Բարեկենդանը` Սուրէն Խանամիրեան Ազգ. Քոլեճին Մէջ

khanamirian-28022014Ուրբաթ, 28 փետրուարի կէսօրէ ետք, Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին մէջ կը տիրէր ուրախ մթնոլորտ: Ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ կը պատրաստուէին վայելելու աւանդութիւն դարձած Բարեկենդանի տօնը:

Մանկապարտէզի եւ Ա.-Ե. կարգի աշակերտները ծպտուած եկան դպրոց: Առաջին հերթին, անոնք ունեցան յիշատակի նկար մը: Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեան, որ դիմաւորեց դատական կազմի անդամները` վարժարանի նախկին ուսուցչուհի եւ ներկայիս Արհեստից վարժարանի տնօրէնուհի Մակի Խաչերեանը եւ շրջանաւարտներ` Մարալ Պաղչէճեան-Ղարիպեան եւ Սեդօ Պաղտասարեան: Ապա նշեց, թէ Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը առաջին անգամ, քսանհինգ տարիներ առաջ, Սուրէն Խանամիրեան Ազգային վարժարանին մէջ սկիզբ առաւ եւ մինչեւ օրս մեծ շուքով ու խանդավառութեամբ կը յիշուի ու կը տօնուի: Անկէ ետք, ներկաներուն պատրաստուած էր գեղեցիկ անակնկալ մը. Թ. կարգէն աշակերտներ ծպտուելով իբրեւ խամաճիկ եւ պուպրիկներ` ճոխացուցին մթնոլորտը: Անոնք մանուկներուն հետ խաղացին, պարեցին եւ երգեցին: Աշակերտները այնքան ուրախացան, որ չուզեցին բաժնուիլ անոնցմէ: Ապա կերան, խմեցին, պարեցին, ուսուցիչներու կողմէ պատրաստուած տարբեր խաղերով խաղացին  եւ շատ ուրախ ժամանակ անցուցին:

Խրախճանքի աւարտին ընտրուեցան իւրաքանչիւր բաժինէն (մանկապարտէզ, տարրական եւ նախակրթարան) երեք լաւագոյն ծպտուած աշակերտները: Ապա աշակերտները պայթեցուցին փուչիկներ, որոնց մէջ պահուած էին` կրկնեփուկ, շաքար եւ տուրմ: Ի վերջոյ աշակերտներուն բաժնուեցան նաեւ իրենց համար յատուկ պատրաստուած տոպրակներ, որոնց մէջ կային` կրկնեփուկ, շաքար, տուրմ եւ խաղալիք: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

khanamirian2-28022014Հանդիսութիւնը տպաւորիչ կերպով վարեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան:

Նոյն օրը, իրիկունը, Զ.-Թ. կարգի աշակերտները ունեցան երեկոյեան խրախճանք մը` ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն: Անոնք ալ ծպտուած ներկայացան: Ուսուցիչները նաեւ պատրաստած էին տարբեր խաղեր: Այս խաղերէն յատկանշական էր «Տաղանդներու բացայայտում» խաղը: Այս խաղը շատ լաւ առիթ ընծայեց աշակերտներուն` բացայայտելու իրենց տաղանդները, որովհետեւ անոնցմէ շատերը մինչեւ օրս թաքնուած էին: Անկէ ետք, Թ. կարգի աշակերտները պատրաստած էին կոկիկ յայտագիր մը: Յետոյ կերան, խմեցին, պարեցին եւ հաճելի երեկոյ մը ունեցան: Խրախճանքի աւարտին ընտրուեցան երկու լաւագոյն ծպտուած աշակերտները:

Այս օրը անպայմանօրէն յատուկ տեղ գրաւեց աշակերտներուն յուշերուն մէջ, որովհետեւ այնքան ուրախ էին, որ չզգացին ժամը, թէ ինչպէս անցաւ, եւ չուզեցին վերադառնալ իրենց տուները` իրենց առօրեայ կեանքին:

Share this Article
CATEGORIES