարբեր երանգ:

aved-(2)-16022014Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` շնորհիւ իր ձայնային իւրայատկութեան, արհեստավարժի ունակութիւններուն կրցաւ թափանցել իւրաքանչիւր յօրինողի ստեղծագործական աշխարհը եւ լոյսին բերել դասական երաժշտութեան գոհարներ:

Փաստօրէն, յուզաթաթաւ երաժշտական նրբերանգով հնչեցին  Ճ. Քասսինիի «Աւէ Մարիա»-ն, Կոմիտասի «Չինար եմ», «Ես սարէն կու գայի», Բ. Կանաչեանի «Օրօր», «Պըճինկօ», Հ. Պէրպէրեանի «Անոր», Ուեպըրի «Մեմըրի»,  Տը Քըրթըսի «Թորնա Սըրենթօ» եւ Գ. Երանեանի «Կիլիկիա»-ն, զոր արուեստասէր հասարակութիւնը ունկնդրեց յոտնկայս:

Յատկանշական էր նաեւ նուագախումբի անդամներու` Շահան  Քիլաղպեան (երգեհոն), Արէն Տէյիրմենճեան (դաշնակ), Յակոբ Հարֆուշեան (պէյս կիթառ), պատուելի Էլիաս Ժապուր (տրամս) եւ Լոռի Պիլալեան (սրինգ) հարազատ, ներդաշնակ եւ կատարողական մատուցումը, որ իր կարգին նպաստեց համերգի յաւելեալ յաջողութեան:

Ի խորոց սրտէ գնահատելէ ետք նախաձեռնութիւնը, որ կը նպատակադրէր սատար կանգնիլ վարժարանի առաքելութեան: Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային առողջ ըմբռնումի այն ջերմ ու վաւերական արտայայտութեան վրայ, որով յագեցած էր այս երաժշտական երեկոն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայած էին յաջողութեամբ պսակելու ձեռնարկը, եւ վարժարանին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նման հպարտառիթ համերգի կայացման համար:

Աւարտին վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան համերգը փակեց օրհնութեան աղօթքով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )